Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիր 100 – ամեակ Ժ. Դաշնագիրին Քիչ Լուսաբանուած Յօդուածները – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
02 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
11 դեկտեմբեր 2020-ի «Ազդակ»-ի 18-րդ առցանց լսարանին զեկուցողն էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեանը, որ 16 յունուար 2020-ին դաշնագիրին 100-ամեակի ձեռնարկներուն բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` «Պահանջատիրութեան պատմաիրաւական հիմքերը» նիւթով, որուն անդրադարձ կատարած եմ (1):
Դաշնագիր մը կարելի չէ մասնատել, այլ՝ իր ամբողջութեամբ մեկնաբանել: Ինչպէս Մարուքեան նշեց, մեր կարգ մը պատմաբանները եւ դասախօսներ ընդհանրապէս կ՛անտեսեն դաշնագիրին շարք մը շատ կարեւոր յօդուածները: Ինչո՞ւ:
Սեւրի դաշնագիրը կը բաղկանայ 433 յօդուածներէ՝ 13 գլուխներու եւ երկու յաւելուածներու մէջ, որուն վեցերորդ գլուխը յատկացուած է Հայաստանին, թիւ 88-93, վեց յօդուածներով: Ուրեմն, ոչ արհեստավարժ ընթացքով, վերոնշեալները կ՛անտեսեն մնացեալ բոլոր յօդուածները, որոնց մէջ շատ կարեւոր ընդհանուր եւ մասնայատուկ պայմաններ որոշուած են, եւ նոյնիսկ Հայաստանը նշուած է:
Կ՛արժէ ներկայացնել, թէ որո՛նք են այդ 13 գլուխները, որոնց նկատելի մասը գործադրուած է.
- Կոստանդնուպոլիս, 2. Նեղուցները (Վոսփոր եւ Տարտանել*), 3. Քիւրտիստան, 4. Զմիւռնիա, 5. Յունաստան, 6. Հայաստան, 7. Սուրիա, Միջագետք (Իրաք*) եւ Պաղեստին, 8. Հիճազ (Արաբիա*), 9. Եգիպտոս, Սուտան եւ Կիպրոս, 10. Մարոք եւ Թունուզ, 11. Լիպիա եւ Եգէականի կղզիները, 12. Հպատակութիւն (քաղաքացիութիւն*) եւ 13. Ընդհանուր պայմաններ:
Այս ցանկը ինքնին շատ բան կը բացատրէ: Զանց առնելով Հայաստանի բաժինը, որուն մասի՛ն ալ սխալ մեկնաբանութիւններ կան, կը սկսիմ երկրորդէն։ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի միջեւ գտնուող այս նեղուցները բաց պիտի մնային բոլոր նաւերուն համար, ուրեմն՝ ներառեալ հայկական նաւերուն, քանի որ Հայաստան ծովեզերք պիտի ունենար, առաւել նաեւ իրաւունք՝ Տրապիզոնի, Պաթումի եւ Կիլիկիոյ նաւահանգիստները օգտագործելու՝ յօդուածներ 345, 351, 352: Այս յօդուածին գլխաւոր մասը գործադրուեցաւ, նեղուցները բաց են բոլորին համար:
Երրորդը՝ Քիւրտիստան. ամփոփ կերպով կ՛ըսէ, որ ատիկա Հայաստանի հարաւային սահմանէն դէպի հարաւ պէտք է ըլլայ, ե՛րբ որ ինքնավարութիւն շնորհուի անոնց: Ուրեմն այստեղ թիւրիմացութեան մէջ են բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Սեւրի դաշնագիրը չէ լուծած քիւրտերուն հարցը եւ թէ՝ հայ-քիւրտ հողային խնդիրներ պիտի ստեղծուին: Երկրորդ, տակաւին երկիրի կարգավիճակ չէ՛ տրուած անոնց, այլ մի՛այն ինքնավարութիւն մը, որ կարելի է տալ անոնց:
Եօթներորդը` Սուրիա, Միջագետք եւ Պաղեստին: Ահաւասիկ փաստ, որ Սեւրի դաշնագիրը գործադրուած է այս երկիրներուն պարագային, որոնք ունեցան սեփական քարտէսով երկիրներ: Շատ են անտեղեակ պնդողները, որոնք կ՛ըսեն. «Սեւրի դաշնագիրը թուղթի վրայ մնաց, չգործադրուեցաւ», նո՛յնիսկ` Ուիքիփետիայի կարգ մը յօդուածագիրներ (2): Արդարեւ, դաշնագիրին 433 յօդուածներուն մեծ մասը գործադրուեցաւ: Այսինքն, իբրեւ դաշնագիր, օրին ի զօրու եղած է եւ է՛ տակաւին:
Նոյնը կրնանք ըսել 8, 9, 10 եւ 11 գլուխներուն պարագային, Հիճազը, Եգիպտոսը, Սուտանը, Կիպրոսը, Մարոքը, Թունուզը, Լիպիան յստակ քարտէսով երկիրներ դարձան, իսկ Եգէականի կղզիները վերամիացան Յունաստանին: Ուրեմն մի՛այն Հայաստանի եւ հայութեան պարագային է, որ Սեւրի դաշնագիրի յօդուածներուն մեծ մասը չգործադրուեցաւ (տես` ստորեւ յօդուած 145-ը):
Եզրակացութիւն. Սեւրի դաշնագիրը գործադրուեցաւ այնտեղ նշուած բոլոր երկիրներուն պարագային, բացի Հայաստանէն: Նաեւ շարք մը այլ ընդհանուր յօդուածներ չիրագործուեցան: Ուրեմն, «Սեւրի դաշնագիրը թուղթի վրայ մնաց» ըսողները թրքական թեզն է որ կը պաշտպանեն: Ուրիշներ կ՛աւելցնեն նաեւ, որ՝ «Սեւրի դաշնագիրը փոխարինուեցաւ Լոզանի դաշնագիրով», կրկին թրքական թէզն է, որ կը պաշտպանեն, քանի որ, ըստ էութեան, դաշնագիրները չեն փոխարինուիր, եւ մասնակից երկիրները նոյները չէին, տես՝ (2):
Մարուքեան նշեց հետեւեալ յօդուածները, որոնք դժբախտաբար կ՛անտեսուին կարգ մը պատմաբաններու եւ դասախօսներու կողմէ, ստորեւ կ՛ամփոփեմ.
«Յօդ. 125. 18 տարիքը բոլորած քաղաքացիները իրենց նոր երկրին քաղաքացիութիւնը ընտրելու իրաւունքը ունին:
«Յօդ. 126. Յօդ. 124 եւ 125-ի անհատներուն անշարժ գոյքը (կալուածները*) իրենց սեփականութիւնը կը մնայ, նոյնիսկ եթէ նոր երկիր փոխադրուեցան եւ իրաւունք ունին իրենց գոյքերը նոր երկիր փոխադրել»:
«Յօդ. 128. Երրորդ երկրի քաղաքացիութիւն ստացողները (օրինակ՝ ֆրանսական*) նոյնպէս, չեն կորսնցներ իրենց կալուածները, անոնք չեն ենթարկուիր թուրք քաղաքացիներուն վերաբերող օրէնքներուն եւ կը ճանչցուին իբրեւ նոր երկրին հպատակը»:
Այս յօդուածին անտեսումին պատճառով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը միջամտութիւններ կատարած է, – (ՅՉ):
Յօդ. 141. Կը վերաբերի Թուրքիոյ կողմէ բոլոր տեսակի՝ ցեղի, կրօնի, լեզուի ու քաղաքացիութեան տէր բնակչութեան ապահով ապրելու եւ իրենց աւանդութիւնները, կրօնը եւ լեզուն կիրարկելու իրաւունքին, ըլլան անոնք հանրային կամ անձնական բնոյթի:
Յաջորդ յօդուածը կը բնորոշէ, որ Թուրքիոյ յանցագործ վարչակարգը ահաբեկչական էր, եւ՝ անոր յանցանքները մասամբ սրբագրելու համար անոր կատարելիքները, որ ամբողջութեամբ կը թարգմանեմ.
«Յօդ. 142. Մինչ հաշուի առնելով 1914 թուականի նոյեմբերի 1-էն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ*, իսլամութիւն ընդունիլը չէր կրնար տեղի ունենալ բնական պայմաններու մէջ, այդ օրէն ի վեր ոչ մէկ կրօնափոխութիւն չի ճանչցուիր, եւ բոլոր անոնք, որոնք իսլամ չէին մինչեւ 1 նոյեմբեր 1914, կը համարուին, որ դեռ այդպէս են: Իրենց ազատութիւնը վերականգնուելէն ետք անոնք կամաւոր կերպով կրնան կատարել անհրաժեշտը՝ իսլամ հաւատքը ընդունելու համար (եթէ փափաքին*):
«Պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ մէջ իրականացուած կոտորածներուն ընթացքին անհատներուն հասցուած անիրաւութիւնները կարելի եղած չափով վերականգնելու համար Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պարտաւորուի իր ամբողջ օգնութիւնը տրամադրել որոնելու եւ ապահովելու ազատութիւնը՝ բոլոր ցեղերուն կամ դաւանանքի պատկանող անձերուն, որոնք անհետացած են, տեղահանուած են, կամ գերութեան մէջ են 1 նոյեմբեր 1914-էն սկսեալ:
«Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է նպաստել Ազգերու լիկայի խորհուրդին կողմէ նշանակուած խառն յանձնաժողովներու գործողութիւններուն՝ զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն կամ անոնց ազգականներուն բողոքները ստանալու համար, կատարելու անհրաժեշտ ստուգումները եւ հրամայել ազատ արձակել զանոնք (առեւանգուած կիներ, որբեր եւ այլն*):
«Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է կատարել այդ յանձնաժողովներուն որոշումները, ինչպէս նաեւ՝ ապահովել ենթականերուն ապահովութիւնն ու ազատութիւնը, որոնք այդպիսով կը վերականգնուին, մինչեւ իրենց իրաւունքներուն լիարժէք տիրանալը:
«Յօդ. 144. Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛ընդունի, որ 1915-ի «լքուած գոյքի» օրէնքը (Emval-i-Metroukeh*) անարդար է, նոյնպէս՝ այդ օրէնքին ստորաբաժանումներն ու յաւելուածները, զանոնք անվաւեր կը յայտարարէ անցեալին եւ ապագային համար:
«Թուրքիոյ կառավարութիւնը հանդիսաւորապէս պարտաւոր է կարելի բոլոր միջոցներով դիւրացնել իրենց տուները վերադառնալու եւ իրենց գործերը (businesses) վերահաստատելու` ոչ թուրք ցեղի պատկանող թուրք հպատակներուն, որոնք բռնի կերպով իրենց տուներէն վտարուած են կոտորածի կամ որեւէ այլ ձեւի վախի, ճնշումի պատճառով, 1 յունուար 1914-էն սկսեալ: Ան կ՛ընդունի, որ նշուած թուրք հպատակներուն կամ անոնց պատկանող համայնքներուն որեւէ անշարժ կամ շարժական գոյք, որ կարելի է վերականգնել, պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ վերականգնուի, որո՛ւ ձեռքը որ անցած ըլլայ այժմ: Նման գոյքը կը վերադարձուի առանց փոխհատուցումի կամ պարտաւորութեան եւ առանց որեւէ տեսակի փոխհատուցման` այժմու սեփականատէրերուն կամ գրաւողներուն…»:
Ապա կը մանրամասնէ այս հարցով զբաղող իրաւարար յանձնաժողովին անդամները եւ անոնց իրաւասութիւնները: Այստեղ պէտք է նշել, որ հայերուն վերաբերող, թերեւս այս այն քիչ յօդուածներէն էր, որ ժամանակաւոր կերպով մասամբ գործադրուեցաւ, եւ Կիլիկիոյ հայերէն մաս մը իրենց տուները եւ գործերուն վերադարձան: Սակայն հազիւ 1-2 տարի տեւեց այս,երբ երաշխաւոր Անգլիան ու Ֆրանսան դաւադրաբար լքեցին հայութիւնը՝ պատճառ դառնալով երկրորդ անգամ սպանդի ու արտագաղթի:
«Յօդ. 145. Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները հաւասար են օրէնքին առջեւ եւ ունին քաղաքացիական եւ քաղաքական նոյնիրաւունքները՝ առանց ցեղային, լեզուի կամ դաւանանքի խտրութեան:
«….Սոյն դաշնագիրի ուժի մէջ մտնելէն ետք, երկու տարուան ընթացքին Թուրքիոյ կառավարութիւնը Դաշնակից պետութիւններուն կը ներկայացնէ ընտրական համակարգի կազմակերպման ծրագիր մը՝ հիմնուած ցեղային փոքրամասնութիւններու համամասնական ներկայացուցչութեան սկզբունքին վրայ:
«Որեւէ սահմանափակում չի դրուիր որեւէ քաղաքացիի կողմէ որեւէ լեզուի ազատ օգտագործման համար՝ անձնական կապի, առեւտուրի, դաւանանքի, մամուլի կամ այլ տեսակի հրապարակումներուն, կամ հանրային ժողովներու մէջ: Ոչ թրքախօս քաղաքացիներուն համարժէք յարմարութիւններ կը տրուին դատարաններու առջեւ (իրենց մայրենի*) բանաւոր կամ գրաւոր լեզուին օգտագործման համար:
«Յօդ. 226. Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛ընդունի Դաշնակից պետութիւններուն իրաւունքը՝ ռազմական ատեանի առջեւ դատելու այն անձերը, որոնք կը մեղադրուին պատերազմի օրէնքներու եւ սովորութիւններու խախտումով գործողութիւններ կատարելու մէջ (պատերազմական ոճիր*): Նման անձեր, եթէ մեղաւոր ճանչցուին, կը դատապարտուին օրէնքով սահմանուած պատիժներու: Այս դրութիւնը կը կիրարկուի՝ առանց նկատի առնելու ենթականերուն Թուրքիոյ ատեանին առջեւ որեւէ գործարկութեան կամ հետապնդման, կամ անոր դաշնակիցներուն հողերուն վրայ կատարուածին:
«Թուրքիոյ կառավարութիւնը Դաշնակից պետութիւններուն կամ անոնցմէ որեւէ մէկուն կը յանձնէ բոլոր անոնք, որոնց մասին հայց կը ներկայացուի, բոլոր այն անձերուն, որոնք կը մեղադրուին պատերազմի օրէնքներուն եւ սովորութիւններուն դէմ գործողութիւն կատարելու մէջ, որոնք նշուած են անունով կամ կոչումով, աստիճանով, զբաղումով կամ պաշտօնով, որ անոնք ունեցած են թրքական իշխանութիւններուն ժամանակ:
«Յօդ. 228. Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պարտաւորուի տրամադրել բոլոր տեսակի փաստաթուղթերն ու տեղեկութիւնները, որոնց պատրաստութիւնը անհրաժեշտ կը համարուի ապահովելու համար մեղադրական գործողութիւններուն ամբողջական գիտելիքները, օրինազանցներուն հետապնդումը եւ պատասխանատուութեան արդարացի գնահատումը կատարելու համար:
«Յօդ. 230. Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պարտաւորուի Դաշնակիցներուն յանձնել այն անձերը, որոնց յանձնումը կրնան պահանջել վերջիններս՝ իբրեւ պատասխանատու, 1 օգոստոս 1914-ին Թրքական կայսրութեան մաս կազմող տարածքներուն մէջ պատերազմական իրավիճակի շարունակման ընթացքին կատարուած կոտորածներուն համար:
«Դաշնակից պետութիւնները իրենց կը վերապահեն իրաւունքը՝ նշանակելու այն ատեանը, որ պէտք է դատէ այդ մեղադրեալները, եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պարտաւորուի ճանչնալ այդ ատեանը:
«Այն պարագային, երբ Ազգերու լիկան բաւարար ժամանակ ետք ստեղծէ դատարանը, որ իրաւասու կ՛ըլլայ զբաղելու նշուած կոտորածները դատելու համար, Դաշնակից պետութիւնները իրենց կը վերապահեն իրաւունքը վերը նշուած մեղադրեալներուն այդպիսի ատեան բերելու, իսկ Թուրքիոյ կառավարութիւնը հաւասարապէս պարտաւոր է ճանչնալ այդպիսի դատարանը:
«228-րդ յօդուածին դրոյթները գործադրելի են սոյն յօդուածին քննարկած դէպքերուն պարագային»:
Արդարեւ, Թուրքիոյ կառավարութիւնն իսկ դատեց ջարդարարներէն ոմանք եւ նոյնիսկ մահապատիժ գործադրեց: Օրինակ, «Յառաջ» 19 օգոստոս 1920-ի համարին մէջ «Երկու ջարդարար կախուած» խորագիրով հետեւեալ լուրը կը հաղորդէ (3).
«Պոլիս, 4 օգոստոս (1920*). Պատերազմական ատեանին վճիռով Պոլիսի Պայազետ հրապարակին մէջ 5 օգոստոսին կախուած են Երզնկայի եւ Բաբերդի (Մեհմետ Նուսրի պէյ*) կուսակալները` իբրեւ հայերու ջարդարարներ»: Այս մասին տես Ուիքիփիտիայի էջը (Turkish courts-martial of 1919–1920) (4):
«Յօդ. 351. Դէպի Սեւ ծով, Պաթումի նաւահանգիստը ազատ երթեւեկ եւ գործածելու իրաւունք կը տրուի Վրաստանին, Ազրպէյճանին, Պարսկաստանին, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանին: Այս իրաւունքը կը կիրարկուի՝ համապատասխան յօդ. 349-ի պայմաններուն:
«Յօդ. 352. 89-րդ յօդուածի III մասի (Քաղաքական պայմաններ) նախատեսուած որոշումին համաձայն, Տրապիզոնի նաւահանգիստով դէպի Սեւ ծով ազատ ելք ունենալու իրաւունքը կը տրամադրուի Հայաստանին: Այս իրաւունքը կը գործադրուի յօդ. 349-ի պայմաններով:
«Այդ առիթով, Հայաստանին յաւերժ վարձակալութիւն կը տրուի Ազգերու լիկայի որոշումով նշուած նաւահանգիստին մէջ գտնուող տարածքը, որ կը հետեւի 343-344 յօդուածներով սահմանուած ազատ գօտիներու ընդհանուր դրութեան պայմաններուն եւ կ՛օգտագործուի այդ պետութենէն եկող կամ մեկնող ապրանքներու ուղղակի (transit) տարանցման համար:
«Նախորդ պարբերութեան մէջ նշուած տարածքին սահմանագծումը, ատոր կապը գոյութիւն ունեցող երկաթուղիներուն հետ, սարքաւորումները եւ շահագործումը եւ, ընդհանուր առմամբ, օգտագործման բոլոր պայմաններն ու առհասարակ ատոր օգտագործման բոլոր պայմանները, ներառեալ վարձակալութեան չափը, պիտի որոշէ յանձնաժողովը, որ կը բաղկանայ Հայաստանի մէկ պատուիրակէն, Թուրքիոյ մէկ եւ Ազգերու լիկայի կողմէ նշանակուած մէկ պատուիրակէ: Այս պայմանները ենթակայ են վերանայման` տասը տարին անգամ մը նոյն կերպով»:
Ինչպէս կը տեսնենք, Սեւրի դաշնագիրը նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռով Հայաստանի քարտէսը չէ միայն: Յաջորդիւ` Սեւրի դաշնագիրին մասին սխալ կարծիքներու լուսաբանութիւն:
19 դեկտեմբեր 2020
Շար. 10/11
(1) https://www.aztagdaily.com/archives/468310
(2) https://www.aztagdaily.com/archives/478748
(3) «Յառաջ», Բ. տարի թիւ 177, 19 օգոստոս 1920, Երեւան, էջ 4:
(4)https://en.wikipedia.org/wiki/Turkish_courts-martial_of_1919%E2%80%931920
aztagdaily.com/archives/500835