Խօսքէն Անդին՝ Ծրագիր եւ Գործ – Ե. Վերջին Պատերազմէն Անդին – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Իրաւունքի մը ձգձգումը համազօր է իրաւունքի զլացումին:
Մարթին Լութըր Քինկ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կասկած չի վերցներ, որ Հայաստանի մէջ կազմուելիք ազգային միութեան կառավարութիւնը, ազգային գաղափարներու հիմամբ եւ պահանջատիրութեան տեսլականով գործի անցնելով՝ նոր «դարաշրջան» մը պիտի բանայ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Դարաշրջան՝ որ անմիջական թէ աւելի կանուխ անցեալի թերիներն ու կորուստները սրբագրելու-վերականգնելու կողքին, պիտի հետապնդէ շատ աւելի լայնածիր ու հեռահաս «ճամբու քարտէս» մը, քան բոլոր այն ծրագիրները, որոնք կազմուեցան անցեալ երեք տասնամեակներուն:
Հարցը միայն վերջին՝ 44օրեայ պատերազմին հետեւանքներուն դարմանումով չի վերջանար: Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն մեր պահանջները չեն կրնար սահմանափակուիլ միայն յետ-նոյեմբերեան համաձայնութեան ծիրին մէջ: Մեր ձեռքին եղող պարտամուրհակները շատ աւելի ստուար են եւ վաղեմի: Առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, արձանագրենք Սումկայիթն ու Պաքուն, տարածքներ՝ որոնք կը կոչուին Շուշի, Քաշաթաղ, Քարվաճառ, Հադրութ, հարաւային Արցախ, Գետաշէն ու Շահումեան, Արծուաշէն եւ Նախիջեւան, անշո՛ւշտ նաեւ Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա, առանց մոռնալու Ցեղասպանութեան բազում հետեւանքները, ու մենք յաճախ հաւատալո՛վ կը կրկնենք թէ պետական կանխամտածուած ոճիր հանդիսացող այդ արարքները` սպանդ ու հողերու բռնագրաւում, այլեւս պիտի չկրկնուին: Չենք խօսիր անկարելի երազներու, այլ ԱՐԴԱՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ մասին: Փաստը ունինք, որ թէ անցեալին, եւ թէ քանի մը տարի առաջ, մենք ատակ ենք նաեւ յաղթանակներ արձանագրելու: Մեր բազմահազար նահատակները եւ արդարահատոյցները այս իմաստով անմահ ուղեցոյց են:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔ
Նախընթաց սիւնակներուն մէջ արծարծուած առաջադրանքներուն տրամաբանութիւնը ի զօրու է նաեւ Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն անդին, երբ մեր աչքերը ուղղենք միջազգային բեմ: Այսինքն, եթէ մէկ կողմէ ունինք մեր զինուժի վերականգնումի եւ մարտունակութեան վերաթարմացման առաքելութիւնը, զուգահեռ գիծի վրայ կը կանգնինք մեր դիւանագիտութիւնը լիարժէքօրէն վերականգնելու պարտաւորութեան դիմաց:
Խորհրդարանը վերջերս որդեգրեց կարեւոր բանաձեւ մը, յայտարարելով, որ Արցախէն խլուած հողերը բռնագրաւուած են: Հայաստանէն հնչեցին նոյնիմաստ արձագանգներ, որոնք արդէն հող կը պատրաստեն մեր իրաւունքներուն հետապնդման նոր քայլերու համար: Մեր դիւանագիտութեան աշխատանքներուն թիրախները պիտի ըլլան Մինսքի խմբակը, Եւրոպական Միութիւնը, ՄԱԿն ու միջազգային այլ ատեաններ, անհատ պետութիւններ, յատկապէս Թուրքիոյ դէմ խմորուած ու կազմաւորուած խմբաւորումները, սկսելով արաբական աշխարհէն ու Միջերկրականի արեւելեան գօտիէն: Մեզմէ անկախ՝ այդ շրջագիծերու մէջ պատրաստ ենթահողեր կան, մեզի կը մնայ ճակատաբաց քալել այդ գետիններուն վրայէն:
Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ոճրային քաղաքականութեան դէմ մեր կուտակած հիմնաւորեալ մեղադրագիրները միակ շահող խաղաքարտերը չեն, այլ կան նաեւ պատմական ճշմարտութեանց վերականգնումի գործը: Ասոր համար, պէտք է հիմնական վերատեսութեան ենթարկենք մեր դիւանագիտական գործին դիտանկիւնը: Պատերազմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ անցեալ տասնամեակներու բանակցութեանց փուլերուն, հայկական կողմը կարծէք թէ չէ համարձակած մեր իրաւունքները ճակատաբաց եւ անվիճելի կերպով դնելու սեղանին վրայ: Արցախի հայկական պատկանելիութեան պատմական փաստն ու իրականութիւնը միշտ ալ մնացած է «Արցախը Ազրպէյճանի տարածք է»ի սխալ տրամաբանութեան ազդեցութեան տակ: Մեր ամէնէն մօտիկ գործակիցները նկատուող` Ռուսիան ու Իրանն իսկ այս լարին վրայ կը նուագեն մինչեւ այսօր:
Բանակցութեանց յաջորդ փուլին, հայկական կողմը իբրեւ մեկնակէտ ու վախճանակէտ պիտի ունենայ Արցախի (եւ այլ խլուած հողամասերու) հայութեան պատկանած ըլլալուն փաստը, որ այլ պարտամուրհակներու կողքին, բաւարար ներուժ պիտի ապահովէ նահանջի ու պարտութեան մատնելու բուն թշնամիները: Դժուա՞ր է. այո՛. անկարելի՞ է. երբե՛ք, երբ հիմդ ըլլայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷ ՍՆՈՒՆԴ ԱՌՆՈՂ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Աւելին, դժուարութիւնները կը սկսին փոքրանալ, երբ ստեղծուած նոր կացութեան մէջ ճիշդ կերպով գործածես խաղաքարտերդ, այսինքն՝ ցոյց տաս, որ թրքական ոճրային ծրագիրներն ու կայսերական-ծաւալապաշտ երազները սպառնալիք են ո՛չ միայն փոքրիկն Հայաստանին, այլ նաեւ բարեկամ դրացիներուն եւ աւելի հեռուն կանգնած ճակատագրակիցներուն: Թուրքիան զսպելու ձգտող ճակատի մը ուրուագծումը բացայայտ է, վաղը կրնայ հասնիլ կարգ մը շահակցական հաշիւներէ անդին տեսնելու փուլ, իսկ այս հեռանկարը կրնայ դրական հովեր բերել մեր երէկի եւ անցեալի իրաւունքները փոխադրող նաւուն ու անոր պետական-դիւանագիտական վարիչներուն:
ՓԱՐԱՏԵՆՔ ԹԻՒՐԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Արձանագրենք նաեւ, որ կայ բաւական «բարդ» թիւրիմացութիւն մը, որուն ջաղացքին ջուր կը բերեն հայկական բեմի բանավէճերը, առանց անտեսելու միջազգային հակադիր հովերը: Ստեղծուած են «իմաստասիրական» հասկացութիւններ, թէ՝ Հայաստան պէտք է ըլլայ ռուսամէ՞տ, ամերիկամէ՞տ, չինամէ՞տ, արաբամէ՞տ, թէ այլ մեծ աստղերու ծիրին մէջ թաւալող մոլորակ կամ արբանեակ: Նման մտածողութիւն կը նշանակէ, որ եթէ մէկ կողմէ կը փորձենք աշխարհի դաժան իրականութիւնները դիտել պարզ աչքերով, միւս կողմէ ալ կ՛ենթադրէ, թէ պէտք է մեր դիւանագիտական աշխատանքներն ու ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ հետ յարաբերութիւնները բարձրացնենք աւելի բարձր ու կարողութիւն բուրող մակարդակի: Այո, Հայաստանի ու Արցախի հարցերը մեծապէս կ՛ազդուին աշխարհի հզօրներուն միջեւ բարեկամութիւններէն ու թշնամական-մրցակցական հակամարտութիւններէն, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստան միակ փոքր ու համեմատաբար տկար երկիրը չէ, որ ենթակայ է նման ազդեցութիւններու: Շատ աւելի դիւրին է խաղաղ գօտիներու մէջ նաւդ յառաջ տանիլը, անվտանգ պահելը, սակայն աւելի մեծ վարպետութիւն, սկսնակի մակարդակէն աւելի վեր բարձրանալ կ՛ենթադրէ երկիրդ պահել-պահպանել եւ զարգացման տանիլ, երբ անիկա կը գտնուի վտանգաւոր հովերու դիմաց: Վարպետութիւնը այն չէ, որ նաւդ ենթակայ դարձնես թշնամիներուդ բերած հովերուն, այլ օգտագործես նոյնինքն այդ թշնամիներուդ վրայ ազդեցութիւն ունեցող հովերը, ըլլան անոնք մօտակայ թէ հեռաւոր հորիզոններէ:
