ԵԽԽՎի Մէջ Հայ Գերիներու Հարցի Քննարկման Դէմ Քուէարկեցին Ատրպէյճան, Թուրքիա Եւ Ռուսիա

ԵԽԽՎի Մէջ Հայ Գերիներու Հարցի Քննարկման Դէմ Քուէարկեցին Ատրպէյճան, Թուրքիա Եւ Ռուսիա, Հայաստանի դաշնակիցը ըստ Հայաստանի ղեկավարութեան

ԵԽԽՎի Մէջ Հայ Գերիներու Հարցի Քննարկման Դէմ Քուէարկեցին Ատրպէյճան, Թուրքիա Եւ Ռուսիա

20 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /Հայաստանի ղեկավարութեան այսպէս կոչուած դաշնակիցը՝ Ռուսաստանի դաշնութիւն/

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա», «Նիուզ».- 19 Ապրիլին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացիկ հարցերու օրակարգին ընթացքին առաջարկուեցաւ քննարկել պարագան «Հայ ռազմագերիներու, այլ գերիներու եւ տեղահանուածներու», որուն համաձայնութիւն տուած էր ԵԽԽՎի Բիւրօն:

Սակայն ԵԽԽՎի մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Սամատ Սէիտով դէմ հանդէս եկաւ քննարկման եւ պահանջեց քուէարկութիւն կատարել:

Սակայն, քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ հարցը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդգրկուեցաւ օրակարգին վրայ՝ 93 թեր, 21 դէմ, 18 ձեռնպահ քուէներով:

Ըստ ԵԽԽՎի կայքին՝ քննարկման դէմ քուէարկեցին Ատրպէյճանի 6, Թուրքիոյ 8, Ռուսիոյ 5, Հունգարիոյ 1 եւ սերպիոյ 1 պատուիրակները:

Ռուսիոյ պատուիրակութեան 7 անդամներ ձեռնպահ քուէարկեցին: Ձեռնպահ ձայներուն մէջ են նաեւ Ուքրանիոյ 2 պատուիրակներ, իսկ մէկը թեր քուէարկեց:

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուած անձերուն կարելիութիւն տրուեցաւ հեռաձայնով կապ հաստատելու իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ, հաստատեց Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի:

asbarez.com/arm/388009/եխխվի-մէջ-հայ-գերիներու-հարցի-քննարկմ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail