Անդրադարձ. Արցախը Զոհ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան Բ – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – կամ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարական

One of the current heroes of Artsakh is Albert Hovhannisyan (work by Arin Chekidjian

Անդրադարձ. Արցախը Զոհ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան Բ – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – կամ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարական պարտութիւնը արցախի դարպասներու առաջ, lousavor-avedis.org/

28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – Վերը աստուած, վարը հայկական բանակ: – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ Մաս ԱՌԱՋԻՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ռէնտ կեդրոնը այս ուսումնասիրութեան նպատակը այսպէս կը բացատրէ (1).

Ուսումնասիրութեան դրած հարցումները.

ա. Որո՞նք են Ռուսիոյ ամենամեծ մտահոգութիւնները եւ խոցելի կէտերը:

բ.  Ի՞նչ միջոցներով այս մտահոգութիւնները եւ խոցելի կէտերը կարելի է շահագործել՝ յոգնեցնելու (մաշեցնելու) համար Ռուսիան:
գ. Ի՞նչ են արժէքները եւ վտանգները իւրաքանչիւր միջոցի ընտրութեան պարագային, եւ ի՞նչ են յաջողութեան կարելիութիւնները:

1. Արցախի այժմու հերոսներէն`Ալպերթ Յովհաննիսեան (գործ՝ Արին Չէքիճեանի)

Ապա այսպէս կը բացատրէ ուսումնասիրութեան եզրակացութիւնը, «Բանալի գիւտեր» խորագիրով.

Ա. Ռուսիոյ տկարութիւնը կը կայանայ տնտեսական բնագաւառին մէջ:

  1. Ռուսիոյ մեծագոյն խոցելիութիւնը, Միացեալ Նահանգներու հետ մրցակցութեան մէջ, իր տնտեսութիւնն է, որ յարաբերաբար փոքր է եւ մեծապէս կախեալ է ուժանիւթի արտածումէն:
  2. Ռուսիոյ ղեկավարութեան մեծագոյն անձկութիւնը, մտահոգութիւնը կը կայանայ իշխանութեան կայունութեան եւ տոկունութեան մէջ:

Բ.  Ռուսիոյ վրայ ճնշելուԱմենէն խոստմնալից միջոցները ուժանիւթի արտադրութիւնն ու միջազգային ճնշումի բնագաւառներուն մէջ կը կայանան:

  1. Շարունակելով Միացեալ Նահանգներու ամէն տեսակ ուժանիւթի արտադրութիւնը, ներառեալ վերանորոգելիները, եւ քաջալերելով այլ երկիրներ նոյնը ընելու՝ առաւելագոյնին պիտի հասցնէ Ռուսիոյ վրայ ճնշումը, անոր արտածումը նուազեցնելով, որուն հետեւանքով անոր պաշտպանութեան պիւտճէն պիտի նուազի: Ասիկա այս ուսումնասիրութեան միակ գործադրելի ապահով միջոցն է:
  2. Պատժամիջոցները նաեւ կը սահմանափակեն Ռուսիոյ տնտեսական կարողականութիւնը: Ազդու ըլլալու համար սակայն, այս մէկը պէտք է բազմակողմանի ըլլայ, ներառելով նուազագոյնը Եւրոպական Միութիւնը, որ Ռուսիոյ մեծագոյն յաճախորդն է եւ մեծագոյն աղբիւրը ճարտարագիտութեան եւ դրամագլուխի, ամէն ձեւով աւելի մեծ քան Միացեալ Նահանգներունը:

Գ. Աշխարհաքաղաքական միջոցներ, որոնք խայծ կը հանդիսանան Ռուսիոյ, որ պէտք եղածէն աւելի տարածուի՝ հաւանական է, որ գործնական չըլլայ, եւ կամ կրնան երկրորդական հետեւանքներ ունենալ:

  1. Շատ մը աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ Միացեալ Նահանգներուն կը ստիպեն գործել Ռուսիոյ մերձակայ շրջաններու մէջ, ուստի Ռուսիոյ համար աւելի աժան եւ դիւրին է ազդեցութիւն ունենալ, քան Միացեալ Նահանգներուն:

Դ. Իշխանութեան կայունութիւնը խաթարելու գաղափարական միջոցները նշանակալի հակաճգնաժամային վտանգներ կը պարունակեն:

  1. Շատ մը ռազմական կարելիութիւններ, ներառեալ ուժային կեցուածքի փոփոխութիւնները եւ նոր կարողութիւններու զարգացումը, կրնան ուժեղացնել Միացեալ Նահանգներու զսպիչ կարողականութիւնը եւ հանգստացնել դաշնակիցները, սակայն միայն քիչեր հաւանական է որ յոգնեցնեն Ռուսիան, քանի որ Մոսկուան չի ձգտիր Միացեալ Նահանգներուն հետ բոլոր բնագաւառներու մէջ մրցիլ՝ հաւասարիլ:

Նախորդին մէջ նշեցինք (2), թէ տեղեկագիրին չորրորդ գլուխը կը վերաբերի աշխարհաքաղաքական այն միջոցներուն, որոնք պէտք է կիրարկուին, վերոնշեալ առաջադրանքներուն համար, որուն չորրորդ գլուխն է (էջ 115-121). «ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼ», որ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ ստորեւ:

«Վրաստանը, Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէին, եւ այժմ Ռուսիան կը շարունակէ նկատարելի կշիռ պահպանել շրջանին վրայ: Օգոստոս 2008-ին, անջատողականներու հետ խաղաղութեան համաձայնութիւնները խզուելէն ետք, Վրաստանը կարճատեւ պատերազմ սկսաւ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ՝ Վրաստանի կիսանկախ (ինքնավար) ռուսամէտ երկու նահանգներուն դէմ: Պատերազմը աղէտալի եղաւ Վրաստանի համար: Ռուսիան արագ միջամտեց եւ, ի վերջոյ, գրաւեց այս տարածաշրջանները, նոյնպէս կարճ ժամանակի համար նաեւ Վրաստանի այլ հատուածներ: Վրաստանը  14 Օգոստոս 2008-ի, Ռուսիոյ միջամտութենէն 8 օր ետք, զինադադարի պայմանագիր ստորագրեց: Սակայն, ռուսական ուժերը կը շարունակեն մնալ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ մէջ, որոնք երկուքն ալ յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը:

2. Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա եւ Վրաստան (յօդուածին քարտէսը)

«Այժմ Ռուսիան թէ՛ Հարաւային Օսեթիան, եւ թէ՛ Աբխազիան կը ճանչնայ իբրեւ անկախ երկիրներ (միայն քանի մը երկիրներէն մէկն է) եւ երաշխաւորն է անոնց պաշտպանութեան: Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան հասկացութեան մէջ կը նշուուի. «Աբխազիոյ Հանրապետութեան եւ Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան՝ իբրեւ ժամանակակից ժողովրդավարական պետութիւններ կայացումին օժանդակելը, անոնց միջազգային դիրքերուն ամրապնդումը, եւ անվտանգութեան ու ընկերային-տնտեսական վերականգնումի ապահովումը Ռուսաստանի համար կը շարունակէ մնալ առաջնահերթ հարց»:

«Ռուսիան նաեւ գործօն ներկայութիւն է շրջանին մէջ: Սեպտեմբեր 2016-ին ռուս 4000 զօրք մասնակցեցաւ Հարաւային Օսեթիոյ զօրավարժութիւններուն: 25 յունուար 2018-ին Ռուսիոյ խորհրդարանը հաստատեց ռազմական համաձայնագիր, որ կ՛արտօնէ «Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան զինուած ուժերու առանձին ստորաբաժանումներուն ընդգրկումը Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերուն մէջ»:

«Ռուսիան նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ, յատկապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածքի հարցին մէջ: Ազգութեամբ հայկական, սակայն աշխարհագրականօրէն Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող, Լեռնային Ղարաբաղի դիմումը՝ Խորհրդային Միութեան վերջին տարիներուն, միանալու Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան, մերժուեցաւ Խորհրդային Միութեան կողմէ, անջատողական այլ շարժումներ չքաջալերելու պատճառով (ոչ թէ անօրինական ըլլալուն պատճառով): 1992-ին՝ Խորհրդային Միութեան կազմալուծումէն ետք, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հռչակեցին անկախութիւն եւ պատերազմ սկսան այս միջերկրին (Արցախ) համար: Պատերազմը աւարտեցաւ (հայերու յաղթանակով) եւ հայկական ուժերը վերահսկողութեան տակ առին Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարակից որոշ նահանգներ, իսկ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ զինադադար հաստատուեցաւ մայիս 1994-ին: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը երբեք խաղաղութեան վերջնական համաձայնութեան չեկան եւ զինեալ բախումները ցարդ կը շարունակուին: (Այստեղ չեն նշած ազերիներուն կողմէ հայերուն ցեղային մաքրագործումը, եւ անկախութեան հռչակումը խորհրդային օրէնքով օրինական ըլլալը):

«Միացեալ Նահանգները երկու միջոցով կրնան Ռուսիան մաշեցնել Կովկասի մէջ: Առաջին՝ Միացեալ Նահանգները կրնան Վրաստանն ու Ազրպէյճանը մղել Օթանին հետ աւելի սերտ գործակցութեան, որ հաւանաբար պատճառէ աւելի մեծ զինուորական ներկայութիւն Հարաւային Օսեթիոյ, Աբխազիոյ, Հայաստանի եւ հարաւային Ռուսիոյ մէջ:

«Փոխընտրաբար, Միացեալ Նահանգները կրնան մղել Հայաստանը, որ խզուի Ռուսիայէն: Թէեւ երկար տարիներու Ռուսիոյ գործընկեր, Հայաստանը կապեր հաստատած է Արեւմուտքին հետ՝ ան ջոկատներ կը տրամադրէ Օթանի ղեկավարած գործողութիւններուն Աֆղանիստանի մէջ, եւ անդամ է Օթանի Ընկերակցութիւն Խաղաղութեան խումբին ու վերջերս համաձայնեցաւ Եւրոպական միութեան հետ քաղաքական յարաբերութիւնները ամրապնդել: Միացեալ Նահանգները կրնայ քաջալերել Հայաստանը, որ լրիւ կերպով մտնէ Օթանի ծիրին մէջ: Եթէ Միացեալ Նահանգները յաջողին այս քաղաքականութեան մէջ, Ռուսիան պիտի ստիպուի քաշուիլ Գիւմրիի ռազմակայանէն, եւ Երեւանի մօտ ռազմական օդային խարիսխէն (այժմ վարձուած մինչեւ 2044), եւ յատկացնէ աւելի մեծ ռազմական միջոցներ իր Հարաւային Ռազմական Գօտիին մէջ:

«Միացեալ Նահանգները կրնայ նաեւ վերաշխուժացնել ճիգերը՝ Վրաստանը Օթանին միացնելու: Վրաստանը երկար ժամանակէ կը ձգտի անդամակցիլ Օթանին՝ 1992-ին ան միացաւ Հիւսիսային Ատլանտեանի Գործակցութեան Խորհուրդին, անկախութենէն կարճ ժամանակ ետք եւ 1994-ին Ընկերակցութիւն Խաղաղութեան ծրագիրին միացաւ: Տեսականօրէն Դաշնակիցները (Օթանը) Վրաստանը դրին անդամակցութեան ուղիին մէջ, սակայն 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմը անորոշ ժամանակով ընթացքը կասեցուց: Վրաստանը սակայն, Օթանի միանալու տենչէն բնաւ չէ հրաժարած, մասնակցելով Օթանի ծրագիրներուն Միջերկրականի, Քոսովոյի, Աֆղանիստանի մէջ եւ այլուր: Եթէ Եւրոպական կողմը արգելք կը հանդիսանայ Վրաստանի Օթանին միանալու՝ Միացեալ Նահանգները կրնայ երկկողմանի ապահովական կապեր հաստատել:
«Միացեալ Նահանգները նոյնը կրնայ ընել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համար, թէեւ երկու երկիրները նուազ հետաքրքրուած են Օթանին միանալու: Վրաստանի նման, երկու երկիրները անդամ են Ընկերակցութիւն Խաղաղութեան ծրագիրին եւ աւելի նուազ չափով մասնակցած են Օթանի գործողութիւններուն Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ:

«Օգուտները.

«Մինչ վերոնշեալին գլխաւոր նպատակը Ռուսիան յոգնեցնել է, աւելի սերտ յարաբերութիւնները Վրաստանի, Ազրպէյճանի կամ Հայաստանի հետ կրնայ կողմնակի օգուտներ շնորհել Միացեալ Նահանգներուն: Ազրպէյճանի աշխարհագրական դիրքը լաւագոյն վայրն է Իրանի դէմ հետախուզական տեղեկութիւններ լրտեսելու, նաեւ, զսպիչ գործողութիւններ կատարելումասնաւորապէս, քանի որ Իրանի քիւրտերուն մեծ մասը կեդրոնացած են Իրան-Ազրպէյճան սահմանին մերձակայքը: Աւելի սերտ յարաբերութիւններ Վրաստանի հետ, որուն մասին պահպանողական Հէրիթէյճ կազմակերպութիւնը կ՛որակէ «Ամերիկայի լաւագոյն դաշնակիցներէն մէկը» տրամադրելով մեծագոյն թիւով ջոկատներ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ, կրնայ ռազմավարական շահեր ապահովել ապագային:

«Միացեալ Նահանգներու յաւելեալ ներգրաւումը շրջանին մէջ կրնայ յաւելեալ տնտեսական օգուտներ ստեղծել: Կասպից ծովը կը մնայ բանալի արտադրողը քարիւղի եւ բնական կազի: Արդարեւ, ըստ Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութեան գնահատումին. «48 միլիառ տակառ քարիւղ եւ 292 թրիլիոն խորանարդ ոտք բնական կազ կը գտնուի Կասպից ծովու աւազանի փաստուած եւ հաւանական պահեստներուն մէջ: Գրեթէ քարիւղի պահեստին 75 եւ բնական կազին 67 տոկոսը կը գտնուին ցամաքէն 100 մղոն հեռաւորութեան վրայ»: Ազրպէյճանի հետ Աւելի սերտ քաղաքական յարաբերութիւնը, կրնայ Միացեալ Նահանգներուն, այս աղբիւրներէն ապահովել շարունակական հասանելիութիւն, թերեւս աւելի կարեւորը՝ նաեւ, ապագային՝ իր դաշնակիցներուն:

«Վտանգները.

«Ազրպէյճանը, որ բռնատիրական երկիր մըն է, որ յաճախ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն կողմէ որակուած է մարդկային իրաւունքներն ու քաղաքական ազատութիւնները ոտնակոխող երկիր՝ որեւէ հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերած աւելի սերտ յարաբերութիւններ ունենալու Արեւմուտքին կամ Ռուսիոյ հետ: Զայն այս չէզոք հանգստութենէն հեռացնելը դժուար պիտի ըլլայ:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Նակորնօ Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով՝ որեւէ մերձեցում մէկուն, պիտի թշնամացնէ միւսը: Եթէ մէկը իր ապահովութեան համար Արեւմուտքին դիմէ, միւսը հաւանաբար պիտի յարի Ռուսիոյ: Վերջապէս, շրջանին մէջ յաւելեալ ամերիկեան կամ Օթանեան յանձնարութիւններ կատարելը աւելի հաւանական է, որ մաշեցնէ Արեւմուտքին միջոցները, քան թէ Ռուսիոյ՝ այնպէս ինչպէս Պալթեան երկիրներուն պարագային, աշխարհագրութիւնը աւելի կը դժուարացնէ Արեւմուտքին՝ պաշտպանելու, քան Ռուսիոյ՝ սպառնալու: Այս երեք երկիրները զինուորապէս Ռուսիայէն տկար են, սակայն աշխարհագրականօրէն աւելի մօտ Ռուսիոյ, քան՝ Արեւմուտքին, ո՜ւր մնաց Միացեալ Նահանգներուն: Հետեւաբար, այս երկիրները աւելի հաւանական է, որ սպառողներ ըլլան Օթանի ապահովութեան, քան թէ՝ մատակարարողներ, եթէ երբեք անոնց այսպիսի երաշխաւորութիւն առաջարկուի:

«Ռուսիան այս շրջանը կը նկատէ իր աւանդական ազդեցութեան գօտին եւ զարմանալի չէ, որ մտահոգութիւններ ունենայ իր սահմանին Օթանի ուժերու ներկայութենէն: Պատմականօրէն, Ռուսիան պատրաստակամ եղած է կռուելու՝ արգիլելու համար սերտ յարաբերութիւններ Արեւմուտքի հետ: Արդարեւ, 2008-ի Ռուս-Վրացական պատերազմին նպատակն էր կասեցնել Վրաստանի փափաքը՝ միանալու Օթանին եւ վերականգնել Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտին: Օթանին կամ Միացեալ Նահանգներուն հետ վրացական յարաբերութիւններու սերտացումի հեռանկարին առջեւ, Ռուսիան կրնայ նորէն միջամտել: Այս մէկը կրնայ առաջնորդել ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական պատժամիջոցներով վնասել Ռուսիոյ, սակայն նաեւ ետադարձ մը կ՛ըլլայ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան:

Յաջողութեան հաւանականութիւնը.

«Այս նախաձեռնութիւններէն ո՛չ մէկը յաջողելու հաւանականութիւն ունի: Հաւանական է, որ լուրջ խոչընդոտներու հանդիպին Ազրպէյճանի հետ սերտ յարաբերութիւններ զարգացնելու կամ Հայաստանը շրջելու փորձերը: Վստահ ըլլալու համար, Ռուսիան աշխուժօրէն կը զօրակցի Հայաստանին, եւ Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը շարք մը դիւանագիտական եւ տնտեսական վէճեր ունեցած են, ներառեալ կասեցնել ազերի քարիւղի հոսքը Պաքու-Նովորոսիյսք խողովակաշարէն: Սակայն, Ազրպէյճանը նոյնպէս պատմականօրէն դիմած է Ռուսիոյ աջակցութեան: Արդարեւ, օգոստոս 2016-ին Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը ռազմավարական համաձայնութիւն մը կնքեցին, նպատակ ունենալով աւելցնել տնտեսական յարաբերութիւնները եւ զինուորական օժանդակութիւնը:
Վրաստանը տեսականօրէն, ապագայի Օթանի անդամակցութեան ցանկին մէջ կը գտնուի: Դժուար է տեսնել, որ այդ տեղի ունենայ, տարբեր պատճառներով, յատկապէս, քանի որ անոր տարածքին երկու հատուածները գրաւուած են Ռուսիոյ կողմէ եւ կը յաւակնին անկախ պետութիւններ ըլլալ: Իսկ Եւրոպայի մեծ պետութիւնները դէմ են անոր անդամակցութեան որեւէ կանուխ քայլի:

Որեւէ ճիգ՝ ամրապնդելու Հարաւային Կովկասի երկիրներուն Արեւմտեան թեքումը, կը կարօտի Թուրքիոյ նեցուկին, որ այս երկիրներուն դէպի արեւմուտք միակ ելքն է: Սակայն Թուրքիոյ յարաբերութիւնը Միացեալ Նահանգներուն հետ կը մնայ լաւագոյն պարագային՝ անկայուն, մասնաւորապէս 15 յուլիս 2016-ի ձախողած յեղափոխութենէն եւ Թուրքիոյ յայտարարութենէն ետք, թէ ան ձեռք պիտի բերէ ռուսական Էս-400 հակաօդային համակարգեր:

Հայաստանը նաեւ քանի մը դժկամելու պատճառներ ունի Ռուսական հովանաւորութենէն դուրս գալու: Ռուսիան տասնեակ տարիներ պաշտպանած է զայն Ազրպէյճանէն, եւ Հայաստանը կրնայ դժկամիլ հեռանալ (Ռուսիոյ) այս երկարատեւ նեցուկէն, մանաւանդ այնքան ատեն, որ Նակորնօ Ղարաբաղի վէճը չէ լուծուած: Աւելին՝ Ռուսիան արդէն իսկ Հայաստանի մեծագոյն տնտեսական գործընկերն է, եւ $500 միլիոն տոլարի ներդրում կատարած է (Հայաստանի) երկաթուղիին, ապահովելու համար առեւտրական կապը, սակայն գիծերը պէտք է անցնին Վրաստանէն, կամ Ազրպէյճանէն: Եթէ Հայաստանը փորձէ ամրացնել Արեւմուտքին հետ կապերը՝ Ռուսիան կրնայ հակադարձել պատժամիջոցներով, վտանգելով առեւտուրը:

Վերջապէս, Հայաստանի կողմէ Նակորնօ Ղարաբաղի հարցին լուծումը նախապայման է հեռանալու Ռուսիայէն, սակայն յստակ չէ, թէ՝ Միացեալ Նահանգները կամ Օթանը ինչպէ՞ս պիտի կարենան տասնեակ տարիներու այս հակամարտութիւնը լուծել, առանց նախապատուութիւն տալու մէկ կողմին եւ թշնամացնելու միւս կողմը: Օթանը քաջալերած է երկու կողմերը հակամարտութիւնը լուծելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբին կողմէ Ռուսիոյ (?) ղեկավարութեամբ:

«Եզրակացութիւն.      
«Տեսանելի ապագային Արեւմտեան դաշինքը հաւանական չէ, որ ինքզինք մաշեցնէ պաշտպանութեան յանձնարութիւններ ստանձնելով Հարաւային Կովկասի մէջ: Ամենահաւանական սահմանափակ կարելիութիւնը, կը կայանայ շրջանին մէջ Արեւմտեան տնտեսական եւ քաղաքական կապերու սերտացումին մէջ, թէեւ նոյնիսկ փոքր փոփոխութիւններ Ռուսիոյ անձկութիւն կը պատճառեն, եւ փոքր չափով անոր միջոցները կը շեղէն:» Վերջ չորրորդ գլուխին:

Մեր կարգին՝ կարելի է բազում նիւթերու կողքին, եզրակացնել հետեւեալը, մնացեալը լուսաբանութեան չկարօտիր.

  1. Ինչպէս նկատեցինք Ա. մասին մէջ (2), ուսումնասիրութեան աշխարհաքաղաքական 6 յանձնարարութիւններէն առաջին երեքը գործադրուած են արդէն ու կը շարունակուին, եւ այժմ չորրորդը տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ, որոշ չափով վարկ շնորհելով սոյն ուսումնասիրութեան:
  2. Հարաւային Կովկասի եւ Արցախի հարցը Օթանի եւ Միացեալ Նահանգներու օրակարգին վրայ եղած է, պարզապէս Ռուսիոյ նեղութիւն պատճառելու դիտանկիւնէն եւ շրջանը Օթանի ազդեցութեան գօտի բերելու մտադրութեամբ:
  3. Թրքական գործօնը, իբրեւ ոչ վստահելի դաշնակից որակուած էր ուսումնասիրութեան մէջ, սակայն այժմ ան է ազերի կողմին գլխաւոր հովանաւորը, անշուշտ սեփական օրակարգով եւ նպատակներով՝ փան-թուրանիզմ, ցեղասպանութեան շարունակութիւն, շարքը երկար է:
  4. Իրանը լրտեսելու եւ զսպիչ գործողութիւններ կատարելու եւ Իրանի հիւսիսը բնակող քիւրտ մեծամասնութիւնը Իրանի դէմ շահագործելու կարելիութիւն:
  5. Ազրպէյճանը 12 յուլիսին Հայաստանի վրայ յարձակումը արդարացուց, ազերի քարիւղի եւ կազի խողովակաշարերը պաշտպանելու պատրուակով, տես՝ «Ազրպէյճան Կը զգուշացնէ Եւրոպան, Կասպեան Ուժանիւթի Արտածումի Հաւանական Վտանգէն՝ Հայաստանի Հետ Տագնապին Հետեւանքով» (3): Ազերի Սոքար ընկերութեան պատասխանատուն յստակօրէն կ՛ըսէ «քանի որ անոնց աւարտը կը նշանակէ, որ ամբողջ միջանցքը պիտի գործէ. բան մը, որ կը նուազեցնէ Եւրոպայի կախեալ ըլլալը  ռուսական կազի մատակարարումէն»… Ճիշդ այս է արդէն այս ուսումնասիրութեան վերեւ նշուած Ա. եւ Բ. նպատակները: Այս պատերազմին նաեւ, այս պատրուակը գործածուեցաւ:

26 Հոկտեմբեր 2020
Շար. 2/2 եւ վերջ

haroutchekijian.wordpress.com

 

(1)  https://www.rand.org/pubs/research_reports/RR3063.html

(2)  http://www.aztagdaily.com/archives/487136

(3)  http://www.aztagdaily.com/archives/478351

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail