Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Որբերու Քաղաք Ալեքսանդրապոլը` Գիւմրին – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Աշխարհի ամենամեծ որբանոցի «Որբերու քաղաք» Ալեքսանդրապոլի, այժմ՝ Գիւմրիի 30 հազար որբերէն մաս մը 1922-ին, նկարը՝ Ճէյմս Պարթընի գիրքէն

Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Որբերու Քաղաք Ալեքսանդրապոլը` Գիւմրին – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

24 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

– Յարութ Չէքիճեան –haroutchekijian.wordpress.com – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Նախորդող յօդուածի մը մէջ գրած էի (1). «Թուրքիոյ ամբողջ պատմութիւնը մարդ մորթելու, ուրիշին ունեցածը թալանելու, ստելու, կեղծելու, բռնաբարելու, քանդելու, մի՛շտ այլամերժ, հակառակ անոր որ իրե՛նք եկուոր են շրջանին մէջ, անդադար սպառնալով, ահաբեկելով եւ այս բոլորով հպարտացող, յոխորտացող ազգայնամոլութեան եւ ցեղապաշտութեան տիպար օրինակ մըն է: Իրենց նախագահը` Էրտողան գրեթէ իր բոլոր ելոյթներուն մէջ աջ ու ձախ անդադար կը սպառնայ:

1. Աշխարհի ամենամեծ որբանոցի «Որբերու քաղաք» Ալեքսանդրապոլի, այժմ՝ Գիւմրիի 30 հազար որբերէն մաս մը 1922-ին, նկարը՝ Ճէյմս Պարթընի գիրքէն (3):

«Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական, Թուրքիոյ Անվտանգութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ Սէյիթ Սերթչելիք յունուար 2020-ին Մարաշի մէջ տեղի ունեցած «Հայկական հարցը եւ անոր պատմական յետին ծրագիրը» խորագիրով գիտաժողովին նշած է, որ` «1915 թուականի դէպքերը տեղահանութիւն էին», եւ իր խօսքերը հիմնաւորած է Թուրքիոյ ժխտողական թեզերով` մասնաւորաբար նշելով, որ արխիւային փաստաթուղթերը «կ՛ապացուցեն» իր խօսքերը (2)»: Ուրեմն, այժմու իշխանութիւնը գէթ կ՛ընդունի, որ 1915-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշած է բոլոր հայերը տեղահանել իրենց երկրէն, բնակավայրերէն:

«Էրտողան անձամբ քանիցս նոյն յայտարարութիւնը կատարած է, որ` ցեղասպանութիւն չէր, այլ տեղահանութիւն էր, եւ ճամբան «ոմանք մեռան», այնպէս` ինչպէս թուրքեր ալ մեռան»: Յստակ է, որ Էրտողան տեղեակ չէ, կամ կը կարծէ, թէ աշխարհը տեղեակ չէ, որ իրաւական առումով այս ցեղային մաքրագործում է, զանգուածային տեղահանութիւն, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` ցեղասպանութիւն կոչուելու արժանի քանի մը պատճառներէն մէկը (թէեւ իրենք բոլո՛ր պատճառները գործադրեցին): Ուրեմն Էրտողան կ՛ընդունի, որ ցեղասպանութիւն կատարած են, իսկ այդ «ոմանքը», պարզապէս, քանի մը ամսուան մէջ մէկուկէս միլիոն հայեր մեռան: Եւ անամօթաբար սակարկութեան մէջ կը մտնէ, որ մէկուկէս միլիոնը չափազանցուած է: Իսկ ինչո՞ւ թուրքեր ալ մեռան, քանի որ իրե՛նք` թուրքերը աշխարհին դէմ պատերազմ յայտարարած էին եւ պարտուեցան: Հայերը խաղաղ քաղաքացիներ էին, պատերազմ չէին յայտարարած:

2. Երբեմն հարիւրաւոր քիլոմեթր քալած, ոմանք տարիներ թափառած,բոկոտն եւ ցնցոտիներու մէջ, հիւանդութիւններով վարակուած որբեր, Ալեքսանդրապոլի որբանոցներ կը դիմեն: 3. Անհամար որբերուն շարքերը, Ալեքսանդրապոլ, 1921:

Հարց կու տամ տեղահանողներուն, Էրտողանին եւ Սերթչելիքին. արդեօք շուրջ երկու միլիոն հայ, որ 1915-ին տեղահանեցիք իրենց երկրէն, իրենց տուներէն դուրս դրիք, այս մանուկէն տարեց, այր եւ կին հայերը հանգստաւէտ փոխադրակառքերո՞վ վտարեցիք… Ո՞ր պանդոկներուն, կամ ո՞ր կահաւորուած բնակարանային համալիրներուն մէջ տեղաւորեցիք զանոնք® Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ տեղահանուածներու` քաղաքներուն, գիւղերուն, բնակարաններուն, գործարաններուն, խանութներուն, եկեղեցիներուն, գերեզմաններուն, դպրոցներուն, պարտէզներուն, մսացու կենդանիներուն, ինչքերուն, գոյքերուն, ունեցուածքին, դրամատնային հաշիւներուն, կալուածներուն, ներառեալ` Սիսի կաթողիկոսարանին, Պոլսոյ Գասապեաններուն ապարանքին, որ նախագահական պալատի վերածեցիք (3), եւ Ինճիրլիք ռազմակայանը, որուն մեծ մասը հայերու պատկանող հողեր են, եւ` միլիոնով այսպիսի կալուածներ:

Ուշ կամ կանուխ այս բոլորին հաշիւը պիտի վճարէ Թուրքիան, եւ Սեւրի դաշնագիրը ամբողջութեամբ պիտի գործադրէ:

4. Գասապեաններուն կալուածը՝ Թուրքիոյ նախագահական պալատ դարձած: 5. Ինճիրլիք ռազմակայանը:

Սեւրի դաշնագիրի 142-րդ յօդուածին համաձայն, «Պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ մէջ իրականացուած կոտորածներուն ընթացքին անհատներուն հասցուած անիրաւութիւնները կարելի եղած չափով վերականգնելու համար Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պարտաւորուի իր ամբողջ օգնութիւնը տրամադրել որոնելու եւ ապահովելու ազատութիւնը` բոլոր ցեղերուն կամ դաւանանքի պատկանող անձերուն, որոնք անհետացած են, տեղահանուած են, կամ գերութեան մէջ են 1 նոյեմբեր 1914-էն սկսեալ»:

Այս յօդուածը մասամբ գործադրուեցաւ եւ հազարաւոր որբեր իրենց ստրուկի, թրքացումի եւ իսլամացումի գերութենէն ազատեցան, ոմանք մէկ ոսկիի դիմաց, որ հայկական ու միսիոնարական կազմակերպութիւններ այդ միջոցով ալ որբահաւաք կատարեցին: Այս որբահաւաքին գլխաւոր կեդրոնը դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մասնաւորաբար` Ալեքսանդրապոլ քաղաքին մէջ, այժմ` Գիւմրի: Միա՛յն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ողջ մնացած որբերուն ընդհանուր թիւը հասած էր աւելի քան 50 հազարի, իսկ հազարաւորներ բնութեան ամայութեան մէջ ոչնչացան:

Այս որբերուն գլխաւոր, եթէ ոչ միա՛կ հոգատարը Միացեալ Նահանգներն էին` նախագահներ, կառավարութիւն եւ ժողովուրդ, իբրեւ նուիրատու եւ հազարաւոր զանազան մասնագիտութեան տէր կամաւոր ծառայողներ, Նիր Իսթ Ռիլիֆ` ՆԻՌ (Near East Relief) կիսապաշտօնական կազմակերպութեան միջոցով, որուն մասին հսկայական արխիւներ գոյութիւն ունին (11)(12), եւ Ճէյմս Պարթըն (James Barton 1855-1936), որ ՆԻՌ-ի նախագահը եղած է, «Մերձաւոր Արեւելքի ամոքումի պատմութիւնը 1915-1930» 567 էջ կարեւոր գիրքը գրած է. «Story of Near East relief (1915-1930)» (4):

Պարթըն այսպէս կը նկարագրէ որբանոցներուն հսկայական կալուածները. «Ֆիզիքական տարածութիւնը` ծաւալը Ալեքսանդրապոլի երեք գլխաւոր որբանոցներուն` Կազաչիի, Փոլիկոնի եւ Սեւերսքիի (մեծութեան շարքով, 1917-1918 լքուած նախկին ռուսական զօրանոցներ, 10 տարուան համար ձրի տրամադրուած, 1919-էն սկսեալ*) հսկայական է: Այնտեղ կային 170 շէնքեր, որ ինքնին ցուցանիշ մըն է գործի ծաւալին: Անոնց մէջ են 6 մթերանոցներ, իւրաքանչիւրը` շուրջ 300 մեթր երկայնքով, շուրջ 40 որբանոցի վերածուած երկյարկանի զօրանոցներ, իւրաքանչիւրը` 250-1000 որբ բնակիչներով, դպրոցական շէնքեր` 24-30 դասարաններով, զանազան չափերով ծառայութեան շէնքեր` տնօրէնութիւն, բժշկական, ոստիկանութեան` պահակութեան, փուռի, խոհարարութեան, վառելանիւթի, լուսաւորութեան, լուացքի, լոգանքի եւ այլն:

Երեւակայել մէկ շէնք, որ 1000 որբերու տունն է… Մարդկային զգացումը եւ մտային կարողութիւնը դժուար թէ ըմբռնէ 10 որբ մէկտեղուած վիճակ-երեւոյթը, ո՛ւր մնաց 1000-ը, 10 հազարը եւ անհաւատալի 50 հազարը… Ինչո՞ւ անոնք որբացած էին: Ո՞ւր էին անոնց ծնողները… Անոնք թուրք պետութեան կողմէ տեղահանուած էին, հետիոտն, անօթի ծարաւ, հարիւրաւոր քիլոմեթրեր, դէպի արաբական անապատները` ստոյգ մահուան դատապարտուած էին:

Այս հալածանքը հետեւողական էր, սուլթաններէն մինչեւ Էրտողան: ՆԻՌ-ի Կովկասի տնօրէն Էռնեսթ Եարրօ իրենց լրատուին ՆԻՌ-ի 4 յունիս 1921-ի համարին մէջ (5) կը գրէ, որ թուրք կառավարութեան վերջնագիրին պատճառով Կարսի մէջ տակաւին գտնուող որբանոցին 6400 հայ որբերը Ալեքսանդրապոլ փոխադրեցինք, ուր որբերուն ընդհանուր թիւը գերազանցեց 18 հազարը: Կարելի՞ է երեւակայել այս անտուն 6400 որբերուն նոր տեղ, այլ միջավայր փոխադրութիւնը 1921-ի պայմաններով:

Գաղափար մը կազմելու համար որբախնամի առօրեային մասին, հիանալի կազմակերպման, ՆԻՌ-ի 7 յունուար 1922-ի համարին մէջ «7000-նոց ընտանիքը» խորագիրով ակնարկը անգլերէնէ կը թարգմանեմ ստորեւ (6).

«ՆԻՌ-ի 7000 Ալեքսանդրապոլի որբերը (3 որբանոցներէն մէկը*) այնպիսի մեծ ընտանիք մըն է, ուր առօրեայ յայտագիրը ժամացոյցի ճշգրտութեամբ պէտք է գործադրուի, ապա թէ ոչ տուժողներ պիտի ըլլան:

«Երեւակայեցէք` շաբաթական 7000 լոգանք, օրական 1166` շաբաթական 6 օր, ժամական 146 պզտիկներ, կամ իւրաքանչիւրը 2,5 վայրկեանէն պէտք է անցնի ցնցուղին տակէն: Օրական մէկ սնտուկ օճառ կը սպառի միայն լոգանքի համար:

«Իւրաքանչիւր հագուստի 45 սմ տեղ յատկացնելով, լուացուած հագուստները` ներքնազգեստ, գուլպայ եւ 2 կտոր հագուստ 1166 լոգցողներուն համար օրական շուրջ 2700 մեթր երկայնքով լուացք փռելիք կը պահանջէ:

«Իւրաքանչիւր ճաշի ժում 5 անգամով կը մատուցուի (այսինքն` օրական 15 անգամ*), քանի որ բաւարար պնակներ չունինք, ոչ ալ` ճաշասեղան: Օրական 7000 պնակ լուալ, որոնք եթէ քով-քովի շարենք, շուրջ 2400 մեթր կ՛ըլլայ երկայնքը:

«Անկողինները եւ 3 վերմակները (պլանքեթ), որոնք անհրաժեշտ են այս կլիմային համար, անշուշտ եթէ բոլորը ունենային (3 վերմակ*), զանոնք քով-քովի շարելով` Պալթիմորէն Ուաշինկթըն կը հասնին, այսինքն` 66 քմ:

Այլ տեղեկագիրի մը մէջ «Պատառ մը Ամերիկա Հայաստանի մէջ» խորագիրով ՆԻՌ-ի Երեւանի գաղթականներու ընդհանուր տեսուչ Ս. Ֆ. Ռոլանտ (C. F. Rowland) կը գրէ. «Մէկը նոյնիսկ կրնայ մտածել, որ Երեւանը, Հայաստան, Ամերիկայէն տեղափոխուած փոքր շրջան մըն է, քանի որ ամերիկեան դրօշը պարզուած է ամէնուրեք, մեր 30 շէնքերուն վրայ» (7):

Այս նուիրեալ աշխատանքին համար Ալեքսանդրապոլի մէջ, նո՛յնիսկ պոլշեւիկեան հալածանքի եւ որբանոցները թալանելու օրերուն, 17 ամերիկացի եւ շուրջ 1000 հայ պաշտօնեաներ մնացին ծառայելու` մերժելով լքել որբերը: ՆԻՌ-ի 16 յունիս 1921-ի թիւին մէջ (8) կը կարդանք «Ալեքսանդրապոլի բնիկ պաշտօնեաները կամաւոր կը ծառայեն եւ կէս ժում ճաշով, առանց ամսականի» խորագիրով, 8 ապրիլ 1921-ի տեղեկագիրէն հատուած մը, աւելցնելով, որ անոնք վերջին ամսականը դեկտեմբեր 1920-ին ստացան: Նշեմ, որ 1 ամերիկեան տոլարը այդ օրերուն կ՛արժէր 1 միլիոն պոլշեւիկեան ռուբլի… Իսկ ամերիկեան գործածուած հագուստները (պալեայ), որոնք կը ղրկուէին ամերիկացի ժողովուրդին կողմէ, դրամի կարգավիճակ ստացած էին… Օրինակ` որբանոցներուն փայտի կարիքներուն համար իբրեւ վճարում վաճառականները ռուբլի չէին ընդունիր, այլ` գործածուած հագուստ (9):

Այս նուիրեալ պաշտօնեաներէն էր, Կրթութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի խնդրանքով, ՀՄԸՄ-ի կողմէ 26 յուլիս 1920-ին Պոլիսէն Հայաստան գործուղուած երեք անդամներէն՝ Վահան Չերազը, որուն կը պարտինք որբանոցներուն մէջ սկաուտական շարժումի ստեղծումը, որ կարգ, կանոն եւ առողջ մարմնակրթութիւն տարածեց հազարաւոր որբերուն մէջ: Իր ազգային անզիջող վարքագիծին համար միշտ հալածուեցաւ պոլշեւիկներուն կողմէ, Սիպերիա աքսորուեցաւ նոյեմբեր 1924-էն Մարտ 1925, վերադարձաւ որբանոց, սակայն 1927 դեկտեմբերին կարճատեւ բանտարկութենէ ետք, 9 յունուար1928-ին Թիֆլիսի մէջ մահապատիժի ենթարկուեցաւ:

Նորա Ն. Ներսէսեան 2016-ին «Որբերուն քաղաքը» (The City Of Orphans) կոթողական 613 էջ գիրքը (10) հրատարակեց, ուր Ալեքսանդրապոլի որբանոցներուն պատմականին կողքին, կը ներկայացնէ ոչ ամբողջական ցանկը 11500 որբերուն` նշելով անոնց ծննդավայրը եւ ծննդեան թուականը նաեւ, 705 ամերիկացի եւ հայ պաշտօնեաներուն ոչ ամբողջական ցանկը, որոնք պաշտօնավարեցին 1919-1931: Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան շարունակուող սեղմումներէն եւ հալածանքներէն ետք, ՆԻՌ-ի աշխատանքները վերջնականապէս դադրեցան 30 յունիս 1930-ին: Տրամաբանական է Ներսէսեանի եզրակացութիւններէն մէկը, որ այս «ամերիկեան կրթութիւն» ստացած որբերուն վիճակուած էր կերտել ապագայ Հայաստանը:

Այս օրերուս, դժբախտաբար, անհեթեթութեան կը մօտենայ Միացեալ Նահանգներու այժմու նախագահին «Ցեղասպանութիւն» պիտի ըսէ-չըսէն, մանաւանդ երբ 2019-ին երկու կուսակցութիւններուն եւ երկու ներկայացուցչական պալատներուն կողմէ ցեղասպանութիւն եզրը միաձայնութեամբ ընդունուելու իրողութենէն ետք:

13 ապրիլ 2021

haroutchekijian.wordpress.com

———————-

*Լուսաբանութիւնները իմս

(1)  https://www.aztagdaily.com/archives/481268

(2)  https://www.aztagdaily.com/archives/461186

(3)  https://armenpress.am/eng/news/769217/turkey%E2%80%99s-presidential-palace-belongs-to-armenian-family-massacred-during-genocide-turkish-media.html

(4)  Story of Near East relief (1915-1930), by James Barton, New York: Macmillan Company. 1930. Pp. Xxii, 479, նկարը էջ 124-ի եւ 125-ի միջեւ:

(5)  «Near East Relief», Vol. 3 No.22, june 4, 1921, էջ 1:

(6)  «Near East Relief», Vol. 4 No.1, january 7, 1922, էջ 3:

(7)  «Near East Relief», Vol. 4 No.4, january 28, 1922, էջ 4:

(8)  «Near East Relief», Vol. 3 No.23, june 11, 1921, էջ 2:

(9)  «Near East Relief», Vol. 4 No.4, january 28, 1922, էջ 4:

(10)  The City of Orphans: Relief Workers, Commissars and the «Builders of the New Armenia» Alexandropol/Leninakan 1919-1931, Hollis Publishing, January 1, 2016, 613 էջ:

(11)  https://neareastmuseum.com/archives/page/4/?search_query&tax_collections=orphanage-life

(12)  https://neareastmuseum.com/archives/?search_query=alexandropol&tax_collections%5B%5D=orphanage-life&wpas=1

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail