Պատմական – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Գանձասարի Եսայի Հասան Ջալալեան Կաթողիկոս`
Ազատագրական Շարժման Առաջնորդ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի Սղնախներու Կազմակերպումը
Պարսից շահ Սիւլէյման մահացաւ 1694-ին եւ անոր յաջորդեց որդին` Սուլթան Հիւսէյն:
Պետութեան հեղինակութիւնը սկսաւ տկարանալ եւ ամէնուրեք ծայր առին ժողովրդային ապստամբութիւններ: Անիշխանութիւնը հետզհետէ տարածուեցաւ:
Գանձասարի մէջ 1701-ին կաթողիկոս ընտրուեցաւ Վելիչան Գ. իշխանի որդի Եսայի Հասան Ջալալեան, յաջորդելով հօրեղբօր` Երեմիա Բ. Հասան Ջալալեանի:
Եսայի կաթողիկոս առաջին հերթին միաւորեց Աղուանից պառակտուած կաթողիկոսական աթոռը եւ Գանձասարը ինչպէս հոգեւոր, նոյնպէս եւ քաղաքական կեդրոն դարձուց:
Այնուհետեւ Եսայի կաթողիկոս իր շուրջ համախմբեց Արցախի իշխանները, որոնց հետ համախորհուրդ սկսաւ արտաքին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու քայլեր ձեռնարկել եւ ռազմական ծրագիրներ մշակել:
Եսայի կաթողիկոս ի հոգեւորս եւ նաեւ քաղաքականապէս իրեն ենթարկեց, Արցախի կողքին` նաեւ Պարտաւն ու Շամախին, եւ այնուհետեւ ալ` Գանձակը, Շաքին եւ Կապաղակը:
Եսայի կաթողիկոսի կողքին, Արցախի ամէնէն հեղինակաւոր իշխանը անոր հօրեղբայր Մուլքի բէկ Հասան Ջալալեանն էր:
***
Հայրենիքի ազատագրութեան գաղափարը սկսած էր արմատաւորուիլ տակաւին Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 1677-ին գումարուած գաղտնի ժողովէն ետք: Եւրոպական պետութիւններու օգնութեան դիմելու նպատակով կազմուած էր պատուիրակութիւն: Պատուիրակութեան հետ մեկնած Իսրայէլ Օրի եղած էր Իտալիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա եւ քննարկած Հայաստանի ազատագրութեան հարցը: Հայաստան վերադառնալէ ետք, 1699-ին Իսրայէլ Օրի Սիւնիքի Անգեղակոթ գիւղին մէջ հրաւիրած էր մելիքներու գաղտնի խորհրդակցութիւն: Այնուհետեւ, 1701-ին ան մեկնած էր Սանկտ Պետերբուրգ եւ ռուսաց Պետրոս Մեծ ցարին ներկայացուցած էր Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիրը:
Իսրայէլ Օրի եւ Մինաս վարդապետ 1702-ի գարնան մոսկուաբնակ հայ զինուորական Միրոն Վասիլեւի միջոցով նամակներ ուղարկեցին Գանձասար` Եսայի կաթողիկոսին, յայտնելով բանակցութիւններու յաջող ընթացքի մասին:
Իսրայէլ Օրի այնուհետեւ մեկնեցաւ Հռոմ եւ հանդիպում ունեցաւ Կղեմէս ԺԱ. պապին հետ: Պապը պարսից շահին նամակ ուղարկեց, խնդրելով քրիստոնեայ բնակչութեան նկատմամբ հալածանքներ թոյլ չտալ:
Հռոմէն Իսրայէլ Օրի անցաւ Մոսկուա, եւ 1707 յուլիսին յիսուն հոգինոց դեսպանութեամբ ճամբայ ելաւ դէպի Պարսկաստան: 1708-ին ան հասաւ Շամախի եւ 1709-ին` Սպահան, ուր հանդիպում ունեցաւ շահ Սուլթան Հիւսէյնի հետ:
Սպահանէն Իսրայէլ Օրի վերադարձաւ Շամախի, ուրկէ անցաւ Արցախ եւ հանդիպում ունեցաւ Եսայի կաթողիկոսին ու մելիքներուն հետ: Ան իր զրուցակիցներուն փոխանցեց Պոլտաւայի ճակատամարտին (27 յունիս 1709-ին) շուէտցիներու դէմ ռուսերու յաղթանակի լուրը:
Եսայի կաթողիկոս եւ Իսրայէլ Օրի միասին շրջեցան Արցախի տարբեր գիւղեր, գացին մինչեւ Շիրվան եւ Պարսկաստանի հայաբնակ շրջաններ: Անոնց նպատակն էր ազատագրական շարժման ենթահող պատրաստել, հայկական միացեալ զօրքեր կազմակերպել եւ ընդհանուր ճակատ յարդարել:
Երբ Իսրայէլ Օրի կը պատրաստուէր Մոսկուա վերադառնալու, Եսայի կաթողիկոս երկու եպիսկոպոսներու հետ միացաւ անոր պատուիրակութեան:
Պետրոս Մեծ ցարին յանձնարարութեամբ Իսրայէլ Օրի Արցախէն Ռուսաստան կը տանէր քսան հայ մետաքսագործ ընտանիքներ եւ մեծ քանակութեամբ հում մետաքս` Մոսկուայի մէջ մետաքսի գործարան հիմնելու համար, ինչպէս նաեւ արցախեան քսանհինգ ձիեր եւ թանկարժէք նուէրներ:
Ռուսական իշխանութիւններէն Իսրայէլ Օրի ստացաւ երեք նաւ` գոյքն ու մարդիկը տեղափոխելու համար:
Եսայի կաթողիկոս, Իսրայէլ Օրի եւ պատուիրակութեան անդամները 1711-ի ամրան հասան Աստրախան, ուր Իսրայէլ Օրի յանկարծամահ եղաւ:
Եսայի կաթողիկոս Աստրախանի հայոց եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարեց Իսրայէլ Օրիի թաղման կարգը եւ վերադարձաւ Արցախ:
***
Իսրայէլ Օրիի մահէն ետք Եսայի կաթողիկոս գլխաւորեց հայոց ազատագրական շարժման պատրաստութիւնը եւ բանակցութիւններ վարեց ռուսական կառավարութեան հետ:
Եսայի կաթողիկոս 1716-ին Գանձասարի մէջ ընդունեց Պետրոս Մեծի կողմէ ուղարկուած Մինաս վարդապետը, զայն եպիսկոպոս ձեռնադրեց եւ ռուսահայոց առաջնորդ նշանակեց:
Արցախահայութեան անունով Եսայի կաթողիկոս յատուկ նամակ ուղարկեց Պետրոս Մեծի եւ փոխանցեց Ռուսաստանի հովանաւորութիւնը «յօժար սրտիւ» ընդունելու հայութեան ցանկութիւնը:
***
Պարսկաստանի մէջ անիշխանութիւնը եւ ներքին խռովութիւնները սաստկացած էին: Երկրին հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ զէնք բարձրացուցին աֆղանները եւ ուզպէքները, արեւմտեան շրջաններուն մէջ` քիւրտերը, հարաւային հողերուն վրայ` արաբները, իսկ Կովկասի լեզգիները իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին օսմանեան սուլթանին:
Լեզգիներ 1718-ին արշաւեցին դէպի Այրարատ, Սալմաստ, Համատան ու բռնեցին Սպահանի ուղղութիւնը: Ծանր վիճակ ստեղծուեցաւ հայութեան համար:
Եսայի կաթողիկոսի կոչով 10-էն 12 հազար կռուողներ համախմբուեցան, որպէսզի հակահարուած տան լեզգիներուն:
Հրամանատարութիւնը ստանձնեցին անձամբ Եսայի կաթողիկոս, Շիրվան Պարտաւցի, Սարգիս Ջրաբերդցի եւ Յովսէփ Գանձակեցի: Լեզգիները մասամբ միայն զսպուեցան:
Աֆղանական Ղիլզայ ցեղախումբը, Միր Մահմուտի գլխաւորութեամբ, 1722-ին, Կոլնապատի ճակատամարտին պարտութեան մատնեց պարսկական բանակը: Աֆղաններ ներխուժեցին Իրանի խորերը եւ վեցամսեայ պաշարումէ ետք հոկտեմբերին գրաւեցին մայրաքաղաք Սպահանը: Շահ Սուլթան Հիւսէյն գերի ինկաւ եւ գահընկէց հռչակուեցաւ:
Միր Մահմուտ ինքզինք շահ հռչակեց, սակայն պարսկական գաւառներու մեծ մասը չընդունեց անոր իշխանութիւնը:
Շահ Սուլթան Հիւսէյնի որդին` Թահմասպ փախաւ դէպի հիւսիս եւ հոն ինքզինք շահ հռչակեց: Անոր յենարանը դարձան Ատրպատական եւ մերձկասպեան մարզերը:
Շահ Թահմասպ օգնութեան համար դիմեց Ռուսաստանի` խոստանալով ատոր փոխարէն զիջիլ հիւսիսային գաւառները:
***
Պարսկաստանի գահակալական կռիւներէն ու ներքին անիշխանութենէն օգտուելով, լեզգիներ ասպատակեցին Շիրվանի գիւղերը եւ հասան Արցախ:
Լեզգիներու յարձակումները դիմագրաւելու համար Արցախի մելիքներու զինուած ջոկատները միաւորուեցան եւ կազմուեցաւ քառասուն հազարանոց բանակ, որուն 30 հազարը` հեծեալ եւ 10 հազարը` հետեւակ:
Արցախի ինքնապաշտպանութեան օժանդակելու համար Շիրվանի հայկական բնակավայրերէն Արցախ տեղափոխուեցան Աւան եւ Թարխան իւզպաշիները:
Արցախի տարածքին կազմակերպուեցան պաշտպանական ամրոցներ` սղնախներ: Սղնախներն էին` Գիւլիստան, Շուշի, Աւետարանոց, Ջրաբերդ, Հաւքախաղաց, Կաչաղակաբերդ, Քարագլուխ (Շոշի բերդ), Բադարա, Քոչիզ (Հերհեր եւ Ծովատեղ գիւղերուն մօտ) եւ Տող:
Սղնախներուն մէջ տեղակայուած կայազօրը կրնար պաշտպանական եւ յարձակողական մարտեր վարել:
Սղնախներու զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը ստանձնեցին Եսայի կաթողիկոս եւ Աւան իւզպաշի:
Արցախի լեռներուն վրայ ամրացած զօրքերը Ջրաբերդի մօտ ուժգին հակահարուած հասցուցին լեզգիներուն: Աւարառու լեռնականները նահանջեցին Կուրի ձախափնեակը եւ այլեւս չհամարձակեցան մօտենալ Արցախի սահմանները:
***
Ռուսաց Պետրոս Մեծ ցար Հիւսիսային պատերազմի աւարտէն ետք ձեռնամուխ եղաւ Կասպից ծովու արեւմտեան երկրամասերու գրաւման:
Դէպի Անդրկովկաս ռուսական արշաւանքը սկսաւ 1722 յուլիսին: Դերբենդ գրաւուեցաւ օգոստոս 23 (սեպտեմբեր 3-ին), որմէ ետք Պետրոս Մեծ անակնկալ կերպով վերադարձաւ Աստրախան եւ դէպի Կասպից ծովու հարաւային ափեր զօրքերու յառաջխաղացումը յետաձգեց յաջորդ տարուան:
Պետրոս Մեծ 13 (24) դեկտեմբեր 1722-ին յաղթական շքերթով մտաւ Մոսկուա:
***
Գանձասարի Եսայի կաթողիկոս եւ վրաց Վախթանգ Զ. թագաւոր, ռուսական զօրքերու դէպի Անդրկովկաս արշաւանքի պայմաններուն տակ բանակցութեան մէջ մտան եւ որոշեցին հայկական ու վրացական զինուած ուժերը միաւորել ռուսական զօրքերուն եւ ազատագրել Անդրկովկասը:
Վրացական 30 հազարնոց եւ հայկական 10 հազարնոց զօրաբանակները 1722 սեպտեմբերին հանդիպեցան Գանձակի մօտ:
Հայ եւ վրացական զօրքերը մօտաւորապէս երկու ամիս մնացին Գանձակի մօտակայ Չոլաք վայրին մէջ, սպասելով ռուսական զօրքերու ժամանման:
Նոյեմբերին լուր հասաւ, որ Պետրոս Մեծ Դերբենդէն վերադարձած է եւ արշաւանքը յետաձգուած յաջորդ տարուան:
Վրացական զօրքերը վերադարձան Թիֆլիս, իսկ հայկական ուժերը` Արցախ:
Եսայի կաթողիկոս յայտարարեց, որ հայեր իրենց հոգիները, զաւակները եւ ունեցուածքը ի սպաս կը դնեն հայրենիքի ազատութեան գործին:
Շահ Թահմազպ Վախթանգ Զ.-ն մեղադրեց դաւաճանութեան մէջ եւ իրեն դրածոյ դարձուց Կախէթի թագաւոր Կոստանդինը, որ իսլամութիւն ընդունած էր: Վախթանգ Զ. ստիպուած անցաւ Ռուսաստան:
aztagdaily.com/archives/493984