ԱՌԱՋԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ. Պայտըն Պիտի Յաջողի՞ Արդարացնել Իսկական Բարեփոխման (Նաեւ Մեր) Ակնկալութիւնները – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

ՄՇԱԿՈՅԹ-Կոթող․ Արևմտյան Հայաստան․ Արճեշի շրջան-1

ԱՌԱՋԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ. Պայտըն Պիտի Յաջողի՞ Արդարացնել Իսկական Բարեփոխման (Նաեւ Մեր) Ակնկալութիւնները – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

19 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Writers-Sarkis-Mahseredjian-120 Մարտին, Ճօ Պայտըն կը բոլորէ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ Սպիտակ տուն մուտքին երկրորդ ամիսը: Ան 4 տարի առաջ հեռացած էր փոխնախագահի գլխարկը վար դնելով:

Երբ կը պատրաստուէր 46րդ նախագահին պաշտօնավարութեան ուղին, տիրական էին քանի մը հիմնական կարծիք: Ոմանք կ՛ըսէին, թէ ան անուղղակի վերարտադրութիւնը պիտի ըլլայ Պարաք Օպամայի իշխանութեան (վարչամեքենային կարգ մը անդամները Օպամայի խմբակի պահարանէն բերուեցան, նմանապէս՝ կարգ մը ծրագիրներ), ուրիշներ կ՛ըսէին, թէ ան պիտի դառնայ հականիշը՝ ամերիկեան պետական վարչամեքենան 4 տարի առեւանգման մէջ պահած` բթամիտ Տ. Թրամփի, իսկ ուրիշներ, կէս կատակ-կէս լուրջ, կ՛ըսէին, թէ Պայտըն իրողապէս ծածկոյթ մը պիտի ըլլայ փոխնախագահ Քամալա Հերիսի, որ պիտի ըլլայ երկիրը իսկական կառավարողը (չարխօսիկներ այս տեսակէտը կը հիմնաւորէին` Պայտընի համեմատաբար յառաջացեալ տարիքին եւ ընտրապայքարի օրերուն ցուցադրած այլատեսակ սայթաքումներուն վրայ):

Քաղաքական կեանքի մէջ չգրուած օրէնք մը կայ. երբ նոր նախագահ մը կամ վարչապետ մը (նայած՝ երկրի կառավարման դրութեան) սկսի պաշտօնավարել, առաջին 100 օրերը կը դիտուին իբրեւ փորձառական շրջան, տեսնելու, թէ ան ինչպիսի՞ քայլեր ու կարողութիւն ի յայտ պիտի բերէ, պիտի տայ դրակա՞ն, թէ՞ բացասական նախաճաշակ մը` իր ընտրական խոստումներուն տիրութիւն ընելու իմաստով:

Ժամանակը արագօրէն կը վազէ դէպի այդ` երեւակայական ժամկէտը, սակայն Պայտընի պաշտօնավարութեան առաջին երկու ամիսներու արդիւնքներէն դատելով, կարելի է որոշ գնահատականներ ու նախատեսութիւններ ընել: Կարճ խօսքով, կարելի է ըսել, որ ան գործնապէս կը խոստանայ շատ աւելի բանական եւ տրամաբանական նախագահ մը ըլլալ` երկիրը ՂԵԿԱՎԱՐԵԼՈՒ իմաստով, քան իր նախորդը (անշուշտ անմիջապէս կարելի է շարունակել` թէ նախորդէն վատը չէր կրնար ըլլալ…): Երկու ամիսներու պատկերը մտածել կու տայ, թէ ճիշդ է անգլերէն այն խօսքը, ըստ որուն՝ «լաւ սկսածը կիսով աւարտած է…» (Well begun is half done!): Այսուամենայնիւ, արդեօք պէ՞տք է խանդավառութեան մէջ սահմանը անցնիլ, պարզապէս տեսնելով, որ մարդը սկսած է իրականացնել առնուազն այն` ինչ որ իրմէ կը սպասուի բնականաբար, ըրածը կը կազմէ իր առաքելութեան էութեան, եւ ո՛չ թէ անպայման անկէ աւելին…: Կ՛արժէ, սակայն, մտաբերել, որ իր պաշտօնավարութեան սկսումէն հազիւ քանի մը շաբաթ ետք, Թրամփ գործնապէս ցոյց տուած էր իր փանջունիական տրամաբանութիւնը, »կը շինեմ« ըսելով` քանդած էր շատ բան:

Արձանագրենք ներքին եւ միջազգային բեմին վրայ Պայտընի առած քայլերէն եւ նախաքայլէն մէկ քանին, որոնց զարգացումով, 46րդ նախագահը կրնայ աւելի յուսատու երկիր մը կերտել: Բնականաբար ցանկը շատ աւելի երկար է (նախագահը արդէն ստորագրած է աւելի քան 60 հրամանագիր:

ՆԵՐՔԻՆ ԲԵՄ

01 BidenՊայտընի առաջին «շահող խաղաքարտը» եղաւ Պսակաւոր ճահրի համաճարակին դէմ միջոցառումներուն արդիւնաւոր կիրարկումը: Արդար ըլլալու համար, պէտք է ըսել, որ հոս զուգադիպութեան հարց մը կայ: Պայտըն Սպիտակ տուն մտաւ այն օրերուն, երբ արդէն մէկէ աւելի պատուաստներ հրապարակ եկած էին եւ տենդ մը կար ամէնուրեք՝ տուեալ երկրի քաղաքացիները օր առաջ պատուաստով ապահովելու: Պայտընի եւ իր կազմաւորած վարչախումբին դերը այն եղաւ, որ անոնք շրջադարձի ենթարկեցին Թրամփի օրով որդեգրուած գործելակերպը (եթէ անշուշտ եղածը գործելակերպ կարելի էր կոչել): Առաջին հերթին, նախազգուշական միջոցներուն վրայ շեշտ դրուեցաւ, մարդիկ սկսան համոզուիլ, որ պէտք է դիմակ գործածել, խճողուած վայրերէ խուսափիլ, ապահովութեան տարածք մը պահպանել շրջապատին հետ, իսկ պատուաստումի արշաւը դրուեցաւ ըստ բաւականին արագ շարժող շոգեկառքի մէջ (հիմա արդէն բացայայտուած է, որ Թրամփ եւ կինը գաղտնօրէն պատուաստ ստացած էին պաշտօնավարութեան լրումէն առաջ, սակայն հաւատարիմ մնացած էին համաճարակը արհամարհելու իրենց «քաջարիօրէն բթամիտ» վարմունքին). նախագահը կը խոստանայ մինչեւ Մայիս ապահոված ըլլալ աւելի քան 100 միլիոն քաղաքացիներու պատուաստումը, ապա նոյն թափով շարունակել, որպէսզի մինչեւ ամրան ամիսները բոլոր քաղաքացիները պատուաստ ստացած ըլլան: Սա՝ ձեւով մը «երկինքէն ինկած» դրական շարժումը՝ նպաստեց նոր նախագահի վարկին բարելաւման: Եթէ նախատեսութիւնները իրականանան, երկրի տնտեսական-գործի պայմանները պիտի ստանան դրական մղում մը, քայլ առ քայլ ետդարձ ընելով անկումի այն ընթացքէն, որ սկիզբ առաւ աւելի քան տարի մը առաջ (սա համաշխարհային տագնապ է, չենք անտեսեր), այսինքն՝ շուկաներու բացում, գործազրկութեան բարեշրջում, երթեւեկի բնականոնացում եւ մասամբ նորին:

Հետեւեցան քանի մը այլ յուսատու քայլեր, որոնք նմանապէս տնտեսական-ընկերային դժուարութեանց բարեշրջման նախաքայլերը կ՛աւետեն: Նախագահը յաջողեցուց նիւթական դժուարութեան մատնուած ընտանիքներու, կրթական եւ այլ հանրօգուտ հաստատութեանց բեռները թեթեւցնելու իր ծրագիրը. մօտաւորապէս 2 եռիլիոն տոլարի նպաստաբաշխումի ծրագիրը թէեւ աննախընթաց քայլ չէ, սակայն աւելի յուսաբեր տարողութիւն ունի, քան ինչ որ կը փորձէին ներկայացնել այս ծրագիրին հակաճառողները:

Դրական քայլերու ցանկին են քարիւղատար խողովակաշարերու ծրագիրին ու Մեքսիքայի սահմանին վրայ տխրահռչակ պատին կասեցումը, տան վարձք վճարելու դժուարութիւն ունեցողները տնազուրկ ըլլալէ փրկելու որոշումը, ուսանողներու պարտքերուն վճարման պայմանաժամի երկարաձգումը, սահմանափակ եկամուտով ընտանիքներու բժշկական դարմանումի-նպաստի պայմաններուն դիւրացումը, մինչեւ իսկ… Կուանթանամոյի բանտը փակելու մտադրութեան վերականգնումը (կը յիշէ՞ք, որ Քուպայի մէջ ասանկ բանտ մը կայ, եւ Պուշի օրերէն ի վեր քանի՜ երգ հիւսուած է անոր փակումին շուրջ: Հոն կը մնան 40 բանտարկեալ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, կ՛ըսուի, կառավարութեան պիւտճէին կ՚արժէ տարեկան շուրջ… 13 միլիոն տոլար):

Յամենայնդէպս, տակաւին կանուխ է գրաւ դնելու այս բոլորին վրայ, որովհետեւ չես գիտեր, թէ «առաջին ախորժակով» առնուած քայլերը որքա՞ն շունչ պիտի ունենան, այս կամ այն բարեփոխութիւնը վաղը գլխիվայր պիտի չշրջուի «տիրական ուժեր»ուն կողմէ, անոնք՝ որոնք իրողապէս կը տնօրինէին նախորդ վարչամեքենաներուն քայլերը, անկախ անոնց կուսակցական պատկանելիութենէն: Քանի՜-քանի բարի նպատակ շնչահեղձութեան մատնուեցան անցեալին:

05 BIDEN-CARTOONԵթէ բաւականանաք այս քանի մը օրինակով, ներքին վիճակի բարելաւման ընթացքին ու նախատեսութիւններուն վրայ կարելի է աւելցնել գոնէ կէտ մը եւս: Հիմա, երբ նախագահը պատկերասփիւռէն կամ պաշտօնական հանդիպումներու պահուն խօսք կ՛առնէ, մարդիկ սկսած են զգալ, թէ խօսողը բանիմաց մէկն է, որուն խօսքը կարելի է հասկնալ, մտիկ ընել, մինչեւ իսկ եթէ տեսակէտներուն համակարծիք չես: Կարօտաբաղձութիւն չունինք այն օրերուն, երբ «նարնջագոյն մարդը» ցնդաբանութիւններով հանդէս կու գար ամէն օր, համակարգչային սարքերով դատարկաբանութիւններ կը տարածէր եւ մարդոց ուշադրութիւնը կ՛առաջնորդէր դէպի իրականութիւններու հետ կապ չունեցող տիեզերքներ: Լրատու աղբիւրներ յոգնած ու ձանձրացած էին անոր սուտերուն ցանկերը կազմելէ…

ԱՐՏԱՔԻՆ ԲԵՄ ԵՒ…

Արտաքին եւ միջազգային բեմին վրայ եւս, Պայտընի առաջին քայլերը շատ աւելի դրական եղան, քան իր նախորդին այն յոխորտանքները, որոնք յաճախ կրկնուեցան «Ամերիկան դարձեալ հզօր պիտի դարձնեմ»ի նշանախօսքով, մինչդեռ ան երկիրը տարաւ մեկուսացումի եւ բազմաթիւ գետիններու վրայ անկումի:

Պայտընի առաջին քայլերէն եղան այն յայտարարութիւնները, թէ Ուաշինկթըն պիտի վերամիանայ կենսոլորտի ապականման աղէտին դէմ միջազգային պայքարին, պիտի բարեշրջէ զինակիցներու եւ միջազգային կազմակերպութեանց հետ գործակցական տրամաբանութիւնը (տեղ-տեղ խզումներ ու թուլացումներ պատահած են նախորդ տարիներուն, օրինակի համար` ՄԱԿին եւ անոր կարգ մը գործակալութեանց՝ Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան հետ): Իբրեւ բարեշրջման քայլ, կամ՝ հոն տանող քայլեր կը դիտուին նաեւ իսլամական երկիրներէ ներգաղթողներու դէմ արգելքներու մեղմացման, ապա նաեւ լատին ամերիկեան երկիրներէ գաղթականներու Միացեալ Նահանգներ մուտքի դիւրացման տրամադրութիւնները (առանց մոռնալու գաղթականներու անչափահաս մանուկներուն նկատմամբ աւելի հոգածու ըլլալու միտումը):

…ՄԵԾ ՀԱՐՑԵՐ

Թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին գետիններուն վրայ, եթէ վերոյիշեալ կէտերը կը դիտուին իբրեւ բարեշրջական քայլեր, նախ պէտք է արձանագրենք, որ սա իսկական բարեշրջումէ բաւական հեռու է տակաւին: Եղածը, պարզ բառերով, անցեալ տարիներուն արձանագրուած ձախաւերութեանց եւ ետդարձին շրջումն է, ու ճիգ՝ երկիրը վերադարձնելու քիչ թէ շատ բնականոն վիճակի: Իսկական բարեշրջումը պիտի գայ անկէ ետք (եթէ գայ, կամ՝ եթէ Պայտընի եւ իր կազմաւորուող վարչամեքենային «արտօնութիւն տրուի», որ աւելին ընեն):

ՆԵՐՔԻՆ գետնի վրայ, արձանագրենք քանի մը պարզամիտ հարցումներ: Օրինակի համար, կարելի պիտի ըլլա՞յ սպառողին արդէն բազմապատկուած վճարումներուն բեռները թեթեւցնել. ճիշդ է, որ որոշ գումարներ պիտի հասնին անհատներու, ընտանիքներու եւ հաստատութեանց, սակայն ապրուստի սղութեան ներկայ պատկերը շատ արագ պիտի մաշեցնէ այդ նպաստը եւ շղարշապատ տագնապը դարձեալ ցոյց պիտի տայ իր դաժան դէմքը: Յետոյ, կարելի պիտի ըլլա՞յ վար բերել վառելանիւթերու եւ տարրական սպասարկութեանց սակերը, հակակշիռ հաստատել այլ կենսանիւթերու (օրինակ՝ դեղեր, ապահովագրութիւն…) շուկաներուն վրայ, ուր դրամատիրական ազատ-շուկայականութիւնը եւ օրէնքի ճամբով անսանձ մնացող իրողական կողոպուտը նոր թռիչքներ կերտեցին համաճարակին «հովանիին» տակ, ու մարդիկ սկսան իրենք զիրենք համոզել, որ «այս վիճակին մէջ, այսքանով պէտք է գոհ ըլլանք»:

ԱՐՏԱՔԻՆ բեմերու վրայ, կան նոյնքան եւ աւելի մեծ հարցականներ, մտավախութիւններ, իսկ առաջին նախանշանները մեծ յոյսեր չեն բերեր: Հոս ալ բաւականանանք մէկ քանի օրինակի արագ թւումով:

Աշխարհի միւս մեծ ուժերուն, մասնաւորաբար Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ յարաբերութեանց ասպարէզներուն մէջ, թէ՛ ամերիկացիք եւ թէ աշխարհը ակնկալութիւններ ունին Պայտընի վարչամեքենայէն: Փորձը ցոյց տուած է, որ եթէ մրցակցութիւններն ու հակադրութիւնները-հակամարտութիւնը որոշ չափով անխուսափելի են, անդին, կան գործակցական հորիզոններ, որոնք անցեալ տարիներուն որոշ խափանումի ենթարկուեցան: Աւելի քան 30 տարի առաջ, երբ Պերլինի Պատը փուլ բերուեցաւ, աւանդական Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միջեւ ստեղծուեցաւ դրական գործակցութեան մթնոլորտ մը, որ լիարժէք կամ կատարեալ չըլլալով հանդերձ, բարեփոխումի հովեր բերաւ մարդկութեան եւ ցամաքամասերուն: Վերջերս, զինարշաւի եւ բացասական մրցակցութեան զանգերը աւելի՛ յաճախ կը հնչեն, իսկ անոնց »թափօնները« արդէն չարիք կը տարածեն հոս-հոն…

Եթէ Եւրոպայի, Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ այլ աւանդական բարեկամներու հետ յարաբերութեանց բարելաւման նշաններ ի յայտ կու գան, անդին, չի բաւեր Ռուսիոյ եւ Չինաստանի նկատմամբ բարի տրամադրութեան նշոյլներ ցուցաբերել, այլ պէտք է այդ շողիկները վերածել լուսաւորող ջահերու: Անկէ պիտի օգտուին նաեւ հզօրներուն ազդեցութեան գօտիներու մէջ ինկող երկիրներ ու շրջաններ: Օրինակի համար, բաւարար չէ տրամադրութիւն ցոյց տալ, թէ Իրանի հետ կորիզային ուժանիւթի համաձայնագիրը կարելի է վերականգնել, իսկ անդին, ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկել Իրանի դէմ (սուրիական հողերու վրայ յարձակումը, որ արդէն քաղաքական փոթորիկ ստեղծեց ամերիկեան դաշտին մէջ, առարկութիւններ բարձրացան, թէ նախագահը ինքնագլուխ, առանց խորհրդարանի կարծիքին դիմելու առած է այդ քայլը: Նոյնը ըրած էին նախորդները…): «Կրնամ հարուածել»ի մտածելակերպը պէտք է փոխարինուի «պէտք է գործակցիմ»ով:

ՄԵՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԷՆ

Մեր՝ հայութեան դիտանկիւնէն ալ, դրական սպասումներ կան Պայտընէն եւ իր վարչակազմէն:

Այս հանգրուանին, բնականաբար վերջին պատերազմին հետեւանքներուն դարմանումը զգեցած է անմիջականութիւն, սակայն չենք մոռցած, չենք կրնար մոռնալ, որ Ուաշինկթընի գործադիրը կը կանգնի Ցեղասպանութիւն ճանչնալու հրամայականին դէմ յանդիման, ամբողջականացնելու համար այն քայլերը, որոնք աւելի քան տարի մը առաջ որդեգրուեցան խորհրդարանի զոյգ ժողովներուն կողմէ, իսկ անկէ առաջ, գրեթէ բոլոր նահանգները արդէն կատարած են իրենց մարդկային-քաղաքական պարտաւորութիւնը: Շեշտենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պարզապէս կարեւոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ դէպի լիարժէք արդարութիւն եւ հատուցում տանող ճամբուն վրայ, եւ այդ ճամբուն տարբեր հանգրուանները պիտի կազմեն վերջին պատերազմին հետեւանքներուն դարմանումը, իրավիճակին վերատեսութիւնը…

Միացեալ Նահանգներու գործադիրէն գործնական շարժումներ կը սպասուին մասնաւորաբար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ: Սա լոկ հայկական ակնկալութիւն չէ, այլ նման ակնկալութիւն կայ Միջին Արեւելքի մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերուն: Թուրքիա այսօր անծածկոյթ հրապարակ եկած է համաթուրանական իր ծրագիրները իրականացնելու դիտաւորութեամբ, առաջին ծանր հարուածն ու վնասը կրեցինք մենք` հայերս, Արցախի մէջ (հողերու կորուստ, հազարաւոր զոհ, վիրաւոր, ահաւոր քանդում-վնաս), իսկ հիմա, Հայաստանի հարաւը ինկած է նոյն Դամոկլեան սուրին տակ: Թող Հայաստանի իշխանութիւնները շարունակեն երգել »վտանգուած չենք« յանկերգը, տարուին ինքնախաբէութեամբ, թող շարունակեն կոյրի տրամաբանութեամբ դիտել այն վտանգաւոր զարգացումները, որոնք աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կլանած են միջին արեւելեան երկիրները, ճառագայթումներ կ՛ունենան դէպի Ծոցի շրջան եւ ափրիկեան ցամաքամաս, դէպի Չինաստան եւ Հնդկաստան, իսկ այդ բոլորին մէջ, ծայրայեղականներու, ահաբեկիչներու ձեռքով ծրագիրներ իրականացնելու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը այլեւս գաղտնիք չէ: «Երկինքը փուլ կու գայ, մէկ կտորն ալ պոչիս վրայ է» մանկական հեքիաթը դաժան իրականութիւն է այսօր, ու մենք իրաւունք չունինք ինքնախաբէութեամբ տարուելու, երբ օր ցերեկով կը տեսնենք թրքաազերիական կրկնուող ռազմափորձերը, իսկ անոնց դիմաց ամերիկեան եւ այլ ուժերու կրաւորական ակնոցները:

Ու եթէ այս բոլորը աչքի առջեւ ունենալով, մենք՝ հայերս, նաեւ՝ մեզի պէս տառապողներ արդար ակնկալութիւններ ունին Պայտընէն (նաեւ անոր մրցակից հանդիսացող հզօրներէն), պէտք է նաեւ ընդունինք, որ այդ ակնկալութեանց արդարացման, ընդառաջող գտնելու համար, ձեռնածալ մնալը բաւարար չէ, այլ անհրաժեշտ է թէ՛ պետական եւ թէ կազմակերպական մակարդակներու վրայ ճիգերու բազմապատկումը, պետական ձեռքերու (կառավարական, խորհրդարանական, մարդկային իրաւանց միաւորներու եւ այլոց) կողքին, համակարգուած աշխատանքի կոչուած են մանաւանդ սփիւռքեան ցանցեր. Փաստօրէն, Հայ Դատի գրասենեակները չեն դանդաղիր իրենց առաքելութեան մէջ:

Սնամէջ նշանախօսք չէ «Մինսքի խմբակը պէտք է վերականգնի»ն, այլ կենսական է Մինսքի խմբակին ճշդած սկզբունքները կիրարկել, զանոնք զարգացնել, բարելաւել ու պատշաճեցնել պատմական իրականութեանց, մեր արդար իրաւունքներուն, որոնք յաւելեալ խեղաթիւրումի ենթարկուեցան 44օրեայ պատերազմին հետեւանքով: Մեր անմիջական պարտաւորութիւններէն մէկն է տեսնել թրքական վտանգին տարողութիւնը, ցոյց տալ անկէ բխող սպառնալիքները` մեր սահմաններէն անդին տարածուող գօտիներուն եւ երկիրներուն, մեծ ուժերուն, որպէսզի աւելի շուտ, քան թէ ուշացումով կարելի ըլլայ կանխարգիլել ամբողջ մարդկութեան ուղղուած համաթուրանական սպառնալիքը: Սուլթանական Թուրքիոյ չարիքները չեն ջնջուած, պէտք է խուսափիլ անոնց վերարտադրութենէն: Չի բաւեր յանկերգել, որ Ցեղասպանութիւնը ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ չարիք էր, պէտք է արգիլել կրկնութիւնը` բոլոր ձեւերով ու հետեւանքներով:

…Մեր թէ աշխարհի արդար ակնկալութեանց դիտանկիւնէն, բնականաբար մեծ հարցեր կը մնան այն առումով, որ Պայտըն եւ նմաններ կարո՞ղ են գոնէ նուազեցնել «մեծ շահերու» ազդեցութիւնը՝ իրենց ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան դաշտերուն վրայ: Օրինակի համար, կարելի պիտի ըլլա՞յ նուազեցնել քարիւղի, զէնքի, արդի արհեստագիտութեան եւ այլ ոլորտներուն տիրապետողներուն ազդեցութիւնը, որպէսզի աշխարհն ու մարդկութիւնը քալէ դէպի աւելի՛ արդար, հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու դաշտ: Նման ընթացք, իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի բերէ ո՛չ միայն մեր Հայաստան-Արցախ աշխարհին, այլ նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի, Իրաքի, Եմէնի, Աֆղանիստանի, Քորէաներու եւ բազում այլ երկիրներու, որոնք հալ ու մաշ կ՛ըլլան նոր պաղ-պատերազմեան ալիքներու հետեւանքով:

Պայտըններու իսկական դէմքը պիտի գնահատուի նման իրագործումներով միայն. մնացեալը պիտի իյնայ «մանրուքներ»ու տոպրակին մէջ:

asbarez.com/arm/386397/առաջին-դրական-նշաններէն-ետք-պայտըն-պի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail