ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքին Արդիւնքը «Զերոյական» Կոչելով` «Զանգեզուրի Միջանցքը Պիտի Միաւորէ Թրքական Աշխարհը» Կը Յայտարարէ Ալիեւ
02 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: (Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ)
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարծիքով` Արցախի մէջ պատերազմի աւարտէն ետք նոր կարելիութիւններու շարքին կարեւորագոյնը փոխադրամիջոցն է: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
«Պատերազմը աւարտած է եւ դարձած է պատմութիւն: Նոր կարելիրութիւններ ի յայտ եկած են: Անոնց շարքին, կը կարծեմ, կարեւորագոյնը փոխադրամիջոցային կարելիութիւններն են», ըսած է Ալիեւ` Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խոհուրդի ոչ պաշտօնական վեհաժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ:
Ան տեղեկացուցած է, որ ներկայիս աշխուժ աշխատանքներ կը տարուին Զանգեզուրի միջանցքին հարցով:
«Այժմ Զանգեզուրը պիտի խաղայ թրքական աշխարհը միաւորելու դեր: Որովհետեւ Զանգեզուրէն անցնող փոխադրամիջոցի, կապի, ենթակառոյցներու նախագիծերը պիտի միաւորեն ամբողջ թրքական աշխարհը, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ կարելիութիւններ պիտի ստեղծեն այլ երկիրներու, ներառեալ Հայաստանի համար», ըսած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահը նշած է նաեւ, որ Հայաստանը երկաթուղային կապ չունի Ազրպէյճանի հետ: «Այդ կապը կրնայ ստեղծուիլ Ազրպէյճանի տարածքով: Հայաստանը երկաթուղային կապ չունի նաեւ դրացի Իրանի հետ: Նախիջեւանի միջոցով այս կապը եւս կրնայ ապահովուիլ», նշած է Ալիեւ:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի նախագահը «զերոյական» կոչած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքը: «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը ստեղծուած է 1992 թուականին` այս հարցը լուծելու համար, եւ 28 տարի շարունակ ապարդիւն աշխատած է: Մինսքի խմբակի աշխատանքին արդիւնքը զերոյական էր: Մինսքի խմբակը կը համանախագահեն աշխարհի յառաջատար երկիրները, հիւլէական տէրութիւններ եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներ: Ի հարկէ, եթէ Հայաստանի վրայ լուրջ ճնշում գործադրուէր, եւ Ազրպէյճանի պահանջները հաշուի առնելով` պատժամիջոցներ կիրարկուէին, հարցը կարելի էր շատոնց լուծել խաղաղ ճամբով», ըսած է Ալիեւ` Թրքախօս պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի ոչ պաշտօնական վեհաժողովի ընթացքին:
«Դժբախտաբար, ատիկա տեղի չէ ունեցած, կատարուած է հակառակը` քայլերու ձեռնարկուած են հարցը սառեցնելու ուղղութեամբ», նշած է Ալիեւ:
aztagdaily.com/archives/504339