Անգարա Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ` Կիպրոսի Հարցին Մէջ Վերադառնալու Չէզոք Դիրքորոշման

Անգարա Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ` Կիպրոսի Հարցին Մէջ Վերադառնալու Չէզոք Դիրքորոշման

15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի Կիպրոս այցելութեան ընթացքին «Ամերիկան մեծապէս մտահոգ է արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ քայլերով» յայտարարութենէն եւ Կիպրոսի հետ ծովային սահմաններու անվտանգութեան պահպանման արձանագրութեան ստորագրութենէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է վերադառնան չէզոք դիրքորոշման: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա»-ն:

«Փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւնը արեւելեան Միջերկրականի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պիտի չծառայէ եւ պիտի վնասէ կիպրական հարցի լուծման», աւելցուց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղենք վերադառնալու չէզոքութեան քաղաքականութեան, զոր աւանդաբար կիրարկած է Կիպրոս կղզիի նկատմամբ, եւ նպաստելու Կիպրոսի հարցի լուծման ձգտող ջանքերուն», աւելցուց նախարարութիւնը:

Western Armenia – The Ancient Armenian City of Bitlis (Baghesh in Armenian)

aztagdaily.com/archives/483316

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail