Քաղաքական Անբարոյականութիւն՝ Թուրքիոյ Հարազատ Հայելին – Մեզմէ բացակայողը պետականաշինութեան մտածողութիւնն է դժբախտաբար – ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
02 ԱՊՐԻԼ 2021 – Անդրադարձ – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: (Եկուոր քոչուոր օսմանները, սելճուքները, այսօրուայ թուրքերը, թուրքիայի այլազգիներու զանազան պատճարներով հետեւողական թրքացուցին, իսկ հայերս)
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Ապրիլ ամիս է: Հայկական շրջանակներ Մ. Նահանգներու նորընտիր նախագահին ապրիլեան ուղերձը կը սպասեն անհամբեր:
Նախընտրական արշաւի օրերուն Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու Ճօ Պայտըն քանիցս խոստացաւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ծերակուտական Պոպ Մենենտէզ մշակեց Հայոց ցեղասպանութիւն դատապարտող բանաձեւ մը (թիւ 209 բանաձեւ), որուն տակ ցարդ ստորագրած են 39 ծերակուտականներ:
Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը բարոյական քայլ մը կրնայ ըլլալ պարզապէս: Անիկա չունի քաղաքական որեւ նշանակութիւն եւ չ’ենթադրեր որեւէ պարտաւորութիւն:
Պայտընի կողմէ նման յայտարարութեան մը առաջքը առնելու մտահոգութեամբ՝ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Իպրահիմ Քալըն, անմիջապէս հաղորդակցութեան մէջ մտնելով Մ. Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէք Սալիւանի հետ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ չորս կէտերու մէջ ամփոփուած վերապահութիւններ ներկայացուց Սալիւանին:
Սկսինք առաջինէն՝ «պատահածը ցեղասպանութիւն կոչելու համար անհրաժեշտ է դատարանի որոշում»:
Միանգամայն ճիշդ եւ արդար է պարոն Քալընի պատճառաբանութիւնը, բայց յարգելի դիւանագէտը ըստ երեւոյթին ծանօթ չէ Թուրքիոյ պատմութեան եւ կամ միտումնաւոր կ’անտեսէ պատմական ճշմարտութիւնը: Ան կը մոռնայ, որ Թուրքիոյ վերջին սուլթանը՝ Մեհմէթ Զ. Վախտէտտինը, փետրուար 1919-ին, Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ոճիրներուն յանցագործները պատժելու նպատակով կազմեց թուրք դատաւորներէ, թուրք հետաքննիչներէ, թուրք փաստաբաններէ բաղկացած դատական ատեան մը: Դատավարութիւնը տեւեց հինգ ամիս. հարցաքննութիւններ կատարելէ ետք՝ իբրեւ Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներ եւ գլխաւոր յանցագործներ «հեռակայ կարգով» մահուան դատապարտուեցան ներքին գործոց նախարար Մեհմէթ Թալէաթը, պաշտպանութեան նախարար Էնվերը, ծովային նախարար Ճեմալը, Երիտթուրք կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար տոքթ. Նազըմը եւ ուրիշներ:
24 մայիս 1915-ին, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Ռուսիա միացեալ յայտարարութեամբ դատապարտեցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին դէմ պատահած դէպքերը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երեք մեծ պետութիւններ հայերու դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը որակած են իբրեւ «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ» Թուրքիոյ կողմէ կատարուած նոր յանցագործութիւն, որուն համար անձնական պատասխանատուութիւնը դրին թրքական կառավարուեան բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ տեղական այն իշխանութիւններուն վրայ, որոնք մասնակից դարձած էին կոտորածներուն:
Անգլո-ֆրանքո-ռուսական համատեղ յայտարարութիւնը պաշտօնական կարեւոր փաստաղուղթ էր: Ան թրքական կառավարութիւնը եւ անոր բոլոր անդամները հաւաքականօրէն եւ անձնապէս պատասխանատու կը նկատէր՝ հայերու դէմ իրենց կատարած յանցանքներուն եւ ոճրագործութիւններուն համար:
Ո՞ր դատարանին կ’ակնարկէ պարոն Քալըն, երբ թրքական ատեանը առաջինը եղած է հայ ժողոովուրդին դէմ կատարուած յանցագործութիւնները:
Երկրորդ՝ Քալըն արդարօրէն կ’առարկէ, թէ «ցեղասպանութիւն» եզր գոյութիւն չունէր 1915-ին, եւ միայն 1948-ին շրջանառութեան մէջ դրուած է ան:
Ճիշդ կ’ըսէ պարոն Քալըն: Մարդկային պատմութեան մէջ նմանը չունեցող վայրագութիւնները սահմանում չունէին 1915-ին, որովհետեւ քաղաքակիրթ աշխարհը, ժողովուրդներու մտքէն չէ անցներ նման հրէշագործութիւն: Ցարդ գոյութիւն ունեցող բառարաններուն, դիւանագիտական, քաղաքական բառապաշարին մէջ գոյութիւն չունէր նմանօրինակ հրէշագործութիւն բնորոշող եզր: Երբ Ռաֆայէլ Լեմքին կը փորձէր հրեաներուն դէմ կատարուած կոտորածները սահմանել, անոր հնարած «Ցեղասպանութիւն» եզրին նախատիպը հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ին կատարուած մարդասպանութիւնն էր…: Լեմքին «ցեղասպանութիւն» ըսելով կը հասկնար հայերու կոտորածները Առաջին համաշխարհային պատերազմին (1914-1918) եւ ֆաշիստական Գերմանիոյ կողմէ հրեաներու ոչնչացումը (1939-1945):
Ինչպէս միշտ, Թուրքիա ցեղասպանութիւնը ճանչցող բոլոր պետութիւնները կը զգուշացնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն հետեւանքներէն: Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որքան ալ բարոյական խթան մը հանդիսանայ, իրականութեան մէջ միջազգային ընտանիքին կողմէ շառաչուն ապտակ մըն է ժխտողական քաղաքականութիւնը շարունակող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն:
Քալընի առարկութիւններուն ամենահետաքրքրական հատուածը , Կովկասի աշխարհաքաղաքական իրավիճակին ակնարկելով, հայ ժողովուրդին յղած խրատն է. «Եթէ հայերը ճիշդ քայլեր առնեն…»: Երկսայրի այս նախադասութեան մէջ քողարկուած զգուշացումը սահմանագիծերը վերաբանալու, Հայաստանի դէմ հաստատուած 30-ամեայ պաշարումը մեղմացնելու կ’ակնարկէ հաւանաբար եւ կամ նոր սպառնալիքներ կը յղէ Երեւանին…« եթէ հայերը ճիշդ քայլեր առնեն…»: Մարդ որքա՞ն երեխայ ըլլալու է՝ չհասկնալու Թուրքիոյ լարախաղացութիւնները, երբ մէկ քարով երկու թռչուն որսալու նպատակով, Հայաստանի դէմ պաշարումը շարունակելու, պատասխանատուութիւնը Ուաշինկթընի վրայ բեռցնելու փորձ մը կը կատարէ:
Կովկասի մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակը յղի է նոր զարգացումներով: Թրքական կողմը կրնայ ասպարէզ կարդալ Ուաշինկթընի եւ Երեւանին, սակայն ուշ չէ այն օրը, երբ Անգարա ինք ստիպողութեան տակ պիտի ըլլայ Սուրիոյ, Կիպրոսի, Լիպիոյ, Յունաստանի, Ուքարանիոյ եւ Արցախի մէջ իր միջամտութիւններուն հաշիւը տալու Ուաշինկթընին, Եւրոպական Միութեան եւ Մոսկուային:
Այս բոլորը լաւ: Սակայն մենք՝ իբրեւ պահանջատէր ազգ, բաւ է այլեւս տարուինք, գինովնանք ճանաչումի եւ դատապարտումի յայտարարութիւններով: Ժամանակն է, որ ձեռք քաշենք այսօրինակ բարոյական յաղթանակներու դափնիներէն, իրաւական, քարոզչական,կազմակերպչական լուրջ եւ իրապաշտ հիմքերու վրայ դնենք պահանջատիրական պայքարը մեր:
Դատ ունեցող ազգ մը նախ իրաւականօրէն պարտաւոր է յստակացնելու, թէ ո՞վ է պահանջատէրը, ապա իր պահանջներուն թղթածրարը պարտի պատրաստել, ուր պիտի բիւրեղացնէ եւ յստակացնէ բոլոր պահանջները: Պատասխանատու աշխատանք, որ կը սպասէ Սփիւռք- հայրենիք նպատակասլաց եւ անշեղ համագործակցութեան: Այսքան չարիք, արհաւիրք, դառնութիւններ ճաշակելէ ետք, չեմ պատկերացներ, որ Սփիւռք- հայրենիք տարբեր մօտեցումներ դրսեւորեն մեր պահանջատիրական պայքարին հանդէպ:
Կը մնամ լաւատես: Համոզուած եմ, որ մենք ունինք այդ ներուժը, նուիրումը եւ ազգային գիտակցութիւնը: Մեզմէ բացակայողը պետականաշինութեան մտածողութիւնն է դժբախտաբար:
aztagdaily.com/archives/504341