Անդրադարձ – Մտածումներ` Մեր Մարդկային, Հողային Եւ Նիւթական Վնասներէն Ետք – Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Անդրադարձ – Մտածումներ` Մեր Մարդկային, Հողային Եւ Նիւթական Վնասներէն Ետք – Յ. ՊԱԼԵԱՆ

18 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ամիս, շաբաթ, օրեր կ՛անցնին եւ պարտութեան հետեւանքներու տեսակաւոր եւ մասնակի լուրեր կը լսենք: Ե՞րբ կ՛ունենանք ընդհանուր եւ հիմնաւորուած հաշուեկշիռ մը, որպէսզի գիտնանք: Նախ` գիտնանք: Գիտնանք` վերականգնելու համար:

Անորոշութիւններու եւ հակասական տեղեկութիւններու մթնոլորտի մէջ ո՛չ ղեկավարութիւնը կրնայ գործել, ո՛չ մտաւորականութիւնը կարծիք կազմել եւ լուծումներ առաջարկել, ո՛չ ալ ժողովուրդը յաղթահարել իր ընկճուածութիւնը:

Լրատուամիջոցներու այլազան տեղեկութիւնները, իշխանութիւններու պարզած ամենագիտութիւնը եւ չհիմնաւորուած ինքնավստահութիւնը, ընդդիմութեան քննադատութիւնները եւ անզօրութիւնը` զանգուածին վստահութիւն ներշնչելու, Հայաստանի ժողովուրդէն չլսուող սփիւռք(ներ)ի աղմուկը ստեղծած են հոգեբարոյական եւ քաղաքական խառնակ վիճակ:

Ռումբերու եւ մահերու կորուստներուն չափ ալ` հոգեկան աւեր:

Շարունակուող թանձրացած անորոշութիւնը կ՛ունենայ հոգեբարոյական ծանրակշիռ հետեւանքներ, կը դառնայ համազգային աղէտ Հայաստանի մէջ, ի հարկէ, բայց նաեւ սփիւռքի, ուր հաւատաւորներ կը տառապին անզօրութեան զգացումով: Ցնցում եւ մտահոգութիւն` օրուան իշխանութեան թեր կամ դէմ ըլլալ չեն նշանակեր, ոչ ալ` ընդդիմութեան կողքին ըլլալու կամ չըլլալու:

Այսօր գիտակից եւ յանձնառու հայը, ներսը եւ դուրսը, ինքնիրեն հարց կու տայ. ինչպէ՞ս վերականգնել եւ վերականգնիլ, ի՞նչ հիմեր ունինք, ունի՞նք համապարփակ համազգային ծրագիր:

Թող ներուի Արամ Ա. կաթողիկոսի եպիսկոպոսական ժողովին արտասանած խօսքը օգտագործել` զայն հանելով իր կրօնական-եկեղեցական շրջանակէն, անկէ մեկնիլ` վերլուծական փորձի մը համար: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսած է.

«… հիմնական մտահոգութիւններ, որոնք պէտք է մղեն մեզ մտածելու եւ գործելու այնպէս մը, որ մեր եկեղեցին այսօր միայն անկիւն մը մնացած աղօթավայր մը չդառնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, այլ իրապէս վերածուի մեր ժողովուրդը կենսանորոգող, հոգեմտաւոր արժէքներով պայծառացնող եւ հարստացնող հաւատքի առաքելութիւն»:

Պէտք է լսել կաթողիկոսի խօսքը, զայն բանալ մեր անմիջական ներկայի ազգային, գոյաբանական, գաղափարական, քաղաքական, տնտեսական հիմնախնդիրներու վրայ: Շարունակելով եւ լրացնելով` հարց տալ.

ա.- Ի՞նչ է եւ ի՞նչ պէտք է ըլլայ ՀԱՅԱՍՏԱՆ իմացումը այսօրուան եւ վաղուան աշխարհագրութեամբ սահմանուած երկրին եւ աշխարհատարած սերունդներուն համար:

բ.- Ինչպէ՞ս պիտի լուծենք ազգի գոյաբանական հարցերը. սփիւռք(ներ), թաքնուած հայեր, ծագումով հայեր:

գ.- Ինչպիսի՞ գաղափարական ուժ մը պիտի միացնէ պատմութեան յառաջացուցած կոտորակումները:

դ. Ինչպիսի՞ քաղաքական ուժ պիտի ըլլանք, այս ընդհանուր ծրագրումին նպաստող` ինչպիսի՞ տնտեսութեամբ եւ միջոցներով:

Հարցումներ:

Շատ սիրած եմ իմաստասէր Քարլ Եասփերզի «Ներածութիւն իմաստասիրութեան» գիրքին մէջ ըսուած պարզ խօսքը. «Իմաստասիրութեան մէջ հարցումները աւելի էական են, քան` պատասխանները, եւ իւրաքանչիւր պատասխան կը դառնայ նոր հարցում»*:

Եթէ ղեկավարութիւնները` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ, նման իմաստուն հարցումներէ մեկնելով ծրագրէին եւ գործէին, աւելի յաջողութիւններ կ՛ունենայինք եւ նուազ ձախողութիւններ:

Յաւակնութիւնը չունիմ մարգարէ, անսխալական եւ նախախնամական ըլլալու: Այդ յաւակնութենէն պէտք է բուժել աթոռատենչ շատերը: Բայց մտածելու ազատութեան եւ բազմակարծութեան իրաւունքով պիտի խօսիմ եւ գրեմ:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստան իմացման եւ համայն հայ ժողովուրդին, ի՞նչ պէտք է ծրագրել եւ ինչպէ՞ս գործադրել` մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ որպէս ինքնուրոյն ազգ:

ԽՄԲՈՒԻԼ-ը օրակարգ պէտք է ըլլայ Հայաստան, եւ չէ, նաեւ` սփիւռք(ներ)ի պարագային: Տարտղնումը ազգապահպանման սպառնացող վտանգ է. լեզուն կը լուծուի մեծ եւ տարբեր շրջապատի մէջ, խառն ամուսնութիւնները կը բազմապատկուին, նախաձեռնութիւնները ուժ եւ թափ չեն ունենար: Ազգային լեզուն եւ բարքերը կը դատապարտուին` շաբաթավերջի ֆոլքլոր ըլլալու:

Հայաստան աշխարհագրութիւնը գիրքերէ սորվելիք գիտութիւն չէ, այլ` ժողովուրդի մը հայրենիք, որ իմաստ կ՛ունենայ ոչ թէ յուզումներով, երազներով, յիշատակներով, այլ` ներկաներով:

Հայուն համար ԽՄԲՈՒԻԼ-ը իմաստ կ՛ունենայ, երբ ան որպէս հասցէ ունի Հայաստան աշխարհագրական տարածքը, ներկայ հայը կ՛ըլլայ հայրենատէր: Հողէն հեռու հայը, բախտաւոր պարագային, հայրենասէր բարեսէր է:

ԽՄԲՈՒԻԼ հասկացողութիւնը ազգային հիմնարար քաղաքականութիւն է, որ ոչ թէ խօսքով, այլ գործով պէտք է ընդգրկէ` հայրենաբնակները, սփիւռք(ներ)ը, բռնագրաւուած հայրենիքի թաքնուած հայերը, սոսկ ծագումով հայերը եւ համաշխարհայնացման եւ աշխարհաքաղաքացիական տենդով բռնուած հայրենաբնակները: Յաջողելու համար պէտք է առաջնորդուիլ կրկնուող մէկ առաւել մէկ մնայուն ճիգով, որպէսզի խմբուածութիւնը ըլլայ տոկալու եւ տեւելու ուժ:

Գաղափարական ուժը ո՛չ ճառ է, ո՛չ զբօսաշրջութիւն, աղմկարարութիւն եւ լուսանկար, տեսարժան վայրերու աչքի խտիղ տուող հրապոյր:

Գաղափարականը ժառանգութեան գիտակից տիրութիւն է, պահելու եւ աճեցնելու յանձնառութիւն, արժանապատուութիւն` որպէս մարդ` ըլլալու նոյն եւ տարբեր: Այսինքն` ո՛չ ցեղապաշտ, ո՛չ ազգայնամոլ, ո՛չ աշխարհաքաղաքացի, այլ` սեփական ինքնութիւն, որ յարգանք է սեփական անձին եւ ընդհանրապէս մարդուն նկատմամբ:

Այս գաղափարական ուժը կը հիմնուի երկու անանջատելի ազդակներու վրայ. հող-տարածքի պահպանում-լրացում եւ ներկայութիւն` սեփական ինքնութեամբ այդ հող-տարածքի տէր պահապաններով: Այս խմբուածութիւն-ներկայութիւն-տիրութիւնը գրականութիւն չէ, այլ` առանց ճապկումներու յանձնառութիւն:

Կրկին կը յանգիմ պարզ տարազներու. հայերէնատիրութիւն` ըլլալու համար տարբեր, հայրենատիրութիւն-հայրենաբնակութիւն-հայրենադարձութիւն: Հողը անբնակ չի մնար, կը բնակուի ուրիշներով, նախկինի շարունակութեան արգանդը չ՛ըլլար, եթէ տէրերը բացակային, հոն չըլլան:

Այս ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐ-ու իրականացումը կը պահանջէ ուժերու մէկտեղում եւ լարում` ըլլալու համար ուժ, որու իրականացման արգելք են ամէն կարգի աշխարհագրական, հոգեբանական, քաղաքական, մշակութային, լեզուական եւ այլ տարբերութիւնները: Ինչպէ՞ս կարելի է Քամչաթքա նստիլ եւ Հայաստանի տէր ըլլալ, ինչպէ՞ս մէկ ըլլալ` Բաբելոնի աշտարակի բոլոր լեզուներով փորձելով իրարու հետ յարաբերիլ, միասին գործել: Մեր ժողովուրդի ապագան, լինել-չլինելը կախում պիտի ունենան մեզ իրարմէ հեռացնող առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու յաղթահարումէն:

Այս գաղափարականը էապէս ազգային պիտի ըլլայ, ոչ այլամերժութիւն, այլ` սեփական ինքնութեան եւ իրաւունքի տիրութիւն:

Յաջողելու համար պէտք է յաղթահարել գաւառական նախնականութիւնները, ներսը եւ դուրսը: Ո՞վ կրնայ աշխարհատարած հայերը եւ պարտուած հայրենիքի ժողովուրդը համոզել, որ ազգին նաւը ճիշդ ուղի կրնայ գտնել հետզհետէ անհաշուելի դարձող կազմակերպութիւններով, կուսակցութիւններով եւ հիմնական գաղափարականին անհաղորդ ղեկավարներով, եթէ դեռ այս բառը նոյն նշանակութիւնը բոլորիս համար:

Մեր անհատական կեանքին մէջ այնքա՜ն գործնապաշտ ենք: Համազգային յաջողութիւն եւ նուաճում ձեռք բերելու համար ունի՞նք հաւաքական գործնապաշտութիւն:

Ո՞ր ազգային նպատակին կրնան ծառայել բազմապատկուած եւ բազմապատկուող բաժանումները, պառակտումները, անհանդուրժողութիւնները:

Այս ընելու ատակ եզակիներ կան, բայց հաւաքական կամք չեն:

Մեր ժողովուրդին առջեւ դրուած է խմբուելու, միանալու, հիմնականի եւ հիմնարարի ուղիով գործելու անյետաձգելի խնդիրը:

Այս խնդիրը ո՛չ ճառով, ոչ ալ ասպարէզ կարդալով կը լուծուի:

Կա՛մ լուծում կը գտնենք այս խնդրին, կա՛մ…

Չեմ համարձակիր շարունակել:

14 փետրուար 2021, Նուազի-լը-Կրան

* «Les questions, en philosophie, sont plus essentielles que les réponses, et chaque réponse devient une nouvelle question». Introduction à la philosophie, bibliothèque 1018,Karl Jaspers 1883-1969.

www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail