«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Առաքելութիւնը Տակաւին Չսկսած Աւարտած Է. Ազրպէյճան Վերականգնած Է Իր Տարածքային Ամբողջականութիւնը» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Խորհրդարաննի Փոխանախագահը
19 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Արցախի տագնապի լուծման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաքելութիւնը տակաւին չսկսած աւարտած է: Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին շաբաթ օր յայտարարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Ալի Հուսէյնլի:
Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած է «Ազրպէյճանի հակայարձակողական գործողութիւններուն հետեւանքով»:
«Ինչ կը վերաբերի անոր, թէ Մինսքի խմբակը կրնա՞յ որեւէ այլ քայլ ձեռնարկել, ապա միակ բանը, որ ան կրնայ ընել, Հայաստանին ստիպելն է կատարել 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերը: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կրնայ օգտակար ըլլալ այս հարցին մէջ», ըսած է ան եւ աւելցուցած, թէ այլեւս որեւէ տագնապ չկայ, որովհետեւ Ազրպէյճանը ապահոված է իր տարածքային ամբողջականութիւնը:
aztagdaily.com/archives/506309