ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՊՐԻԼԻ 24-Ի ԸՆԴԱՌԱՋ «ԱՐԱՍ»ԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ
16 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԳՐՔԵՐ – ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Կը տեղեկանանք, որ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական գիրք մը։ Եղեռնի 106-րդ տարելիցի սեմին «Արաս» լոյս ընծայած է «Ermeni Soykırımı’nın Kısa Bir Tarihi» գործը, որու հեղինակն է Թանէր Աքչամ։ Այս վերջինը, ծանօթ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու տեսակէտէ հեղինակաւոր անուն մըն է։ Տասնամեակներէ ի վեր ան կ՚աշխատի այս նիւթին վրայ։ Թանէր Աքչամ հարցը թէ՛ շատ լայն տեսանկիւնէ ուսումնասիրած է եւ թէ ատեն-ատեն կեդրոնացած՝ նեղ մասնագիտական երեսակներուն վրայ։
Ան ի յայտ բերած է կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնք այս նիւթի վերաբերեալ բանավէճի ամբողջին մէջ առանցքային սահմանումներու առիթ հանդիսացած են։ Պատմաբանը կը համագործակցի նաեւ սփիւռքահայ զանազան շրջանակներու հետ եւ այս հանգամանքը պաշտօնական տեսակէտներու հետամուտ շրջանակներուն կողմէ քննադատութեան առարկայ կը դարձուի՝ իր ծաւալած գործունէութեան առարկայականութեան տեսակէտէ։
«Արաս»ի կողմէ հրատարակուած նոր գործը Թանէր Աքչամի ցարդ հեղինակած գիրքերու շարքին որոշ չափով կ՚առանձնանայ, որովհետեւ ան փորձած է նիւթը համառօտակի եւ մատչելի ձեւով մատուցել՝ ընթերցողները մտածումներու մղելու նպատակով։ Այսօր հրապարակ կ՚ելլէ գիրքը, որու բովանդակութեան մէջ Օսմանեան արխիւներէ փաստաթուղթերու առարկայական արժեւորման լոյսին տակ մատուցուած են բոլոր հարցերը։ 1915-ը այս աշխարհագրութեան ամենամութ շրջաններէն մին կը համարուի եւ Թանէր Աքչամ իրադարձութիւնները կը դիտարկէ պաշտօնական տեսակէտներու ազդեցութենէն զերծ ձեւով։
Հրատարակիչները կը մատնանշեն, որ Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կարգ մը առումներով յստակօրէն կը տարանջատուին, ունին սուր ճամբաբաժաններ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, կարգ մը առումներով ալ ունին հետեւողականութիւն եւ շփում։ Այս ոլորտներու վերաբերեալ իրադարձութիւնները, հասկացութիւններն ու վէճերը վերջին տարիներուն պատմաբաններու առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Կայսրութենէն հանրապետութիւն անցումի ամենասուր ու ողբերգական անկիւնադարձերէն մէկուն վրայ ի յայտ կու գայ հայկական հարցը, որու «կարգադրուած» շրջանը սահմանափակ չէր միայն 1915-1918 թուականներով։
Թանէր Աքչամ, որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր որպէս պատմաբան խոշորացոյցի տակ առած է այս նիւթը, ներկայ գիրքին մէջ թէեւ ամփոփում մը կը մատուցէ, սակայն, ընդհանուր շրջանակ մըն ալ կը գծէ՝ բիւրեղացնելու համար 1878-1923 ժամանակաշրջանի վերաբերեալ ընկալումները։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ գրեթէ չորս բնակիչէն մին քրիստոնեայ էր։ Այսպիսի ժողովրդագրական իրականութենէ մը վերջ, ըստ հրատարակիչներուն, ցեղասպանութիւնը հայոց հետ սահմանափակ չէ մնացած եւ գործընթացը այնպիսի հետեւանքներու ծնունդ տուած է, որ քրիստոնեայ տարրերը ընկերային եւ մշակութային առումով ոչնչացուած են։
Հանրապետական շրջանի քաղաքականութիւններով այս գործընթացը տեւականացուած է զանազան միջոցներով։ Ուստի, մերօրեայ Թուրքիոյ ընկալման տեսանկիւնէն ալ այս բոլորը ունին բանալիի նշանակութիւն։ Թանէր Աքչամի այս գիրքը Օսմանեան պետութեան քրիստոնեայ բնակչութեան՝ համակեցութենէ դէպի ոչնչացում տարուիլը կը բացատրէ, որոշումներ առած ենթականերով հանդերձ։
Հրատարակիչները կը մատնանշեն, որ փորձառու պատմաբանը այս բոլորը մատչելի կառուցուածքով մը ընթերցողին կը ներկայացնէ իր հարուստ պաշարով։
Գիրքի խմբագիրներն են Օնուր Քոչյիղիթ եւ Ռոպէր Քոփթաշ։
Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021
jamanak.com/content/լրահոս/16-04-2021-ապրիլի-24-ի-ընդառաջ-«արաս»էն-լոյս-տեսաւ-թանէր-աքչամի-նոր-գիրքը