Ազատ բեմ – Պատասխանատու Են Բոլորը, Բացի․․․ այդ օրուան եւ այս օրուայ իշխանուլիւնները… Րաֆֆի Տուտագլեան
01 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱԶԱՏ ԲԵՄ:
Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
90 թուականներէն ի վեր, Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները տարին առնուազն մի քանի տասնեակ անգամ յայտարարած են կոռուպցիայի եւ թալանի դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան մասին: Միլիոնաւոր տոլարի դրամաշնորհներ եւ վարկեր վերցուցած են Ամերիկայէն, Եւրոպայէն եւ միջազգային այլ կառոյցներէ, կոռուպցիայի դէմ անողոք պայքար մղելու համար: 3-րդ նախագահը նոյնիսկ TV show-եր կազմակերպած է այս թեմայով, քամերաներուն առջեւ յաճախ պախարակած է օրուան վարչապետն ու կառավարոթիւնը եւ «մեծ ձուկեր» որսալու հրահանգներ արձակած է աջ ու ձախ: Ու դեռ, իւրաքանչիւր ընտրութենէ յետոյ կառավարական յանձնաժողովներ ստեղծուած են եւ միլիոնաւոր տոլարներու պիւտճէ եւ դրամաշնորհ տրամադրուած է այդ մարմիններուն, կոռուպցիան երկրէն վերացնելու համար: Եւ այսպէս շարունակ՝ առաջին երեք նախագահներու իշխանութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին:
Եթէ նոյն այդ իշխանութիւններու օրերուն կոռուպցիա կար եւ միլիոնաւոր տոլարներ տրամադրուած էր անոր դէմ պայքարելու նպատակով, ինչու՞ այսօր նախկին իշխանութիւններէն ոչ ոք պատասխանատւթիւն կը ստանձնէ եղած թալանին համար: Նոյնիսկ կէս-բերան ներողութիւն խնդրող չկայ: Եթէ կար կոռուպցիայ եւ կային կոռուպցիայի դէմ պայքարող մարմիններ, ապա ու՞ր են եւ ովքեր են կոռուպցիոներները, թալանչիները, կաշառակերները: Աներեւոյթ մութ ուժե՞ր են, դաւադիր անյայտ ձեռքե՞ր… Այդ օրերու գերագոյն եւ փոքրագոյն ղեկավարները պատասխանատու չէի՞ն երկրի կողոպուտին համար եւ ո՞վ պատասխան պիտի տայ ահաւոր կորւոստներուն համար…
Հայաստան մեծ պարտութիւն կրեց արցախեան երրորդ պատերազմին եւ երկրի առաջին դէմքը, գերագոյն հրամանատարը, խայտառակ եւ ստորացուցիչ յայտարարութիւն ստորագրեց եւ Արցախի մնացած բեկորը յանձնեց… ռուսերուն: Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը 44 օր շարունակ սխալ տեղեկութիւններ փոխանցեց հանրութեան, եւ հիմա՝ այս բոլոր մարդիկ իրար միս կ’ուտեն, նուաստացուցիչ պարտութեան պատասխանատւութիւնը մէկ միւսին վրայ նետելով: Վարչապետը կէս բերան յայտարարեց իր բաժին պատասխանատւութեան մասին, բայց միաժամանակ պատերազմի ձախողութիւններու ամբողջ մեղքը բարդեց բոլորին վրայ… Չկայի՞ն սխալ որոշումներ, չկա՞յ սխալ քաղաքականութիւն: Պատասխանատուներ չկա՞ն ձախողած քաղաքականութեան, պատերազմի աղիտալի աւարտին համար…
Չէ, ըստ երեւոյթին չկան: Հայաստանի մէջ մեղաւոր են բոլորը, բացի՝ իսկական մեղաւորները: Երկիրը 28 տարի անխնայ թալանի ենթարկուեցաւ, պատասխանատու են բոլորը, բացի՝ այդ օրուան իշխանուլիւնները…
1996-ին, 1998-ին, 2003-ին, 2008-ին եւ միջանկեալ տարիներուն հայ քաղաքացիներու քուէները առքուվաճառքի ենթարկուեցան, ընտրութիւններ կեղծուեցան, խաղաղ բողոքողներ շարունակաբար բռնութեան ենթարկուեցան, 10 քաղաքացիներ սպաննուեցան ցոյցերու ընթացքին, երկիրե ընկղեցաւ անարդարութեան մէջ… Եւ ովքե՞ր պատասխանատւութեան ենթարկուեցան: Ոչ ոք: Մեզի փորձեցին համոզել, որ պատասխանատու են բոլորը, բացի՝ այդ օրուան իշխանութիւնները:
44 օր տեւած պատերազմէ, հազարաւոր նահատակներէ եւ վիրաւորներէ, բազմահազար տեղահանուածներէ եւ հողային հսկայ կորւոստներէ ետք, հիմա ալ մեզի կը համոզեն, որ պատասխանատու են բոլորը, բացի այսօրուայ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնն ու վարչապետը…Երբ չկայ պատասխանատւութիւն ստանձնելու գիտակցութիւն, չկայ նաեւ սխալներու սրբագրութիւն:
Երբ չկայ ներողութիւն ըսելու եւ քաւարան մտնելու պատրաստակամութիւն, չկայ ուրեմն նոյն մեղքերը չկրկնելու հնարաւորութիւն: Սա է մեր իրականութիւնը. այո, բոլորը կ’ընդունին, որ կոռուպցիան աղէտ բերած մեր գլխուն, որ պատերազմը կորսնցուցինք հին ու նոր բազմաթիւ սխալներու պատճառով, որ երկիրը անդնդախոր ճգնաժամի մէջ է, որ կորուստները ահաւոր են եւ անդառնալի… Ու պատասխանատու են բոլորը, բացի՝ իսկական պատասխանատուները, որոնք այսօր իշխանութիւն եւ ըննդիմադիր կը խաղան, եւ դեռ կ’ուզեն մեզի վստահեցնել, որ հակառակ բազմաթիւ մեղքերուն, հակառակ մեծ ու փոքր յանցանքներուն, ժողովուրդը պէտք է վստահի իրենց, վասնզի իրենք են երկրի փրկիչները, իրենք են մաքրամաքուր առաքեալները, իրենք են դրախտի դարպասը բացողները: Իսկ մնացած բոլորը՝ մեղաւոր են ու ապիկար, եւ պատասխանատու են բոլոր տեսնուած ու չտեսնուած սխալներուն, գիտակցուած ու չգիտակցուած հազարումէկ յանցանքներուն համար…
Civilnet.am
mer-oughin.am/2021/03/06/պատասխանատու-են-բոլորը-բացի․․․/