ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. Ուաշինկթըն Խոցեց Թուրքիոյ Վարկը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. Ուաշինկթըն Խոցեց Թուրքիոյ Վարկը

15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ 12 սեպտեմբերին, իր Կիպրոս այցելութեան նախօրեակին, խօսելով արեւելեան Միջերկրականի մէջ տիրող լարուածութեան մասին, յայտնեց. «Կը յուսանք իսկական զրոյցներ ունենալ, նաեւ կը յուսանք, որ հոն գտնուող սպառազինութիւնները պիտի հեռացուին, որպէսզի այդ զրոյցները կարելի ըլլայ կայացնել»` այդպիսով Թուրքիոյ կոչ ուղղելով` իր ուժերը հեռացնելու արեւելեան Միջերկրականի շրջանէն: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ Կիպրոսի նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Ամերիկան մեծապէս մտահոգ է արեւելեան միջերկրականին մէջ Թուրքիոյ քայլերով»:

Ամերիկեան պատգամը յստակ էր: Թրքական կողմը, բնական հարստութիւններու որոնման «Օրուչ Ռէյիս» նաւը, եւ բնականաբար անոր ընկերակցող մարտանաւերը, շրջանէն հեռացնելով վերադարձուց «տուն»: Քայլ մը, որ վարկաբեկիչ էր Օսմանեան կայսրութեան փառքը վերականգնելու նպատակը հետապնդող եւ նախկին կայսրութեան տարածքին վրայ տիրութիւն ընելու Թուրքիոյ փառամոլ ու մեծամիտ իշխանութիւններուն համար, ուստի շարք մը թուրք պաշտօնատարներ այդ իրողութիւնը ծածկելու կամ առնուազն այդ վարկաբեկման տարողութիւնը մեղմացնելու փորձով մը նշեցին, թէ տեղի ունեցածը նահանջ չէ, «Օրուչ Ռէյիս»¬ը իր աշխատանքը առկախած է ժամանակաւորապէս` աւելցնելով, թէ նաւը Անթալիոյ նաւահանգիստ վերադարձած է վերանորոգութիւններու համար, որմէ ետք իր աշխատանքը պիտի շարունակէ:

Ամերիկեան կողմը Փոմփէոյի Նիկոսիա այցելութեան ընթացքին Կիպրոսի հետ ծովային սահմաններու անվտանգութեան պահպանման մարզման արձանագրութիւն ստորագրեց: Ուաշինկթըն նախքան այդ արդէն ջնջած էր 1987-էն ի վեր Կիպրոս ամերիկեան զէնքի մատակարարման գծով հաստատուած արգելքը: Յունական լրատուամիջոցներ 14 սեպտեմբերին հաղորդեցին, թէ Աթէնք եւ Ուաշինկթըն միացեալ ռազմափորձերու կը սկսին:

Ստեղծուած կացութեան մէջ, ամերիկեան յաւելեալ «հակաթուրք» քայլերէ խուսափելու համար, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի չընդունի Կիպրոսի հետ հարցին մէջ Ռուսիոյ միջնորդութիւնը, սակայն, Կիպրոսի յունական հատուածը Փոմփէոյի այցելութեան հակադարձելով եւ Անգարայի «երեսի ջուրը» պահելու յուսահատ քայլով մը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հրաւիրեց այցելելու միջազգային ընտանիքին, ներառեալ` Ռուսիոյ կողմէ չճանչցուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն:

Ուաշինկթըն Փոմփէոյի մէկ խօսքով արեւելեան Միջերկրականի մէջ Անգարայի ականջը ոլորեց` այդպիսով մեծ վնաս հասցնելով Թուրքիոյ վարկին ու անոր նոր օսմանական ձգտումներուն: Բացառուած չէ, որ թրքական կողմը քանի մը օր ետք «ըմբոստանայ»` եւ «անկարգանալով» «Օրուչ Ռէյիս»¬ին հրամայէ դարձեալ նաւարկել, կամ փորձէ շրջանի մէկ այլ վայրին մէջ ամերիկեան կողմին համար խնդիր ստեղծել, սակայն միեւնոյնն է. ամբողջ Միջին Արեւելքն ու այդտեղ գտնուող Անգարայի համակիրները տեսան, թէ Թուրքիան «սպասուած փրկիչ»¬ը չէ:

Western Armenia – The Ancient Armenian City of Bitlis (Baghesh in Armenian)

aztagdaily.com/archives/483228

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail