Նախարար Մնացականեան Հանդիպում Ունեցաւ Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ
16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն կատարած այցելութեան ծիրին մէջ 15 սեպտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Նախարար Մնացականեան նշեց, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ է` վերարժեւորելու Հայաստանի եւ Արաբական լիկային միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ ուրուագծելու զայն ընդլայնելու հեռանկարները: Երկուստեք գուհունակութեամբ ընդգծեցին հայկական համայնքներուն դերը Հայաստանի եւ արաբական աշխարհի յարաբերութիւններու ամրապնդման առումով:
Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան եւ Ահմետ Ապուլ Ղէյթ անդրադարձան Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: Երկուստեք մտահոգութիւն յայտնեցին այդ տարածաշրջաններուն մէջ սադրիչ գործողութիւններու եւ կայունութեան ու անվտանգութեան խաթարման ուղղուած գործելակերպի դրսեւորումներուն առնչութեամբ` շեշտելով տարածաշրջաններուն մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման ու ամրապնդման միտող միջազգային հանրութեան միասնական քայլերու կարեւորութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր զրուցակիցին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումն ու մօտեցումները:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ պաղեստինեան խնդիրին շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին. նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղուած ջանքերը:
aztagdaily.com/archives/483380