Խօսքէն Անդին՝ Ծրագիր Եւ Գործ – Ա. (*) – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԵՃԵԱՆ
08 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ: ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԱՐՑԱԽ-ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԵՏ ՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՈՒՐՈՒԱԳԻԾ
«Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը…»
Յ. Թումանեան
Երբ օդանաւի, շոգեկառքի կամ նաւային արկած մը տեղի ունենայ, իյնան զոհեր ու վիրաւորներ, անմիջապէս բազմաճիւղ քննութիւններ կը բացուին, ստուգելու համար աղէտին պատճառը, ճշդելու՝ պատասխանատուն(երը), յանցաւորներուն դէմ որդեգրելու պատժական քայլեր, բայց այս բոլորէն անդին՝ ճիգ կ’ըլլայ, որ ինչպէ՞ս եւ որքանո՞վ կարելի է դարմանել հետեւանքները, հատուցում կատարել վնասուողներուն, կանխարգիլել կրկնութիւնը: Քննութեան տեւողութենէն աւելի՝ կարեւոր են ճշգրիտ, արդար դատումները:
27 Սեպտեմբեր 2020-ին, թուրք-ազերիական նախայարձակումով պայթած եւ 44 օր տեւած պատերազմը շատ աւելի ահաւոր հետեւանքներ ունեցաւ, քան փոխադրամիջոցի որեւէ ծանրակշիռ արկած: Հետեւանքներուն ընդհանուր պատկերը այսօր շա՜տ աւելի յստակ է, քանի ինչ որ էր պատերազմի դադրեցումէն անմիջապէս ետք, իսկ անցնող իւրաքանչիւր օր յաւելեալ գիծով մը կը յստակացնէ անորոշ մնացած երեսները: Այսօր, մօտաւորապէս 4 ամիս ետք, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տակաւին որեւէ շօշափելի քայլ չէ առնուած լուրջ քննութիւն կատարելու համար, մաս առ մաս բացայայտումները լուրջ քննութիւն չենք կրնար դասել, ուրեմն, անյետաձգելի պահանջ է, որ ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ բացուի վերականգնումի տաժանելի երթը, տրուած բացատրութիւնները, բացայայտումները հաւաքագրուին անվիճելի եւ անկողմնակալ, պետական հասկացութեան համապատասխան վաւերականութեամբ (այս մասին նաեւ աւելի ուշ):
ԵՐԿՈՒ ԱՆՀԱՇՏ ԱՇԽԱՐՀ
Փորձենք ստեղծուած վիճակը ներկայացնել ուրուագծային պատկերով, նշելով մէկ քանի հիմնական գիծ:
Առաջին ակնարկով, անվիճելի է, որ երկրին մէջ ստեղծուած են հակադիր եւ անհաշտ երկու «անջրպետներ», որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ’ապրի ի՛ր ստեղծած եւ հետապնդած իրականութեան (մէկ մասը՝ չակերտաւոր իրականութեան) մթնոլորտին մէջ, իւրաքանչիւրը ունի իր ենթաբաժանումները: Այս վիճակը իր ցոլացումը կ’ունենայ հայկական աշխարհին վրայ: Մէկ կողմէ, կայ գործադիր իշխանութիւնը պահող վարչապետին եւ գործակիցներուն «աշխարհը». հոն, աշխատանքները, ներքին թէ այլ ոլորտներու մէջ, կ’ընթանան այնպիսի բնականութեամբ եւ ծրագրաւորումով, որ կարծէք թէ է ստեղծուած վիճակին ծանրութիւնը ըլլար անցողիկ զգացում, կամ՝ պէտք է հաշտուիլ ջայլամական այն տրամաբանութեամբ, որ «եթէ պարտուած չես զգար, ուրեմն պարտուած չես»: Խորհրդարանը կը խուսափի կացութեան լուրջ քննարկումէն (սահմաններ, գերիներ, հողերու կորուստ, ընկերային-տնտեսական կեանքի տակաւ ճգնաժամացում…), օրակարգի նիւթ կը դարձնէ առաւելաբար «ընթացիկ» խնդիրներ (ո՛չ ոք կ’արհամարհէ նման հարցերու քննարկման եւ լուծումներու անհրաժեշտութիւնը). այս «աշխարհ»ին մէջ անգիր կերպով տիրապետող են այն մտածումն ու հոգեվիճակը, թէ՝ «ի՞նչ կ’ըլլայ որ, եթէ Արցախի մեծ մասին հետ պատերա՛զմն ալ կորսնցուցեր ենք, բազմահազար զոհ ու վիրաւոր տուեր ենք, ունինք գերիներ, ունինք վերաբնակեցման հրամայականներ, տնտեսական եւ ընկերային օր ըստ օրէ ծանրացող պայմաններ՝ այս բոլորը պէտք է ընդունիլ իբրեւ բնական հետեւանքը որեւէ պատերազմի (արհամարհելի չէ Արցախի ու «դժբախտ Շուշի»ի գլխացաւանքէն ձերբազատած ըլլալու մտածողութիւնը), պայման չէ, որ կեանքը շարունակելու համար տագնապինք, տաժանակիր աշխատանքի մատնուինք, տակն ու վրայ ըլլանք: Մտածենք երէկի թշմանիներուն հետ սահմաններ բանալու մասին, առեւտուր ընենք, յուսալով որ անոնք մէկ օրէն միւսը պիտի հոգեփոխուին եւ առիթ պիտի տան, որ աւելի հանգիստ շնչենք»… հետզհետէ նեղցող եւ շնչասպառ ընող սահմաններու մէջ: Բարեբախտութի՞ւն պէտք է համարենք, որ Հայաստանէն ցարդ չէ հնչած… համաթուրանականութեան ծրագիրին մասնակից ըլլալու քարոզչութիւնը: Իշխանական «աշխարհը» լծուած է յետ-պատերազմեան «ճամբու քարտէս»-ի մը, կը շարունակէ կոտրտել… ներքին ու արտաքին այն ճիւղերը, որոնց կը յենի, պէ՛տք է յենի պետական համակարգ մը (օրինակները հրապարակ կը վազեն իւրաքանչիւր արեւածագէ ետք): Անհետեւողականութեան եւ շուարումի մէկ այլ արտայայտութիւն է օր մը կանխահաս ընտրութիւն ուզելու, քանի մը օր ետք «ընտրութեան կարիք չկայ»ի, յետոյ դարձեալ «ընտրութիւն ընենք»ի «փայլատակումները»:
Չերկարենք: Աւելցնենք միայն, որ իշխանաւորներու կողքին, կան որոշ խմբակցութիւններ, նաեւ՝ ժողովուրդի մէկ հատուածը, որոնք այս կամ այն հաշիւով ու նկատառումով, կը նախընտրեն չքալել երկիրը աղէտի մատնած կառավարութեան ու իշխանաւորներու փաղանգին դէմ: Ասոնք կը նախընտրեն մոռնալ, թէ պատերազմի օրերուն խաբէութեամբ կերակրուեցան, պատրանքը կը շարունակուի, կը մերժեն սթափիլ իր իսկ յայտարարած արժէքներէն պարպուած յեղափոխութեան գինովութենէն:
Իշխանութեան առանձին-գլուխ ընթացքին դիմաց, կայ ընդդիմադիրներու օր ըստ օրէ լայնցող ճակատը, որ ստեղծեց եւ կը զարգացնէ ի՛ր աշխարհը: Ընդդիմադիրները ունին բազմաթիւ շերտաւորումներ. կայ 17 կուսակցութիւններու համախմբումը, որ յետ-պատերազմեան փուլին ինքզինք յաւելեալ բիւրեղացումի հասցուց՝ հրապարակ բերելով «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»-ը: Կան խորհրդարանական երկու (միակ) ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնցմէ մէկը կը գործակցի «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»-ին հետ, թէեւ երբեմն բացայայտ կը դարձնէ, թէ կրնայ օր մըն ալ հետապնդել «իր հասկցած» նպատակները, իսկ միւսը կ’ապրի ի՛ր շահադիտական ոստոստումները: Կայ նաեւ դանդաղօրէն ստուարացող՝ անկախ պատգամաւորներու փաղանգը: Անդին, կան քաղաքական անհատներ եւ խմբաւորումներ, մտաւորականներու, իրաւաբաններու, տնտեսագէտներու եւ բանիմաց գործի մարդոց փաղանգներ, որոնք ընդհանրապէս համակարծիք են ընդդիմադիր ճակատին եւ որոնց տրամաբանութեան կողքին է Եկեղեցին. իսկ բանակի սպայակոյտին 25 Փետրուարի ծանօթ պահանջքն ու Փաշինեանի հակադարձութիւնը նոր շեշտադրում մը տուին տագնապին: Չմոռնանք նաեւ կրաւորականներու, մէկդի քաշուածներու փաղանգը, որ չես գիտեր թէ ի՞նչ հաշիւներով ինչի՞ կը սպասէ:
ՍՊԱՍՈՒՄ ՇՕՇԱՓԵԼԻԻՆ
Յիշեալ ու մեր չարձանագրած բազում գիծերուն ներկայութիւնը չի նպաստեր ներքին բաժանուածութեան եւ իրողական քաոսային վիճակի դարմանումին, անուղղակիօրէն դուռները լայն բանալով… արտաքին ազդեցութիւններու հզօրացման առջեւ: Կասկածի տակ չենք դներ այն, որ մանաւանդ ընդդիմադիր ճակատը իր շարժումը կը տանի հայրենիքին ու ազգին վիճակը բաւրոքելու դրօշին տակ, սակայն բացայայտ է որ շարժումը ցարդ հրապարակ չէ եկած աշխատանքի մանրամասն ծրագիրով եւ գործնական նախաքայլերով, որոնք անհրաժեշտ են ժողովուրդի աւելի՛ լայն զանգուածներու ներգրաւման:
Ճիշդ է, որ իշխանութիւն ունենալը անփոխարինելի յենարան է, թէ՝ ինքզինք անկարողութեան մատնած՝ անատակ իշխանութեան կողմէ խորտակուած «փոխադրամիջոց»ին ղեկին մնալը շատ բան կ’արգելակէ (ներքին թէ արտաքին գետիններու վրայ), սակայն միւս կողմէ, ընդդիմադիրները արդէն կը մտածեն-կը խօսին-կը գործեն այն հաւաստիքով, որ իշխանութիւնը գոյութիւն ունենալէ դադրած է, մօտաւորապէս երեք տարի առաջ եղածը, ըստ էութեան, յեղափոխութիւն չէր, «քալող»ը չէ կրցած իրականացնել իր թաւշեայ դրօշին վրայ արձանագրած յուսատու եւ ազնիւ խոստումներուն մեծ բաժինը (եթէ «անցեալցի»ները որոշ թերութիւններ ունեցած են, արդէն այսօր աւելի՛ յստակ է, որ անոնք ունեցած են կարեւոր ձեռքբերումներ, որոնք մեծ մասամբ փոշիացան «Թաւշեայ յեղափոխականներ»ու ծանօթ ընթացքին հետեւանքով):
Ինչ որ յստակ է ու անվիճելի՝ հետեւեալներն են (ու աւելին). փաշինեանական իշխանութիւնը, իր հայաստանեան եւ արցախեան թեւերով, սնանկացած է ու սնանկացուցած՝ Հայաստանն ու Արցախը (խօսքը միայն նիւթական սնանկութեան մասին չէ), իշխանութեան ղեկին մնալուն իւրաքանչիւր շաբաթը նոր նահանջներու եւ անկումներու պատճառ կ’ըլլայ, նոր տագնապներ կը պայթեցնէ: Ահա թէ ինչո՛ւ ընդդիմադիրներէն կը սպասուի, որ աւելի՛ շօշափելի ապացոյցներով փաստարկեն, թէ երկիրը պիտի չվերադառնայ անցեալի թերութիւններուն՝ ո՛չ միայն 27 Սեպտեմբերի նախընթաց կարճ փուլի վիճակին, այլ նաեւ ետդարձ պիտի չկատարուի դէպի «հիներու» աշխարհը, ա՛յն աշխարհը, որուն հետեւանքն էր 2018-ի ժողովրդային ա՛յլապէս արդար ընդվզումը:
ԱՆԴՈՒՆԴԷ ԱՆԴՈՒՆԴ
Կառավարութեան կազմութեան պարագային, կարելի չէ երեւակայել ետդարձի մասին. փաստօրէն, ի՞նչ չարաշահութեան եւ մենատիրութեան մասին կրնանք խօսիլ-մտածել այսօր, երբ երկիրը ինկած է անդունդի մէջ: Ոմանք տակաւին ունին այն պատրանքը, թէ «անդունդի եզրին ենք», մինչդեռ ինկած ենք անդունդին խորը, իսկ կայ «անդունդէ անդունդ իյնալու» կարելիութիւնն ալ…:
Պէտք է բոլոր վերապահներուն գործնապէս ցոյց տալ, թէ «Առանց Նիկոլ Հայաստան» եւ այլ նշանախօսքեր սոսկական աթոռակռիւ չեն արտայայտեր, կամ՝ բանակայիններու (եւ ուրիշներու) ցոյց տուած «կարմիր քարտեր»ը անիշխանականութեան տանող, օրէնքները ոտնակոխող յեղաշրջական քայլեր չեն, այլ բոլորս անխտի՛ր կանգնած են ՀԱՅՐԵՆԻՔ եւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՓՐԿԵԼՈՒ, ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ հրամայականին դիմաց: կարեւոր է յիշել, թէ իրական թշնամիները՝ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան են, յստակացնել բարեկամները-գործակիցները (եւ չմոռնանք նշանաւոր խօսքը. «Տէ՛ր Աստուած, զիս փրկէ՛ բարեկամներէս, ես թշնամիներուս հետ գլուխ կ’ելլեմ…»):
Վերականգնումի, գործնակա՛ն վերականգնումի երթը պէտք է սկիզբ առնէ՝ ձեւաւորելով այն իշխանութիւնը՝ հայրենիքին ու ազգին շահերուն անսակարկ եւ անշահախնդիր նուիրուելու կոչուելիք իշխանութիւնը, որ երկրին ղեկը իմաստուն եւ հաւասարակշռուած կերպով պիտի վարէ նա՛եւ փոխանցման ժամանակաւոր կառավարութենէն ետք, պիտի իրականացնէ արդար ընտրութիւններ:
Այսօրուան իշխանութենէն ձերբազատիլը ինքնանպատակ արարք չէ, պիտի չըլլայ, այլ պէտք է վերափոխել, բարեփոխել հայ կեանքի ամբո՛ղջ մթնոլորտը, զայն մաքրազտել բոլոր ստապատիր ու խաբուսիկ նշանախօսքերէն, ՆՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ ներարկել ԱԶԳ-ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ հայրենիքին, որ ունի ո՛չ միայն Արցախի կորուսեալ հողերուն վերատիրացման կամքն ու քաղաքական ծրագիրը, այլ նաեւ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն եւ կորուստներուն վերականգնումի, հայրենիքին ու ազգին տիրութեան քաղաքական Հաւատամքը (գլխագիրով): Տեսլական՝ որ մեզ պիտի հասցնէ մինչեւ Արեւմտեան Հայաստան ու Կիլիկիա, մինչեւ Գանձակ եւ այլուր…: տեսլականի բիւրեղացումն ու կիրարկումը պիտի վերամիացնէ յիշեալ անկապակից «աշխարհները» եւ մեր հայրենիքին ու ազգին «փոխադրամիջոցը» պիտի վերադարձնէ բնական յառաջընթացին:
Այս ընդհանուր, թէեւ ոչ ամբողջական ուրուագծումէն ետք, կ’արժէ, որ կանգ առնենք եւ առանձին-առանձին քննարկենք մեր ԸՆԵԼԻՔՆԵՐԸ: (Որոշ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդական սիւնակներով):
(*) Այս խորագիրին տակ ներկայացող սիւնակները ընդունիլ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Դիտմամբ խուսափած ենք օրը օրին ծագող հարցերուն վրայ երկար կանգ առնելէ (անոնք արդէն կ’արժանանան յատուկ ուշադրութեան), այլ սա փորձ է կացութիւնը դիտարկելու ժամանակի քիչ մը լայն տարածքի վրայ:
yerakouyn.com/2021/03/08/խօսքէն-անդին՝-ծրագիր-եւ-գործ-ա-ս-մահ/