Ոչնչացնել Պայմանական Թշնամիի Թիրախները. Հակաօդային Պաշտպանութիւնը Կատարած Է Բարձր Մակարդակով ԱՊՀ Վարժանքներ
12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
ԱՊՀ եօթը երկիրներու Հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու միացեալ համակարգի մարտական պատրաստութեան բարձրացման միջոցառումներու շրջագիծին մէջ` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու վարժանքը: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեանը: Ըստ անոր, վարժանքը կազմակերպուեցաւ երեք փուլով` պայմանական թշնամիի օդային թիրախներու յայտնաբերում, ոչնչացում եւ մնացորդներու ոչնչացում նիւթով:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերու Հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները բաւական բարձր մակարդակով կատարած են առաջադրուած խնդիրները:
«Վարժանքին ներգրաւուած եղած են ե՛ւ օդուժէն կործանիչները, ե՛ւ զենիթահրթիռային զօրքերը, ե՛ւ թեքնիք զօրքերը: Վարժանքի ընդհանուր արդիւնքներով ստորաբաժանումները ստացած են «լաւ» գնահատական», ըսաւ Ստեփանեան:
aztagdaily.com/archives/483013