Ատրպէյճան Հինգ Հարիւր Թոն Զինամթերք Ծախած Է Քոնկոյի Բռնապետական Վարչակարգին – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ատրպէյճան Հինգ Հարիւր Թոն Զինամթերք Ծախած Է Քոնկոյի Բռնապետական Վարչակարգին – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

19 ՄԱՐՏ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

1227haroutsassounianԱսիկա Ատրպէյճանի զարմանալի պատմութիւնն է, երկիր մը, որ, մէկ կողմէ ուրիշներէն զինամթերք կը գնէ իր կարիքներուն համար, իսկ միւս կողմէ տասնեակ միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ զինամթերք կը ծախէ Կեդրոնական Ափրիկէի երկիրներէն մէկուն:

22 Փետրուար 2021ին, Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծը (OCCRP) հրապարակեց յօդուած մը՝ «Քոնկօ-Պրազաւիլի տիրակալը գաղտնաբար զէնք կը գնէ Ատրպէյճանէն» վերնագիրով։ Յօդուածին հեղինակներն են՝ Խատիճա Շարիֆ եւ Մարք Էնտըրսըն: Քոնկօ-Պրազաւիլը Քոնկոյի Հանրապետութեան ուրիշ մէկ անունն է:

Ահաւասի՛կ OCCRP-ի յօդուածին մէջ տեղ գտած հիմնական եզրակացութիւններուն համառօտ շարադրանքը

«Քոնկօ-Պրազաւիլը 2015էն սկսեալ հսկայական զէնքի պաշար գնած է Ատրպէյճանէն աւելի քան 500 թոն զինամթերք ուղարկուած է այդ երկիրը, քանի մը խմբաքանակներով։

Յունուար 2020ին, Ատրպէյճանէն առաւել քան 100 թոն զինամթերք ուղարկուած է Քոնկօ-Պրազաւիլի Հանրապետական պահակազօրին, ներառեալ՝ 775 ականանետային ռումբեր եւ աւելի քան 400 հրթիռներ՝ նախատեսուած բեռնատարներէն արձակելու համար։

Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները կը պնդեն, որ Ատրպէյճանէն զինամթերքի նախկին փոխադրումները օգտագործուած են 2016ին՝ յետ-ընտրական դաժան յարձակումներու բորբոքման նպատակով, ինչ որ յանգեցուցած է մարդասիրական ճգնաժամի:

Սէուտական Արաբիան՝ 2016 եւ 2017 թուականներուն ուղարկուած զինամթերքի առնուազն երկու խմբաքանակներու իբրեւ «հովանաւորող կողմ» կը նշուի, նոյն ժամանակ բանակցութիւններ ընթացած են՝ Քոնկօ-Պրազաւիլը OPEC-ի (Նաւթ արտահանող երկիրներու կազմակերպութիւն) մէջ ընդունելու համար:

«Յունուար 2020ին Մարմարա ծովու արեւելեան ափին գտնուող թրքական Տերինճէ նաւահանգիստին մէջ զինամթերքի հսկայական քանակ մը բարձուած է MV Storm բեռնատար նաւուն վրայ: Վանուաթուի հարկային նաւահանգիստին մէջ արձանագրուած այս նաւը, բարձուած ականանետային ռումբերով, համազարկային բազմաթիւ հրթիռներով եւ պայթուցիկ նիւթերով՝ ճամբորդած է Ատրպէյճանէն դէպի Քոնկոյի Հանրապետութիւն, որ աւելի յայտնի է՝ իբրեւ Քոնկօ-Պրազաւիլ», կը տեղեկացնէ OCCRP-ը

Վերոնշեալ ամփոփագիրը քանի մը լուրջ հարցեր կ՛արծարծէ. օրինակ՝ ինչո՞ւ Ատրպէյճան զինամթերք կ՛ուղարկէ Քոնկոյի Հանրապետութեան, երբ Պաքու ի՛նք զէնքի կարիքը ունի: Քոնկօ ուղարկուած զինամթերքի իսկական աղբիւրը Ատրպէյճա՞նն է, թէ Թուրքիան։ Ինչո՞ւ Սէուտական Արաբիան հովանաւորած է զէնքի երկու առաքումները 2016 եւ 2017 թուականներուն. այս կը նշանակէ, որ Սէուտական Արաբիոյ կառավարութիւնը վճարում կատարած է զինամթերքի դիմաց: Ինչո՞ւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնապետները կը փորձէին աջակցիլ Քոնկոյի Հանրապետութեան բռնապետին՝ նախագահ Տենիս Սասու-Նկուեսոյին, որ 1997էն ի վեր իշխանութեան ղեկին վրայ է։ Ի՞նչ ստացած են Ատրպէյճան կամ Թուրքիա զինամթերքի առաքման դիմաց:

Յունուար 2020ին, Ատրպէյճան տասնեակ միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ աւելի քան 100 թոն զինամթերք առաքած է Քոնկոյի Հանրապետական պահակազօրի ընտրանի խումբին։ Այս մէկը 2015էն սկսեալ 17 նման առաքումներու վերջինն էր: Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճան Քոնկօ ուղարկած է առաւել քան 500 թոն զինամթերք, ներառեալ ձեռքի նռնակներ, ականանետային համակարգեր եւ միլիոնաւոր փամփուշտներ, կը յայտնէ OCCRP-ը:

Ընդդիմութեան ուժերը կը պնդեն, որ այդ զէնքերը  պիտի օգտագործուին Քոնկոյի նախագահին կողմէ, 21 Մարտին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին իր իշխանութիւնը բռնի կերպով պահպանելու համար: Վերջերս ան փոխած է սահմանադրութիւնը, որպէսզի կարենայ մինչեւ մահ նախագահ մնալ:

Ինչպէ՞ս կրնայ Քոնկոյի նման նիւթապէս սնանկացած երկիր մը արտօնել ինքնիրեն գնել այդքան մեծ քանակի զինամթերք: Նիւթապէս հովանաւորելով զինամթերքի երկու բեռնափոխադրումները՝ Սէուտական Արաբիա ուզած է ընդլայնել Քոնկոյի վրայ իր քաղաքական ազդեցութիւնը:

Անցեալ տարուան Յունուարին, Ատրպէյճանէն Քոնկօ հասած զինամթերքի ամէնէն վերջին բեռը կը ներառէր 775 ականանետային ռումբեր եւ 400 հրթիռ։ներ: Պուլկարական ընկերութիւն մը զանոնք Պաքուէն տեղափոխած է Թուրքիա, այնուհետեւ, Տերինճէի մէջ, զանոնք բարձած է MV Storm նաւուն վրայ, որ կը գտնուէր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ շահագործուող նաւահանգիստին մէջ: Ըստ ներքին աղբիւրի մը՝ Քոնկօ զինամթերքը գնած է զեղչուած գիներով:

Ըստ Քոնկոյի քաղաքական կուսակցութեան առաջնորդին՝ Քոնկոյի կառավարութիւնը Ատրպէյճանէն եկած զինամթերքը օգտագործած է ընդդիմութեան դէմ՝ «հրկիզուած երկիր» ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ։ Նկատի ունենալով վարչակարգին՝ մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումները, եւրոպական ոչ մէկ երկիր զէնք կը ծախէր Քոնկոյի:

2016ի նախագահական ընտրութիւններու օրերուն, Միացեալ Նահանգները քննադատեց Քոնկոյի կառավարութիւնը՝ «համատարած խախտումներու եւ ընդդիմութեան կողմնակիցներու ձերբակալութիւններուն համար»: Կ՛ակնկալուի, որ այս ամսուան նախագահական ընտրութիւնները կաշառուած ըլլան այնքան, որքան նախորդները: «Կառավարութիւնը նախընտրական քարոզչութիւն կ՛իրականացնէ իր քաղաքական հակառակորդները ահաբեկելով եւ զանոնք կ՛ենթարկէ հետապնդումներու եւ կամայական բանտարկութեան», կ՛ըսէ Amnesty International-ի ներկայացուցիչը:

«Զէնքի առաջին բեռնափոխադրումները Պրազաւիլ հասան Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերու ինքնաթիռներով, բայց 2017էն ի վեր զինամթերքի մատակարարումներ սկսաւ իրականացնել (ատրպէյճանական) մասնաւոր Silk Way Airlines օդանաւային ընկերութիւնը․․․:  Silk Way-ը արձանագրուած է Բրիտանական Վիրճինեան կղզիներուն մէջ՝ հարկային նաւահանգիստը եւ նախապէս կապեր ունեցած է Ալիեւներու ընտանիքին հետ:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հետ զինամթերք եւ այլ ոչ-մահացու նիւթեր տեղափոխելու նախկին շահաւէտ պայմանագիրներէն բացի, պուլկարական «Թրուտ» (Trud) թերթին կողմէ բացայայտուած թղթակցութենէն պարզուած է, որ Silk Way-ը դիւանագիտական ​​թոյլտուութիւն ունեցող թռիչքներ կ՛օգտագործէր ՝ հարիւրաւոր թոն զինամթերք գաղտնի կերպով տեղափոխելու համար ամբողջ աշխարհի տարածքին, նաեւ՝ համաշխարհային պատերազմներու գօտիներ, 2014էն 2017 թուականներուն», կը հաղորդէ OCCRP-ը:

Քոնկոյի ընդդիմութիւնը անհանգստացած է, որ Ատրպէյճանէն եկած զէնքը կրնայ բարձրացնել ընտրութիւններուն ընթացքին բռնութիւններու հաւանականութիւնը: «Մենք մտահոգուած ենք, որ Սասու-Նկուեսոյի վարչակարգը Ատրպէյճանէն գնած զէնքերը կրնայ օգտագործել գալիք ընտրութիւններուն ընթացքին ընդդիմութիւնը ճնշելու համար», կ՛ըսէ ընդդիմութեան առաջնորդներէն մէկը:

ՄԱԿը պէտք է քննութիւն բանայ՝ Ատրպէյճանէն Քոնկոյի բռնապետին ուղարկուած զինամթերքի այս գաղտնի վաճառքին ուղղութեամբ. ակնյայտ է, որ այս վաճառքը նախատեսուած է տեղւոյն բնակչութեան մարդկային իրաւունքները ոտնահարելու եւ նախագահական ընտրութիւնները, ըստ սովորութեան, կեղծելուն համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.com/arm/386371/ատրպէյճան-հինգ-հարիւր-թոն-զինամթերք-ծ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail