Հայաստան Եւ Արցախ Կ՛արձագանգեն Ալիեւի Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքները Այցելութեան

Հայաստան Եւ Արցախ Կ՛արձագանգեն Ալիեւի Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքները Այցելութեան

19 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: (Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները)

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարները արձագանգեցին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Արցախի բռնագրաւուած տարածքները տուած այցելութեան՝ դատապարտելով հայկական դրոշմը վերացնելու անոր յանձնարարութիւնները եւ հակահայ դիրքորոշումները։

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր յայտարարութեան մէջ դիտել կու տայ, որ Ալիեւ անձամբ յանձնարարած է իրեն ընկերակցողներուն՝ ջնջել միջնադարեան հայկական արձանագրութիւնները բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու պատերէն։

Նախարարութիւնը ղարաբաղեան տագնապի մնայուն լուծման վերաբերող շարունակական ջանքերուն նկատմամբ բացարձակ անյարգալից վերաբերմունք կը նկատէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած Հադրութի շրջանը՝ դիտել տալով, որ այս բոլորը Ատրպէյճանի հայատեաց եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ հետագայ յարձակողապաշտ ծրագիրներու մարմնաւորումն են:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Արցախի Հանրապետութիւնը բազմիցս տեղեկացուցած է միջազգային հանրութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող մշակութային ահաբեկչութեան, անոր ռազմական բռնագրաւման տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ցեղասպանական ծաւալապաշտական քաղաքականութեան կոպտագոյն խախտումներու մասին:

«Այդ ցեղասպան քաղաքականութիւնը յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ, միջազգային չափանիշների, դաշնագիրների, բանաձեւերի եւ համաձայնագիրների կոպիտ խախտում եւ սպառնալիք ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի համար», կը շեշտէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ կոչ ուղղելով համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններուն ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու, որպէսզի կանխուի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ դատապարտուի Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը։ Նաեւ նախարարութիւնը կը զգուշացնէ, որ անտարբերութիւնն ու անգործութիւնը կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛անդրադառնայ պատերազմի ամբողջ ընթացքին ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացայայտ խախտումներով զանգուածային ոճրագործութիւններուն, որոնց կարգին ցեղային զտումներուն եւ արցախահայութեան դէմ պատերազմական յանցագործութիւններուն։

Ապա լուսարձակի տակ կ՛առնուի Հադրութի շրջանի՝ տասնեակ հազարաւոր բնակչութեան հայաթափման եւ հոն գերի առնաուած քաղաքացիներու նկատմամբ եղած հաշուեյարդարին:

«Ադրբեջանի նախագահի կողմից Հադրութի շրջանում կատարուած յայտարարութիւնները բացայայտում են հայկական բնակավայրերի ոչնչացման եւ դրանց փոխարէն ադրբեջանական բնակավայրեր ստեղծելու մտադրութիւնը, ինչը խախտում է 2020թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթերը, որի համաձայն տեղահանուածները պէտք է վերադառնան իրենց հայրենի օջախներ։ Այն փաստում է նաեւ, որ ադրբեջանական վերահսկողութեան ներքոյ արցախահայութիւնը չի կարող գոյատեւել։ Աւելին, իր էթնիկ զտման քաղաքականութեան շրջանակներում Ադրբեջանն իրականացնում է հետեւողական քայլեր՝ ուղղուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան վերացմանն ու իւրացմանը: Ներկայումս իր վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի մշակութային յուշարձանների ֆիզիքական ոչնչացմանը զուգահեռ Ադրբեջանն ամենաբարձր մակարդակով ձեռնամուխ է եղել պատմական փաստերի կեղծման եւ հայ ժողովուրդից կրօնական եւ մշակութային արժէքներն օտարելու դատապարտելի պրակտիկային: Այս նպատակին է ուղղուած նաեւ Ադրբեջանի նախագահի կողմից արուած յայտարարութիւնը Հադրութի շրջանի Ծակուռի գիւղի 17րդ դարի հայկական եկեղեցու՝ իբրեւ «աղուանական» լինելու եւ վերջինիս պատերին առկայ հայատառ գրութիւնները «կեղծ» հռչակելու մասին՝ այսպիսով հող նախապատրաստելով հերթական վանտալիզմի իրականացման համար: Յատկանշական է, որ հրապարակուած տեսանիւթում վերոնշեալ եկեղեցին արդէն իսկ ենթարկուած է վանտալիզմի, քանզի այնտեղից հեռացուած են կրօնական խորհրդանիշները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատկապէս մտահոգիչ կը նկատէ Շուշի քաղաքի Կանաչ ժամ ժողովրդական անունը կրող Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ աւերման փաստերու առկայութիւնը, ինչ որ կը հաստատէ, որ բոլորովին կեղծ է Ատրպէյճանի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք պիտի պահպանէ քրիստոնէական պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ պատրաստ է համագործակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի հետ։ Այս առումով կոչ կ՛ուղղուի միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕին՝ շուտով միջամտելու, որպէսզի տակաւին չաւերուած յուշարձաններուն փրկութիւնը ապահովուի։

«Արցախի խաղաղ բնակավայրերի, պատմամշակութային ժառանգութեան աւերման, հայ բնակչութեան ոչնչացման եւ դրանց փոխարէն ադրբեջանական բնակավայրերի ստեղծման հիմքով ձեւաւորուելիք «խաղաղութիւնը» չի կարող լինել հաստատուն եւ տեւական։ Մենք շարունակելու ենք մեր պայքարն արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համար՝ սերտօրէն համագործակցելով միջազգային գործընկերների հետ», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը:

asbarez.com/arm/386422/հայաստան-եւ-արցախ-կ՛արձագանգեն-ալիեւ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail