ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովի Նախագահը Ինչո՞ւ Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Թուրքիոյ Խօսնակ – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
14 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովը 5 Մայիս 2021ին գումարեց նիստ մը՝ «Համագործակցական երկխօսութիւն` խաղաղութեան ուղղուած բազմակողմանիութեան եւ դիւանագիտութեան միջազգային օրը ոգեկոչելու եւ խթանելու համար» թեմայով: Նիստը սովորաբար տեղի կ՛ունենայ 24 Ապրիլին, ամսաթիւ մը, զոր ՄԱԿը սահմանած է «Խաղաղութեան ուղղուած բազմակողմանիութեան եւ դիւանագիտութեան» օրը նշելու համար:
Բազմաթիւ երկիրներէ ՄԱԿի պատուիրակներ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչը, ելոյթ ունեցան նիստին ընթացքին, որուն կը նախագահէին Գլխաւոր ժողովի նախագահ, Թուրքիոյ նախկին դիւանագէտ Վոլքան Պոզքիր եւ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ:
Նիստին ընթացքին ՄԱԿի մէջ (Նիւ Եորք) Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Դաւիթ Կնեազեան հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ.
«Հայաստան հաստատապէս հաւատարիմ է ՄԱԿի Կանոնադրութեան նպատակներուն եւ սկզբունքներուն վրայ հիմնուած արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան՝ ներառեալ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման եւ վէճերու խաղաղ լուծման: 24 Ապրիլը այն օրն է, երբ ամբողջ աշխարհի տարածքին հայ ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ եւ յարգանքի տուրք կը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, ինչ որ խիստ յիշեցում մըն է, որ միջազգային մակարդակի ճգնաժամ մը կրնայ յանգեցնել դաժան ոճիրներու:
«Համաճարակին պատճառած համաշխարհային մարտահրաւէրները փորձութիւն են բազմակողմանիութեան համար: Ատելութեան խօսքի աճի, համաճարակը օգտագործելով պատերազմներ սանձազերծելու եւ մարդկային իրաւունքները ոտնահարելու, ինչպէս նաեւ անցեալի ցեղասպանութիւնները արդարացնելու պայմաններուն մէջ, ՄԱԿը պէտք է պահպանէ միջազգային իրաւունքը, իր իսկ կանոնադրութեան նպատակներն ու սկզբունքները, եւ ծառայէ իբրեւ պաշտպան մարդկութեան արժէքներուն: Այս մարտահրաւէրները կանխելու եւ անոնց արձագանգելու համար, ՄԱԿի կարողութիւններուն ուժեղացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի մարդկային իրաւունքներու եւ մարդկային արժանապատուութեան պահպանման համար:
«Մենք կը փափաքէինք հարցնել ՄԱԿի հիմնական մարմիններու ղեկավարներուն, թէ ի՛նչ միջոցներ կարելի է սահմանել ՄԱԿի կանխարգիլման կառուցակազմերը ամրապնդելու համար՝ ընդդէմ ատելութեան խօսքի աճի, ուրացման եւ անցեալի ոճրագործութիւններու արդարացման: Եւ երկրորդ, ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել ՄԱԿի համակարգի արդիւնաւէտ արձագանգը՝ ցեղային եւ կրօնական հողի վրայ բռնութիւն գործադրողներու եւ ինքնութեան վրայ հիմնուած յանցագործութիւններ հրահրողներու դէմ»:
ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարի կարճ ելոյթէն ետք, Գլխաւոր ժողովի նախագահ Վոլքան Պոզքիր պատասխանեց Հայաստանի ներկայացուցիչի յայտարարութեան՝ ըսելով.
«Ի պատասխան Հայաստանէն իմ յարգարժան գործընկերոջ (Գլխաւոր քարտուղարը մասամբ պատասխանեց), ցեղասպանութիւնը յանցագործութիւն է, որ յատուկ կերպով սահմանուած է ՄԱԿի՝ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժին մասին» 1948ի Համաձայնագիրով: Թէ ի՞նչ է ցեղասպանութիւնը եւ ինչպէ՞ս կ՛որոշուի, յստակօրէն ամրագրուած են Համաձայնագիրին մէջ, ըստ որուն՝ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը պէտք է որոշուի դատական իրաւասու մարմինի մը կողմէ: Այլ խօսքով, միջադէպը ցեղասպանութիւն որակելու համար, միջազգային իրաւասու դատարանը պէտք է այդ նպատակով որոշում տայ: ՄԱԿի դիրքորոշումը ցեղասպանութեան մասին, բնականաբար, համահունչ է նշեալ համաձայնագիրին, եւ անիկա նախապէս բազմաթիւ առիթներով կրկնուած է ՄԱԿի պաշտօնեաներուն կողմէ, իսկ վերջերս՝ երկու շաբաթ առաջ՝ Գլխաւոր քարտուղարի խօսնակին կողմէ, որ հաստատեց, թէ ցեղասպանութեան հարցը պէտք է որոշէ համապատասխան դատական մարմինը, որքանով որ կ՛առնչուի ՄԱԿին»:
Քանի մը հարցեր կան այսդեղ՝ Պոզքիրի յայտարարութեան հետ կապուած: Նախ, Հայաստանի դիտողութիւններուն ան աւելի շատ պատասխանեց՝ իբրեւ թուրք դիւանագէտ, քան՝ իբրեւ Գլխաւոր ժողովի նախագահ, խախտելով ՄԱԿի մէջ իր ստանձնած պաշտօնին չափանիշները: Այս է պատճառը, որ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի դեսպան Մհեր Մարգարեան 10 Մայիս 2021ին ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարին յղեց նամակ մը, որ նաեւ պէտք է տարածուի՝ իբրեւ ՄԱԿի պաշտօնական փաստաթուղթ՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ Պոզքիր «չարաշահեց» 5 Մայիսի նիստը՝ Ցեղասպանութեան համաձայնագիրը՝ իբրեւ «անտեղի, ոչ փափաքելի մեկնաբանութիւն» ներկայացնելով: Դեսպան Մարգարեան նշեց, որ Պոզքիրի «անտեղի խօսքերը» պէտք է դիտարկել Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ բնակչութեան դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը հերքելու միտող պաշտօնական քաղաքականութեան համագրութեան մէջ, բան մը, զոր Թուրքիոյ կառավարութիւնը հետեւողականօրէն յառաջ կը մղէ, եւ ասոր փաստը այն է, որ Պոզքիրի խօսքերը անմիջապէս տարածուեցան Թուրքիոյ պետական լրատուական գործակալութիւններուն կողմէ՝ իբրեւ աջակցութիւն պաշտօնական ուրացման: Անկասկա՛ծ, Պոզքիրի գործողութիւնները համատեղելի չեն Գլխաւոր ժողովի նախագահի բարոյագիտութեան կանոններուն հետ»:
Կանխատեսելով Պոզքիրի հակասական հաւատարմութիւնը, ՄԱԿի մօտ Հայաստանի եւ Կիպրոսի մնայուն ներկայացուցիչներ Մհեր Մարգարեան եւ Անդրէաս Մավրոյանիս 2 Յունիս 2020ին միացեալ նամակ մը յղեցին ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարին՝ առարկելով Պոզքիրի առաջադրումը իր ներկայ պաշտօնին:
Միացեալ նամակը, որ տարածուեցաւ ՄԱԿի անդամ բոլոր երկիրներուն մէջ, անոնց կը յիշեցնէր, որ Պոզքիր ՄԱԿը հաւաստիացուցած էր՝
«ա) Ներկայացնել բացառապէս այն պաշտօնը, որուն համար ան ընտրուած է՝ հիմնուելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ այն բանաձեւերու, որոշումներու, կանոններու եւ սովորոյթներու մարմինին վրայ, որ կը պարտաւորեցնէ զինք՝ իբրեւ Գլխաւոր ժողովի նախագահ, եւ
«բ) Բոլոր անդամ պետութիւններուն ցուցաբերել հաւասար վերաբերում՝ պահպանելով բազմակողմանիութեան ոգին եւ կանոններու վրայ հիմնուած միջազգային կարգը, որուն հիմքը ՄԱԿն է»:
Դեսպաններ Մարգարեան եւ Մավրոյանիս կը նշեն, որ Պոզքիրը առաջադրող երկիրը՝ Թուրքիան, «ամբողջ իր տարածաշրջանին մէջ կը սպառնայ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան՝ անընդհատ խախտելով ՄԱԿի Կանոնադրութիւնը եւ միջազգային իրաւունքը, ներառեալ ՄԱԿի պատժամիջոցներու օրէնքները, իր նկրտումները իրականացնելու համար՝ ի նպաստ տարածաշրջանային գերակայութեան: Թուրքիա այսպէս կը գործէ՝ դրացի երկիրներուն հանդէպ ցոյց տալով յարձակողական պահուածք, ոտնձգութիւն կատարելով անոնց տարածքներուն վրայ, վտանգելով անոնց ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, կասկածի տակ դնելով անոնց ինքնիշխան իրաւունքները՝ քաղաքական նպատակներու համար գործիք դարձնելով տարագրուածներու եւ գաղթականներու վիճակը: Մօտաւորապէս երեք տասնամեակ, պարտադրելով եւ պահպանելով Հայաստանի ցամաքային անօրինական շրջափակումը՝ Թուրքիա, ըստ էութեան, կը խոչընդոտէ դէպի ծով ելք չունեցող իր դրացի երկիրին տարանցումը եւ դէպի ծով ելքը: 105 տարի առաջ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Ցեղասպանութեան դէմ Թուրքիոյ վարած ուրացման յամառ քաղաքականութիւնը եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ու արժանապատուութեան վրայ յարձակումները կը շարունակեն անվտանգութեան սպառնալիք ներկայացնել Հայաստանի եւ աւելի լայն տարածաշրջանին համար: Թուրքիա ներխուժեց Կիպրոս եւ գրեթէ 50 տարիէ ի վեր կը շարունակէ բռնագրաւել անոր տարածքին աւելի քան մէկ երրորդը. կը շարունակէ ժխտել անոր գոյութիւնը՝ պնդելով չճանչնալ զայն՝ միակողմանիօրէն հռչակելով իր իսկ կողմէ գրաւուած տարածքին մէջ ապօրինի, անջատողական կառոյց, որմով կը փորձէ ընդդիմանալ միակ օրինական կառավարութեան՝ հակառակ Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ իր գործողութիւններուն ուղղուած յստակ դատապարտման. ան պատասխանատու է Կիպրոսի մէջ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն, զորս կը շարունակէ հերքել, թէեւ դատապարտուած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ. կը շարունակէ ամէն օր խախտել Կիպրոսի ինքնիշխանութիւնը եւ ինքնիշխան իրաւունքները ցամաքի վրայ, ծովու եւ օդի մէջ…: Այս պատճառներուն վրայ հիմնուելով է, որ մեր պատուիրակութիւնները դէմ են Պոզքիրի «լռութեան ընթացակարգով» ընտրութեան, եւ կը պահանջեն, որ ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովի 75րդ նստաշրջանի նախագահի ընտրութիւնը տեղի ունենայ գաղտնի քուէարկութեամբ»:
Հակառակ ՄԱԿի մէջ վարած պաշտօնին՝ Պոզքիր հանդէս կու գայ իբրեւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը, որովհետեւ 1972էն սկսեալ ան վարած է բազմաթիւ պաշտօններ իր երկրի արտաքին ծառայութեան մէջ, այդ պաշտօններուն շարքին են՝ դեսպան Ռումանիոյ մօտ, գլխաւոր հիւպատոս Նիւ Եորքի մօտ, դեսպանութեան առաջին քարտուղար Իրաքի եւ գլխաւոր փոխհիւպատոս Շթութկարթի մօտ, Գերմանիա: Ան աշխատած է նաեւ՝ իբրեւ նախարարներու դահլիճի ղեկավար եւ արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր խորհրդական՝ նախագահներ Թուրկութ Էօզալի եւ Սուլէյման Տեմիրելի օրերուն, ինչպէս նաեւ վարած է արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալի պաշտօն: Իննը տարի եղած է նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ եւ Եւրոպական միութեան գործերու նախարար:
Մոռնալով ՄԱԿի առջեւ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները՝ Պոզքիր «փաւլովեան» հակազդեցութիւն ցուցաբերեց Հայաստանի ներկայացուցիչին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման: Կարեւոր է նշել, որ աշխատելով իբրեւ թուրք դիւանագէտ, ան քանի մը անգամ հերքած է Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
5 Մայիս 2021ին, Պոզքիր կրկնեց յաճախ լսուող թրքական դիրքորոշումը, թէ՝ «ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը պէտք է որոշուի դատական իրաւասու մարմինի մը կողմէ»: Ան անուղղակիօրէն արձագանգեց վերջերս նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Նախ եւ առաջ, Օսմանեան կայսրութիւնը (այժմ՝ Թուրքիա) առաջին երկիրն էր, որ 1919-1920 թուականներուն Պոլսոյ մէջ իրականացուց հայկական կոտորածներու («ցեղասպանութիւն» եզրոյթը դեռ չէր ստեղծուած) վերաբերեալ ռազմական դատավարութիւններ՝ մահուան դատապարտելով հայերու զանգուածային սպանութիւնները կազմակերպողները: Երկրորդ, Պայտըն, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ աշխարհի մօտաւորապէս 30 խորհրդարաններու կողքին, ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ իբրեւ իրաւական դատավճիռ, այլ իբրեւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան քաղաքական հաստատում:
Պնդելով, որ «ցեղասպանութիւնը պէտք է որոշուի համապատասխան դատական մարմինի մը կողմէ»՝ Պոզքիր կ՛անտեսէ ՄԱԿի սեփական գրառումները: Օրինակ՝ ՄԱԿի 1948 թուականի ռազմական յանցագործութիւններու յանձնախումբը պատրաստեց ծաւալուն զեկոյց մը՝ մեղադրելով Թուրքիոյ կառավարութիւնը հայկական ջարդերու իրականացման մէջ: ՄԱԿի զեկոյցին մէջ այս ջարդերը կը նկարագրուին՝ իբրեւ «մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններ», որոնք կ՛ընդգրկեն «կառավարութեան կողմէ իր հպատակներուն դէմ կատարուած անմարդկային գործողութիւններ»: Պոզքիր կ՛անտեսէ նաեւ այն փաստը, որ ՄԱԿի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու ենթայանձնախումբը 1985ին ընդունեց զեկոյց մը, որուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը նշուէր՝ իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ: Ես ներկայ էի այդ նստաշրջանին եւ ելոյթ ունեցայ յօգուտ ՄԱԿի զեկոյցին: Որովհետեւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ համաձայնագիր հաստատուած է ՄԱԿի կողմէ՝ նոյն մարմինին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունիլը կը նկատուի հեղինակաւոր յայտարարութիւն:
Բարեբախտաբար, քանի մը ամիս ետք կ՛աւարտի ՄԱԿի մէջ Պոզքիրի մէկ տարուան պաշտօնավարութիւնը: Հանդէս գալով իբրեւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը՝ ան կը փորձէ թրքական դիւանագիտական պաշտօն մը եւս ստանալ, որովհետեւ ան շուտով պիտի արձակուի իր ներկայ պաշտօնէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.com/arm/389497/մակի-գլխաւոր-ժողովի-նախագահը-ինչո՞ւ-հ/