Ալիեւ Կը Յայտարարէ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու Կարելիութեան Մասին

Genocide against Armenians committed by the Ottoman Empire between 1894-1922 – Today the Turkish government

Արցախի Մնացորդացին Դէմ Ուժի Կիրարկման Ծրագիրներու Չգոյութեան Մասին Խօսելով` Ալիեւ Կը Յայտարարէ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու Կարելիութեան Մասին

15 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ «Նոր հայեացք Հարաւային Կովկասին. Յետհակամարտային զարգացում եւ համագործակցութիւն» խորագիրով խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու կարելիութեան մասին:

«Մենք կը հաւատանք, որ տագնապին էջը փակ է: Ես արդէն քանի մը անգամ խօսած եմ Հայաստանի հետ հաւանական խաղաղութեան համաձայնագիրի մասին», ըսաւ ան Պաքուի մէջ խորհրդաժողովի ընթացքին:

Ալիեւի կարծիքով` զինուորական գործողութիւններու աւարտէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տագնապի գօտիին մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ փխրուն:

«Կացութիւնը պատերազմէն ետք տակաւին փխրուն է: Զինադադարի դրութիւնը կը պահպանուի, սակայն հակառակ ատոր մենք տակաւին շատ հարցեր ունինք յետպատերազմեան զարգացման առնչուած», ըսաւ ան:

Ալիեւ նաեւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան կոչ ուղղեց համագործակցելու` շրջանին մէջ խաղաղ շինարարութեան ոլորտին մէջ:

«Միեւնոյն ժամանակ, մենք պէտք է նայինք դէպի ապագան: Այստեղ մենք կ՛ակնկալենք աւելի շատ փոխազդեցութիւն Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութենէն… Տագնապը լուծուած է, եւ մենք պէտք է նայինք ապագային», ընդգծեց Ալիեւ:

Ալիեւ Պաքուի մէջ խորհրդաժողովի ընթացքին յայտնեց. «Մենք պիտի յիշենք մեր պատմութիւնը, սակայն որեւէ երկրի, ներառեալ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջ չունինք»:

«Անոնք, որոնք կ՛ուզեն ջնջել Ազրպէյճանի պատմութիւնը, ըսուած է, որ իրենք հերոսներ են, սակայն իրականութեան մէջ անոնք յանցագործներ են: Շահումեանը եւ միւսները, որոնք սպաննած են ազրպէյճանցիները, ցեղասպանութիւն գործած են, կան այլ օրինակներ: Մենք կ՛ուզենք, որ երիտասարդ սերունդը իմանայ, որ Զանգեզուրը Ազրպէյճանի պատմական հողն է»:

«Զանգեզուրը Հայաստանին փոխանցուած է 1920 թուականին` 101 տարի առաջ», յայտարարեց Ալիեւ` աւելցնելով. «Ատկէ առաջ այս տարածքը մեզի կը պատկանէր: Անոնք Կոյչա լիճը Սեւան կը կոչեն: Ճիշդ է. բաւական է նայիլ 20-րդ դարու սկիզբի քարտէսին, այնտեղ Սեւան չէք տեսներ, այլ պիտի տեսնէք Կոյչա: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ Երեւանին: Անոնք ոչնչացուցած են Երեւանի պատմական մասը: Ատիկա ակնյայտ փաստ է, այնտեղ կ՛ապրէին ազրպէյճանցիներ, ներառեալ իմ նախնիները»:

«Ես ըսած եմ, որ պիտի վերադառնանք այնտեղ: Ես չեմ ըսած, որ մենք հրասայլերով պիտի վերադառնանք այնտեղ: Ըսած եմ, որ մենք պիտի վերադառնանք: Ասիկա կը նշանակէ` ինչո՞ւ ոչ: Եթէ կը վերադառնանք Զանգեզուրի միջանցք, եթէ կ՛օգտագործենք այս ճամբան, ինչո՞ւ չվերադառնանք Երեւան: Ժամանակը պիտի գայ, մենք ատիկա պիտի ընենք: Ես կը ներկայացնեմ իմ դիրքորոշումս», ըսաւ Ալիեւ:

Ան աւելցուց, որ Պաքուն Արցախի մէջ հայերով բնակուած տարածքին նկատմամբ ուժի կիրարկման ծրագիրներ չունի:

«Ինչպէս ըսած եմ, ղարաբաղեան տագնապը աւարտած է, կարգաւորուած: Մենք ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ ապրող հայերը կը նկատենք մեր քաղաքացիները: Մարդասիրական օգնութիւնն ու գումակային աջակցութիւնը, որ մենք առայսօր կը ցուցաբերենք, եւս կը վկայեն այդ մտադրութեան մասին», ըսաւ Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց Ռուսիոյ օգնութեամբ հայկական բանակի ուժեղացման նկատմամբ: «Մենք մեր դիրքորոշումը յայտնած ենք մեր ռուս գործընկերներուն: Ինչի՞ համար ատիկա կը կատարուի: Վրէժի հասնելու որեւէ փորձ վճռականօրէն պիտի կանխարգիլուի», ըսաւ ան:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանին` Թովուզի, Ղազախի, Աղսթաֆի մէջ խաղաղապահներ չկան, եւ ոչինչ կը պատահի: Աւելի՛ն. ազրպէյճանցի սահմանապահները այժմ Զանգելանի մէջ (Կովսական) 5 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին հայկական գիւղերէն: Եւ ոչինչ կը կատարուի: Հայկական բանակը ոչնչացուած է, գոյութիւն չունի», յայտարարեց Ալիեւ:

Իբրեւ «ազրպէյճանական կողմի բարի կամքի օրինակ»` ան վկայակոչեց Կապանը Երեւանին կապող 21 քիլոմեթրնոց ճամբան:

«Անիկա կը կտրէ մեր տարածքը, մեր սահմանապահները այնտեղ կանգնած են, նոյնիսկ կայ «Բարի գալուստ Ազրպէյճան» պաստառը: Ես չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ ատիկա կը ջղագրգռէ այնտեղի հայերը, մենք պարզապէս կ՛ուզէինք զանոնք ողջունել մեր տարածքին մէջ, ասիկա մեր տարածքն է, սակայն անոնք նոյնիսկ կրակած են ատոր վրայ: Մենք կրնայինք փակել ճամբան: Մենք կրնանք, սակայն չենք ըներ», ըսաւ Ալիեւ:

Խօսելով շրջանային հաղորդակցութիւններու բացման մասին, մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի տարածքով միջանցք բանալու մասին` Ալիեւ յայտարարեց, որ ատիկա չի կրնար բացուիլ առանց Թուրքիոյ համաձայնութեան եւ մասնակցութեան:

«Թուրքիան երեք երկիրներու փոխվարչապետներու մակարդակով եռակողմ աշխատանքային խումբի անդամ չէ: Սակայն մենք Թուրքիոյ կը տեղեկացնենք այն հարցերուն մասին, զորս կը քննարկենք: Եթէ Հայաստանը կ՛ուզէ վերջ տալ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն, դառնալ տարանցիկ երկիր, ատիկա կրնայ ընել միայն Թուրքիան», աւելցուց ան:

Ալիեւ Հայաստանը նաեւ մեղադրեց թրքատեացութեան եւ Թուրքիոյ նկատմամբ տարածքային պահանջներ ունենալու յանցանքով: Անոր համաձայն, թրքական կառավարութիւնը կը նախատեսէ կառուցողական քայլերու ձեռնարկել, սակայն Հայաստանը պէտք է համարժէք պատասխան տայ:

«Ի՞նչ պէտք է ընէ Հայաստանը նախ եւ առաջ: Անոնք պէտք է հրաժարին Թուրքիոյ նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններէն, փոխեն Սահմանադրութիւնը, ընդունին նորը», ըսաւ Ազրպէյճանի նախագահը:

aztagdaily.com/archives/505683

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail