Չաւուշօղլու. «Չնահանջեցինք». Թուրքիա. «Օրուչ Ռէյիս» Հետախուզական Նաւը Պիտի Շարունակէ Միջերկրականի Մէջ Իր Գործունէութիւնը»
15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը հաղորդած է, որ 13 սեպտեմբերին Միջերկրական ծովու վիճելի տարածքները լքած թրքական «Օրուչ Ռէյիս» հետախուզական նաւը թեքնիք սպասարկում ստանալէ ետք պիտի շարունակէ ծովուն մէջ իր հետախուզական աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը:
Նախարարութենէն յիշեցուցած են, որ նաւը Միջերկրական ծովուն մէջ իր աշխատանքներուն սկսած է 10 օգոստոսին:
Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ նաւուն շնորհիւ Թուրքիան բազմաթիւ երկրաբանական տուեալներ ստացած է, իսկ անիկա նաւահանգիստ վերադարձած է ամսական թեքնիք սպասարկում ստանալու համար:
Յիշեցնենք, որ թրքական իշխանութիւնները Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ ՕԹԱՆ-ի հովանաւորութեամբ բանակցութիւններէ ետք բնական հարստութիւններու որոնման «Օրուչ Ռէյիս» նաւը արեւելեան Միջերկրականի շրջանէն վերադարձուցած էին Անթալիոյ նաւահանգիստ:
Թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը շաբաթ օր հաղորդած էր, որ յունական կողմին հետ բանակցութիւններէ ետք, «Օրուչ Ռէյիս» նաւը առկախած է իր աշխատանքները այն շրջանին մէջ, ուր կը նախատեսուէր զանոնք շարունակել մինչեւ 25 սեպտեմբեր:
Օրաթերթը աւելցուցած է, որ նաւը վերադարձած է Անթալիոյ նաւահանգիստ:
Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Սթելիոս Փեցաս ողջունած էր թրքական որոնման նաւուն Անթալիոյ նաւահանգիստ վերադարձը, «եւ զայն կը նկատենք դրական զարգացում մը»:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց. «Արեւելեան Միջերկրականի մէջ չնահանջեցինք, եւ «Օրուչ Ռէյիս» նաւը նորոգումներու համար վերադարձաւ Անթալիոյ նաւահանգիստ»:
«Երկխօսութեան նախնական պայմաններ ունինք, եւ Յունաստան պէտք է անհրաժեշտ եղածը կատարէ», նշեց ան:
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութիւններու նախարար Ֆաթեհ Տէօնմեզ իր կարգին յայտարարեց, թէ «Օրուչ Ռէյիս»-ի նաւահանգիստ վերադարձը ամսական սովորական քայլ մըն է:
Ան աւելցուց, որ թրքական նաւը այդ նորոգումներէն ետք պիտի շարունակէ իր աշխատանքը:
aztagdaily.com/archives/483324