ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Երբ որ մաքրուինք փոխադարձ հայհոյանքի եւ նախատինքի կեղտաջուրերէն

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Երբ որ մաքրուինք փոխադարձ հայհոյանքի եւ նախատինքի կեղտաջուրերէն

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Երբ որ մաքրուինք փոխադարձ հայհոյանքի եւ նախատինքի կեղտաջուրերէն

Ն․ Պէրպէրեան

24 Նոյեմբեր 2020

Բարի լոյս՝ Հայաստանն ու Հայութիւնը ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ այս ՄՂՁԱՒԱՆՋէն ու ՈԼՈՐԱՊՏՈՅՏէն դուրս բերելու ելք որոնող, այլեւ ու մանաւանդ հայոց պետականութեան ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ղօղանջները բոլորին լսելի դարձնելու ԶՕՐԱՇԱՐԺԻն լծուած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅԱՎԱՐԻ ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻ եւ ՊԱՐՏՈՒՈՂԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԵՐՊՈՒՄԻ հիւանդագին մոլեգնութեանց դէմ համացանցի եւ դիմատետրի հայկական լուսամուտները պինդ փակող մեր ժողովուրդի ՀԱՒԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք ԻՐԱՒԱՑԻՕՐԷՆ ակնդէտ կը սպասեն ազգային-քաղաքական մեր ՆԵՐՈՒԺԻՆ ճշգրիտ գնահատման վրայ խարսխուած ՎԱՂՈՒԱՆ մեր ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍԸ կեանքի կոչող օրհասական կռուի ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ համաթրքական թշնամիին եւ հայութեան բարեկամ ձեւացող պիղատոսեան մեղսակիցներուն դէմ անյաղթ ԾԱՌԱՑՄԱՆ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐ ամրապնդելու գօտեմարտին սեւեռող ՀԱՅՈՑ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնց առաջնահերթ ՕՐԱԿԱՐԳը որբացած ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ եւ տեղահան դարձած ու գաղթականութեան դատապարտուած ԱՆՕԹԵՒԱՆ ՀԱՅՈՒՆ անմիջական պատսպարումն ու վերականգնումն է։

Նիկոլ Փաշինեան ՎԱՐՉԱՊԵՏ կը մնա՞յ կամ Ո՛Չ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱ՞Ն կամ Ո՛Չ, ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը իր մէջ կը գտնէ՞ «Իշխան Սաղաթէլեաններէ» ՎԵՐ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼՈՒ կամքը թէ Ո՛Չ, տակաւին Հայաստանը ՊԱՀՈՂ հայութիւնը ի վիճակի կ՚ըլլա՞յ վէրքերը դարմանելու եւ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ ողջ ուժերու ԼԱՐՈՒՄՈՎ նախայարձակ թշնամիին ԵՏ ՇՊՐՏԵԼՈՒ թէ Ո՛Չ, այլեւ ու մանաւանդ ԱԶԳՈՎԻՆ մեր մէջ կը գտնե՞նք ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՈՊՈՒՏՈՎ միլիոնատէր դարձած երէկուան եւ այսօրուան հացկատակ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐ արկախածնդիրները պատժելու ուժը կամ Ո՛Չ, Հայ Քաղաքական Մտքի ՄԻԱԿ ՕՐԱԿԱՐԳը կը մնայ ազգային մեր ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ չարաշահումին վերջ տալը, Հայկական Յեղափոխութեան ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒ հաշւոյն յղփացած մակաբոյծներու եւ ՑԵՑԵՐՈՒ անխուսափելի պատժումը՝ արդարադատ ՎԱՏՆՈՒՄը։

Բարի լոյս՝ որբացած հայ մանուկին եւ անօթեւան հայ ընտանիքին ՅՈՅՍ եւ ՀԱՒԱՏՔ ներշնչող ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ՂՕՂԱՆՋՆԵՐՈՒՆ՝

«Բաւ է տանջուենք, քրտինք թափենք
«Արիւն վաստակ դատենք, դիզենք,
«Շահագործող ցեցեր վատնեն,
«Իսկ մեզ չոր հաց բաժին հանեն»։

Բարի լոյս՝ անդունդ գլորելէ ետք անգամ ՆՈՐՈՎԻ ՈՏՔԻ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ կամք եւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ իր մէջ կռանող ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։

ԴԵՌ ՃԱՄԲԱՅ ՈՒՆԻՆՔ․․․

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Երբ որ մաքրուինք փոխադարձ հայհոյանքի եւ նախատինքի կեղտաջուրերէն

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail