ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հանդիպելու Առաջարկ Ներկայացուցին
16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա), եւ Էնտրիւ Շոճըրը (Միացեալ Նահանգներ) Փարիզի մէջ 14 սեպտեմբերին աշխուժ խորհրդակցութիւններ կատարած են: Կը նշուի, որ հանդիպումին ներկայ եղած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Համանախագահները քննարկած են շրջանային իրավիճակը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ յուլիսին արձանագրուած մագլցողական յաջորդ իրադարձութիւններուն:
Համանախագահները ուշադիր քննարկած ու գնահատած են կողմերուն մասնաւոր ու հրապարակային հաղորդագրութիւնները եւ մտահոգութիւնները:
Համանախագահները ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչէն տեղեկացած են գետնի վրայ տիրող անվտանգութեան իրավիճակին մասին եւ ողջունած են հսկողութեան հոլովոյթի վերսկսման առնչուած նախապատրաստութիւնը:
Համանախագահները հեռաձայնային զրոյց ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ եւ նախարարները հրաւիրած են յառաջիկայ շաբաթներուն անձամբ հանդիպում ունենալու համանախագահներու հետ` համապատասխան դիրքորոշումներու յստակացման համար, առանց նախապայմաններու լուրջ բովանդակային բանակցութիւններուն վերսկսելու նպատակով:
aztagdaily.com/archives/483370