«Դեղին Բաճկոններ»-ը Վերադարձան Ֆրանսական Մեծ Քաղաքներու Փողոցներ
14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
«Դեղին Բաճկոններ» շարժումի ականաւոր դէմքերուն կոչերուն ընդառաջելով շարժումը, ամառնային հանգիստէ ետք, շաբաթ օր վերադարձաւ ֆրանսական մեծ քաղաքներու փողոցներ:
Մայրաքաղաք Փարիզի մէջ ապահովական իշխանութիւնները որոշեցին ուրբաթ օրուընէ մինչեւ շաբաթ օր ընդհանուր կարգ ու կանոնին վտանգի լոյսին տակ արգիլել «հաւաքը ոեւէ անձերու, որոնք կը պնդեն, թէ շարժումին մաս կը կազմեն:
Բողոքի ցոյցերու այս շարժումի ծնունդէն երկու տարի ետք «Դեղին բաճկոններ»-ը Մարսէյի, Թուլուզի, Լիոնի, Լիլի, Նանթի, Նիսի, Փորթոյի, Սթրազպուրկի եւ Փարիզի մէջ հաւաքներու կազմակերպումը յայտարարեցին:
Ապահովական ուժերը 256 ցուցարարներ ձերբակալեցին:
aztagdaily.com/archives/483179