Մէկ խօսքով, Հայաստան հարկադրուած պէտք չէ զգայ մտնելու այս կամ այն մեծ ուժին գրպանը, այլ տեսնէ, թէ իր շահերը եւ իրաւունքներուն հետապնդումը ինչպէ՞ս կրնայ ներդաշնակել այդ ուժերուն հետ: Այս ընելու համար, պէտք չէ անտեսել, որ ամէնէն սուր կերպով հակադրուող մեծ ուժերն իսկ տեղ մը իրենց շահերը կը ներդաշնակեցնեն մէկզմէկու շահերուն հետ (չմոռնալ, որ ի վերջոյ, այսօրուան աշխարհը ըստ էութեան կը կառավարուի ո՛չ միայն պետութիւն ներկայացնող ուժերու կողմէ, այլ այնպիսի ուժերով, որոնք կը տարածուին պետութեանց սահմաններէն անդին եւ ստեղծած են շահակցութիւններու շատ աւելի տարածուն, քիչ երեւցող տիեզերք մը…):
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Որքան ալ որ հպանցիկօրէն մտնենք սպասուած նոր կառավարութենէն հայութեան ակնկալութիւններու մանրամասնութեանց մէջ, կարելի չէ այս քննարկումը նկատել սպառիչ ու ամբողջական: Սակայն կը հաւատանք, որ այսպիսի մօտեցում` ծրագրեալ ու միասնական աշխատանք, լաւ մեկնակէտ մը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն 10 Նոյեմբերէն ասդին գոյացած վէրքերուն դարմանումին համար, այլ նաեւ անցեալ տասնամեակներէն կուտակուած թերութեանց սրբագրումին դիտանկիւնէն:
Ճիշդ է, որ 44օրեայ պատերազմը բազմաթիւն հրատապ հարցեր ստեղծեց, ու բոլորիս ուշադրութիւնն ու յուզումները կը թաւալին անոնց շուրջ, սակայն չենք կրնար արհամարհել մնացեալ իրականութիւնները. պատերազմով ստեղծուած տագնապները, իրենց ահագնութեամբ մէկտեղ, միակ տիրապետող հարցերը չեն, այլ Հայաստանի ու հայութեան դիմաց կը տարածուին նաեւ տնտեսական, ընկերային, ազգային-մշակութային եւ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ վերականգնումի ու վերանուաճման առաքելութիւնները, իրենց բոլոր նախադրեալներով ու անոնց հետեւող խնդիրներով հանդերձ:
Նոր կառավարութեան ճամբան պիտի բացուի անցնցում իշխանափոխութեամբ: Ընդդիմութիւնը մինչեւ օրս գործնապէս փաստեց, որ իր նպատակները պիտի իրագործէ անարիւն պայքարով: Հրամայական է, որ բոլոր կողմերը հաւատարմութիւն յայտնեն այս յանձնառութեան, որովհետեւ մեր տուած զոհերուն թիւը չափազանց մեծ է:
…Մեր մէկ նշանաւոր թագաւորին պատմական պատգամ մը տրուած է. «Քաջերու սահմանները կը ճշդուին իրենց զէնքով»: Սա անժամանցելի մտածում է: Մեր սահմաններուն տիրութիւնն ու արդար հիմունքներով ճշդումը պիտի կատարենք զինուժի եւ դիւանագիտութեան-քաղաքական ձեռքերուն ներդաշնակ եւ արդիւնաւոր գործունէութեամբ, եւ պիտի յաջողինք ո՛չ միայն դուրս գալ անդունդէն, այլ նաեւ պիտի լծուինք մեր դիմաց կանգնող բոլոր խնդիրներուն լուծման ու մեր արդար տեղը վերագրաւենք քաղաքակիրթ աշխարհի «տիեզերանաւուն» մէջ:
27 Փետրուարէն 4 Մարտ 2021