Այցելելով Բռնագրաւուած Աղտամ` «Քիեւ Աջակցած Է, Կ՛աջակցի Եւ Պիտի Աջակցի Ազրպէյճանին» Կը Յայտարարէ Ուքրանիոյ Փոխ Վարչապետը

oleksii reznikov – Genocide against Armenians committed by the Ottoman Empire between 1894-1922 – Today the Turkish government

Այցելելով Բռնագրաւուած Աղտամ` «Քիեւ Աջակցած Է, Կ՛աջակցի Եւ Պիտի Աջակցի Ազրպէյճանին» Կը Յայտարարէ Ուքրանիոյ Փոխ Վարչապետը

17 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան իր դիմատետրեան գրառումով անդրադարձած է Ուքրանիոյ փոխվարչապետ Օլեքսի Ռեզնիքովի` 15 ապրիլին Ակնա (Աղտամ) կատարած այցելութեան, որուն ընթացքին իր օգնութիւնը առաջարկած է քաղաքի վերակառուցման գործինմէջ:

«Ռեզնիքով նշած է, որ պատուիրակութեան եւ իր այցելութեան նպատակը այդ տարածքներու վերականգնման հարցին մէջ Ազրպէյճանին օգնութեան ձեռք երկարելն ու փորձի փոխանակումն է: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանը Ուքրանիոյ բարեկամն է եւ գործընկերը, եւ որ Քիեւը հաստատ աջակցած է, կ՛աջակցի եւ պիտի աջակցի Ազրպէյճանին: Փաստօրէն, փոխվարչապետը մոռցած է իր երկրի նախագահին կոչը` Ուքրանիան չներգրաւելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապին մէջ», կը գրէ Մարուքեան` յիշեցնելով, որ 2020-ի աշնան Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին կոչ կ՛ուղղէր չէզոք դիրքորոշում ունենալ:

«Հակառակ անոր որ նաեւ կը յիշենք, թէ Զելենսքին ինչպէս կ՛ուրախանար թրքական անօդաչու թռչող սարքերու արդիւնաւէտութեամբ` մոռնալով միջազգային յանցագործութիւն նկատուող յարձակումի եւ պատերազմական յանցագործութիւններու իբրեւ հետեւանք զոհուած հազարաւոր մարդոց մասին», կը գրէ Մարուքեան:

Մարուքեան այս բոլորէն կ՛եզրակացնէ, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ Ուքրանիոյ յարաբերութիւնները հիմնուած են տնտեսական հիմքերու` զինուորական արդիւնաբերութեան, ներդրումներու եւ ուժանիւթի մարզին վրայ:

aztagdaily.com/archives/506165

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail