Թուրքերը եւ հայերը 500 տարի ապրած են միասին, եթէ մենք չխառնուինք եւ այդ կարգը չխախտենք, անոնք եւս 500 տարի միասին կ՝ապրին

Turkish Defense Minister Hulusi Akar

Պատմութեան Մէջ Յստակ Գրուած Է, Որ Ցեղասպանութիւն Չէ Եղած. Թուրքիոյ ՊՆ

03 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար՝ Էսքիշեհիրի մարտավարական օդուժի հրամանատարութիւն կատարած ստուգայցին ընթացքին՝ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային:

Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ Աքարը, կրկնելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ներկայացուող թեզերը եւ նոյնաբովանդակ յայտարարութիւնները, կրկին հնչեցուցած է ժխտողական պնդումներ ընդգրկող միտքեր։

«Ցեղասպանութիւն հաստատ չէ եղած: Պատմութեան մէջ ատիկա պարզ ու յստակ գրուած է: Պատմութեան բոլոր տեղեկութիւնները, փաստաթուղթերը, վկաները եւ դիտարկումները շատ պարզ եւ յստակ ցոյց կու տան, որ 1915-ին նման բան տեղի չէ ունեցած»,- ըսած է Աքար:

Այնուհետեւ, անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման՝ պնդած է, որ քաղաքական գործիչները չեն կրնար պատմագիտութեամբ զբաղիլ. «Ամերիկացիներուն այս յայտարարութիւնը կը նշանակէ ժխտել սեփական պատմութիւնը, համաձայնագրերը, պայմանագրերը եւ ստորագրութիւնները: Ամերիկացիները ունին յայտնի ազգային արխիւ՝ NARA (ԱՄՆ ազգային արխիւ) անունով, ուր թեմային վերաբերեալ բազմաթիւ զեկոյցներ կան: 1914-1915թթ. եւ 1920թ. այդ զեկոյցներուն մէջ ամերիկացիներն ու անգլիացիները շատ պարզ ու յստակ կ՝ըսեն՝ «Թուրքերը եւ հայերը 500 տարի ապրած են միասին, եթէ մենք չխառնուինք եւ այդ կարգը չխախտենք, անոնք եւս 500 տարի միասին կ՝ապրին»»:

yerakouyn.com/2021/05/03/պատմութեան-մէջ-յստակ-գրուած-է-որ-ցեղաս/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail