Մենենտեզ Հայ Գերիներու Վերադարձի Հարցով Պաքուի Վրայ Ճնշում Գործադրելու Կոչ Կ՛ընէ

Պապ Մենենտեզ

Մենենտեզ Հայ Գերիներու Վերադարձի Հարցով Պաքուի Վրայ Ճնշում Գործադրելու Կոչ Կ՛ընէ

20 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, դեսպան Վիքթորիա Նիւլընտի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալի պաշտօնին հաստատման լսումներուն ընթացքին, յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ բարձրացուց հայ ռազմագերիներուն վերադարձի հարց:

Մենենտեզ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է լուրջ ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի անյապաղ ազատ արձակուին ռազմագերիները:

Մենենտեզ խօսեցաւ նաեւ Արցախին տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան եւ յատկապէս իրենց տուներէն տեղահանուած արցախցիներուն անհրաժեշտ օգնութիւն ապահովելու կարեւորութեան մասին:

Նիւլընտ համաձայնեցաւ, որ Միացեալ Նահանգները պարտաւոր է մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Արցախին, ներառեալ՝ ականազերծման աշխատանքներու իրականացումը, ինչպէս նաեւ պէտք է ապահովէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Ան նաեւ ըսաւ, որ պաշտօնը ստանձնելու պարագային, ջանքեր պիտի գործադրէ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործունէութեան աշխուժացման ուղղութեամբ:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – 1895

asbarez.com/arm/387998/մենենտեզ-հայ-գերիներու-վերադարձի-հար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail