ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ՄՇԱԿՈՅԹ-ԳԱՆՁԱՍԱՐ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

04 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Թուրք-Պարսկական Պատերազմներ Եւ
Նատիր Խան` Իրանի Տիրակալ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Օսմանեան Զօրքերու Կոտորածը
Արցախի Եւ Գանձակի Մէջ

Օսմանեան բանակները 1730-ի ամրան ծանր պարտութիւններ կրած էին Արցախի մէջ` Գիւլիստանի Աբրահամ իւզպաշիի ուժերէն, եւ Պարսկաստանի մէջ` Նատիր խանի ուժերէն:

Արցախ, ինչպէս եւ Պարսկաստան, թուրքերուն համար անյաղթահարելի պատնէշներ եւ թրքական զօրքերուն համար գերեզմանոցներ եղան:

Օսմանեան հսկայ բանակներուն համար ոչինչ այնքան դժուար եւ անհնար էր, որքան Արցախի ու Սիւնիքի, ինչպէս նաեւ Իրանի թագաւորութեան նուաճումը:

Լեռնական հայերուն համար իրենց անառիկ լեռները, խոր ձորերն ու մթին անտառները բնական ամրոցներ էին: Իսկ Պարսկաստանի պարագային անհրաժեշտ էր անցնիլ անապատներէ, ուր ոչ ջուր կար, ոչ ալ ուտելիք` գրաւող բանակի կենսական պահանջներուն համար: Միւս կողմէ, թուրքերուն սիւննի եւ պարսիկներուն շիի ըլլալու իրողութիւնը եւ իրարու հանդէպ ատելութիւնը անյաղթահարելի խոչընդոտ էր:

Պոլսոյ մէջ եւրոպացի դիւանագէտ Սոմերի կը գրէ. «Եթէ թուրքերը գրաւեն Պարսկաստանը, որ մարդկային բանականութեամբ անհնար է, թուրքերուն համար նոյնպէս անհնար է, որովհետեւ նկատի ունենալով կրօնի միջեւ գոյութիւն ունեցող պառակտումը, անհրաժեշտութիւն կը զգացուէր հանգստութեան համար ոչնչացնել ամբողջ պարսկական ազգը»:

* * *

Իրան 1730-ի ամրան դիւանագիտական յատուկ պատուիրակութիւն ուղարկեց Պոլիս, օսմանցիներէն պահանջելով անյապաղ իրեն յանձնել աֆղանական տիրապետութեան ժամանակ Պարսկաստանէն նուաճուած բոլոր երկիրները:

Սակայն շահ Թահմասպ Բ. յոյսեր չէր տածեր բանակցութիւններու յաջող ելքի վերաբերեալ, եւ իր բանակին հրամայեց պատրաստ ըլլալ:

Օսմանեան կառավարութիւնը մերժեց պարսիկներուն պահանջը եւ հրամայեց ձերբակալել պարսիկ դեսպանները:

Միաժամանակ սուլթանի կառավարութիւնը զօրահաւաք յայտարարեց: Օսմանեան բանակը շարժեցաւ դէպի Թաւրիզ, բայց պարտութիւն կրելով նահանջեց դէպի Երեւան:

Թրքական բանակի պարտութեան պայմաններուն տակ, 20 սեպտեմբեր 1730-ին ենիչերիներ Պոլսոյ մէջ Փաթրոնա Խալիլի գլխաւորութեամբ ապստամբութիւն բարձրացուցին: Մեծ վեզիր Նեվշեհերլի Տամատ Իպրահիմ փաշա սպաննուեցաւ, իսկ սուլթան Ահմէտ Գ. գահընկէց եղաւ: Պոլսոյ հայերը մղձաւանջային օրեր անցուցին: Հոկտեմբեր 1-ին գահ բարձրացաւ սուլթան Ահմէտ Գ.-ի եղբօր` սուլթան Մուսթաֆա Բ.-ի որդի սուլթան Մահմուտ Ա.:

* * *

Սուլթան Մահմուտ Ա. համոզուած էր, որ Իրանի դէմ պատերազմը կրնայ կործանարար ըլլալ Օսմանեան կայսրութեան համար, որովհետեւ Ասիոյ այդ մասերը միշտ ալ ճակատագրական հանդիսացող աղէտներ պատճառած են թուրքերուն: Հետեւաբար հաշտութիւն կնքելու նպատակով, ան բանակցութեան մէջ մտաւ Իրանի հետ:

Շահ Թահմասպ Բ.

Շահ Թահմասպ Բ. թրքական պատուիրակութեան առաջարկեց, որ օսմանցիք յանձնեն Պարսկաստանէն նուաճած ամբողջ հողերը եւ իրեն վճարեն 300 հազար թուման, իբրեւ հատուցում այն վնասներուն համար, որ նուաճուած նահանգները կրած են գրաւման տարիներուն:

Առանց պատասխան սպասելու, շահը իր 18 հազարնոց բանակը 1731 յունուարին շարժեց դէպի Երեւան: Ցրտաշունչ ձմրան պայմաններուն տակ, պարսկական բանակը մեծ դժուարութիւններ կրեց Հայաստանի ձիւնածածկ լեռներէն անցնելու ժամանակ: Արաքս գետը սառած էր, բայց ձիւնի շերտը բարակ, հետեւաբար փայտէ կամուրջներ դնելով անցուցին բանակը: Պարսկական բանակը Երեւանի մօտակայքը հասաւ փետրուարի վերջաւորութեան:

Երեւանի սերասքերի Հեքիմօղլու Ալի փաշա, օսմանեան 50 հազարնոց բանակին գլուխը անցած, պաշտպանական դիրքեր գրաւեց:

Շահ Թահմասպ Բ., մօտենալով Երեւանի, յարձակման անցաւ: Սկսան փոխադարձ հրացանաձգութիւններ, որոնք շարունակուեցան օրեր շարունակ: Թրքական բանակը յաջողեցաւ խուսափիլ ճակատամարտէ, սպասելով օգնական ուժերու:

Օգնական ուժերու հասնելէն ետք օսմանեան բանակը գրոհի անցաւ: Պարսկական բանակը երկու կրակի մէջ մնաց եւ կորուստներ տալով նահանջեց:

Նոյն ժամանակ, շահ Թահմասպի անձի ապահովութեան համար զինուորներ զայն Էջմիածին տեղափոխեցին:

Նահանջող պարսիկ զինուորներէն շատեր խեղդամահ եղան Զանգու (Հրազդան) գետին մէջ, սակայն մեծ մասը փրկուեցաւ եւ փախուստ տուաւ դէպի Էջմիածին, ուր միացաւ թագաւորին:

Երեւանի կռիւները աղիտաբեր եղան պարսիկներուն համար. անոնք տուին ութ հազար սպաննուած եւ բազմաթիւ գերիներ, որոնց մէջ էր զօրքի հրամանատար Սեֆի Կուլի խան:

Շահ Թահմասպ Բ. Էջմիածնի մէջ փորձեց վերադասաւորել իր ուժերը եւ հակայարձակման անցնիլ, սակայն անյաջողութեան մատնուելով նահանջեց դէպի Թաւրիզ:

Թաւրիզի մէջ շահը փորձեց համալրել բանակը եւ թուրքերուն դէմ հակայարձակման  անցնիլ, բայց նոյն ժամանակ տեղեկացաւ, որ Պաղտատի փաշան մեծ բանակով մը պաշարած է Համատանը:

Օսմանեան բանակին դէպի մայրաքաղաք Սպահան յառաջխաղացքը կասեցնելու նպատակով շահը իր բանակով օգնութեան փութաց Համատանի:

Համատանի մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին շահ Թահմասպ Բ. ծանր պարտութիւն կրեց:

Իր կարգին Հեքիմօղլու Ալի փաշա Երեւանէն օսմանեան զօրքը շարժեց դէպի Ատրպատական եւ դիւրութեամբ գրաւեց Ուրմիան ու Թաւրիզը:

Շահ Թահմասպ Բ. դիմեց թուրքերուն` հաշտութեան բանակցութիւններու առաջարկով: 10 յունուար 1732-ին կնքուած դաշինքով պարսկական կողմը օսմանցիներուն յանձնեց Երեւանը, Գանձակը, Ղարաբաղը, Նախիջեւանը, Թիֆլիսը, Շիրվանը, Շամախին, Տաղստանը եւ Քարթլին:

* * *

Խորասան գտնուող Նատիր խան, իմանալով կնքուած ստորնացուցիչ դաշինքին հետեւանքով Իրանի մէջ ծայր առած դժգոհութեան մասին, Սպահան մեկնեցաւ, գահընկէց ըրաւ շահ Թահմասպ Բ.-ը եւ անոր նորածին որդին` Աբաս Գ.-ը իր խնամակալութեան տակ շահ հռչակեց:

Նատիր խան Իրանի ինքնիշխան տիրակալը դարձաւ: Ան թրքական կողմին հաղորդեց, որ չեղեալ կը նկատէ շահ Թահմասպի կողմէ թուրքերուն հետ կնքուած դաշինքը եւ պիտի շարունակէ պատերազմը:

Իրանի մէջ կատարուած քաղաքական փոփոխութիւնները իրենց անդրադարձը ունեցան նաեւ ռուսական արեւելեան քաղաքականութեան վրայ:

Ռուսական արտաքին քաղաքականութիւնը որոշեց իր կողմը գրաւել Նատիր խանը, կանխելու համար օսմանցիներու հետ դաշինք կնքելու որեւէ հնարաւորութիւն:

* * *

Ռուսաստանի մէջ 1730 յունուարին գահ բարձրացած էր Աննա Իվանովնա, որ Պետրոս Մեծի խորթ եղբայր Իվանի դուստրն էր: Ան կը յաջորդէր Եկատերինա Ա.ի յաջորդ Պետրոս Բ.ի, որ Պետրոս Մեծի թոռն էր եւ Ալեքսի Պետրովիչի որդին:

Աննա Իվանովնա կայսրուհի հետաքրքրուած չէր մերձկասպեան տարածքներով եւ զանոնք Իրանի վերադարձնելով զայն իր դաշնակիցը դարձնելու նպատակ ունէր:

Աննա Իվանովնա 1730 հոկտեմբերին պարսիկներուն մօտ պատուիրակութիւն ուղարկած էր, յայտնելով Կիլանն ու Մազանտարանը յօժարակամ Իրանի յանձնելու եւ դաշինք կնքելու իր մտադրութեան մասին:

Աննա Իվանովնայի պատուիրակներ Լեւաշով եւ Շաֆիրով 21 յունուար (1 փետրուար) 1732-ին Ռեշտի մէջ դաշինք կնքեցին Նատիր խանի ներկայացուցիչներուն հետ:

Դաշինքին համաձայն, Ռուսաստան պիտի քաշուէր մերձկասպեան հողերէն` Կիլանէն, Մազանտարանէն եւ Ասթարապատէն, իսկ Դերբերդ եւ Գանձակ քաղաքները Պարսկաստանի պիտի վերադարձուէին երեք տարի ետք: Պարսկական կողմը իր կողմէ յանձնառութիւն կը ստանձնէր այդ տարածքները մէկ այլ պետութեան չզիջիլ:

Ռուսաստան կը խոստանար չէզոքութիւն պահպանել թուրք-պարսկական պատերազմի ժամանակ եւ չյարձակիլ Պարսկաստանի վրայ (ռուս-թրքական 1724-ի դաշինքին համաձայն Ռուսիա Պարսկաստանի վրայ յարձակելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուէր):

Իր կարգին Պարսկաստան պարտաւորութիւն կը ստանձնէր պաշտպանել ռուսական առեւտրական եւ մշակութային շահերը պատերազմի ժամանակ: Այդ պարտաւորութիւնը դաշնագիրին մէջ արձանագրուեցաւ պարսկական պատուիրակութեան անդամ Դիզակի մելիք Եգանի ջանքերով:

Ռուսաստան նաեւ Պարսկաստանի հետ անմաքս առեւտուրի իրաւունք ստացաւ:

* * *

Դիզակի մելիք Եգան, իբրեւ Նատիր խանի լիազօր ներկայացուցիչ եւ Իրանի դիւանագիտական պատուիրակութեան կազմէն ներս ռազմական կցորդ, Ռեշտի դաշնագիրի ստորագրումէն ետք, նոյն ժամանակ` 1732-ին, թանկարժէք նուէրներով եւ ոսկիով մեկնեցաւ Սանկտ Պետերբուրգ, ուր բանակցութեան մտաւ Աննա Իվանովնա կայսրուհիին հետ:

Մելիք Եգան կայսրուհիին խոստացաւ դէպի Հայաստան պարսկական բանակի արշաւանքի ժամանակ չանցնիլ 1724-ի դաշինքով հաստատուած Ռուսաստանի սահմանը, եւ միաժամանակ անձամբ պաշտպանել ռուսերու անվտանգութիւնը, ներդրումները եւ շահերը:

Իր կարգին ցարուհին խոստացաւ չյարձակիլ Պարսկաստանի վրայ: Կայսրուհին նաեւ մելիք Եգանի ռուսական բանակի զօրավարի կոչում շնորհեց:

* * *

Օսմանեան բանակի սերասքերի Սարը Մուսթաֆա փաշա իր գլխաւոր զօրքերով հաստատուած էր Գանձակի մէջ, իսկ մնացած զօրքերը Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ կեդրոնացուցած էր:

Մելիք Եգան բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահպանէր Սարը Մուսթաֆա փաշայի հետ եւ առերես հնազանդութիւն ցոյց կու տար:

Մելիք Եգան, առիթը յարմար նկատելով, Նատիր խանի հետ համաձայնութեան եկաւ, օսմանցիներուն դէմ ռազմական գործողութիւններու սկսելու համար:

Արցախի բոլոր մելիքները համախմբուեցան եւ որոշեցին ապստամբիլ ու կոտորել օսմանցիները: Ապստամբութեան թուական որոշուեցաւ 1733-ի Մեծ Պահքի առաջին գիշերը:

Օսմանեան զօրքերը, ձմրան պատճառով, Արցախի եւ Գանձակի շրջանի հայերու տուներուն մէջ տեղաւորուած էին: Որոշուեցաւ, որ ամէն տանտէր պիտի սպաննէ իր անկոչ հիւրը:

Օսմանեան զօրքերու կոտորածը տեղի ունեցաւ պատրաստուած ծրագիրին համաձայն: 1733-ի Մեծ Պահքի առաջին օրուան այդ ցուրտ գիշերը ոչնչացուեցան Արցախի եւ Գանձակի օսմանեան տասնեակ հազարաւոր զինուորներ:

Այդ գիշերուան հերոսական դրուագներէն է Վարանդայի մելիքանիստ Աւետարանոց գիւղի դէպքը:

Աւետարանոցի մէջ տեղաւորուած էր օսմանեան զօրքի հրամանատարներէն Սիւլէյման բէկ, որ քանի անգամ փորձած էր տիրանալ Վարանդայի մելիք Հիւսէյնի գեղեցկուհի դստեր` Գայեանէի եւ զայն կնութեան ուզած էր: Մելիք Հիւսէյն եւ կինը` Աննա Խաթուն, որ մելիք Եգանի քոյրն էր, ժամանակ խնդրած էին:

Կոտորածը երբ սկսաւ, մելիք Հիւսէյն այդ գիշեր տունը չէր եւ գացած էր այլ վայրերու մէջ թուրքերուն հաշիւը մաքրելու: Աւետարանոցի կոտորածը առաջնորդեց Աննա Խաթուն: Գիւղի փողոցներուն մէջ թուրք ասկեարները սուսերահար ինկաւ: Սիւլէյման բէկ, իր կեանքը փրկելու համար մելիք Հիւսէյնի տունը վազեց, բայց նոյն պահուն Գայեանէ, որ զինուած կանգնած էր դրան առջեւ, դաշոյնը խրեց անոր սրտին:

Աւետարանոցի կուսանաց անապատը գիւղին հարաւ-արեւմտեան կողմը, բլուրի վրայ, կառուցուած` 1616-ին: Եղած է հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոն:

Գայեանէ յետոյ Աւետարանոցի Կուսանաց անապատը քաշուեցաւ եւ կրօնաւորուհի եղաւ:

Սերասքերի Սարը Մուսթաֆա փաշա հազիւ կրցաւ ազատել իր գլուխը եւ փախուստ տուաւ դէպի Երեւան:

Aztagdaily.com/archives/500992

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail