Նախագահ Սարգսեան. «Ազրպէյճանը Հայ Գերիները Կ՛օգտագործէ Իբրեւ Խաղաքարտ»

Նախագահ Սարգսեան. «Ազրպէյճանը Հայ Գերիները Կ՛օգտագործէ Իբրեւ Խաղաքարտ»

19 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ազրպէյճանը իր մօտ պահուող հայ գերիները կ՛օգտագործէ իբրեւ խաղաքարտ` իր նպատակներուն ծառայեցնելու համար, լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին անցեալ շաբաթ Վրաստանի մէջ յայտնած է նախագահ Արմէն Սարգսեան: «Ազրպէյճանի հետ խօսելէ առաջ նախ հայ գերիները պէտք է վերադարձուին», ընդգծած է Հանրապետութեան նախագահը:

«Ասիկա անթոյլատրելի է` նոյնիսկ պատերազմող պետութիւններուն միջեւ, անընդունելի է միջազգային որեւէ օրէնքով: Ընդհանրապէս, անթոյլատրելի է զուտ մարդկային իմաստով, ասիկա հակամարդկային քայլ է: Կը կարծեմ` դերս իբրեւ նախագահ` պէտք է անընդհատ բարձրաձայնեմ այս հարցը, քանի այդ հարցը տակաւին չէ լուծուած: Եւ վստահաբար այստեղ գտնուելով, երբ կը խօսինք այդ մասին, անոր մասին կը լսէ ո՛չ միայն նախագահը, ո՛չ միայն Վրաստանի ժողովուրդը, այլեւ կը լսէ նաեւ միջազգային հանրութիւնը, որ նմանատիպ խնդիր կայ, եւ այդ խնդիրը ինչ որ իմաստով ոչ մարդկային վերաբերմունք է: Որեւէ ձեւով, սկսած անհետ կորսուածներէն մինչեւ գերիները կամ պատանդները այս բախտին պէտք չէ արժանանան, եւ պէտք է անպայման բարձրաձայնենք այս մասին:

Ազրպէյճանի հետ որեւէ բանի մասին խօսելէ առաջ նախ թող մեր տղաքն ու աղջիկները վերադարձնեն, յետոյ յաջորդ քայլին մասին կը մտածենք», շեշտած է նախագահը:

aztagdaily.com/archives/506294

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail