ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – Մելիք Շահնազարի Միացում Փանահ Ալի Խանի – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շուշիի բերդ - shushi fortress

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – Մելիք Շահնազարի Միացում Փանահ Ալի Խանի – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

12 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

րցախի մելիքները, իրենց անառիկ լեռներուն վրայ, դաշնակցային կապերով միացած, անխորտակելի ուժ էին:

Վարանդայի մելիք Յովսէփ Մելիք Շահնազարեանի եղբայր Շահնազար, Աւետարանոցի մէջ կոտորելով իր եղբօր ընտանիքը, բռնութեամբ խլեց իշխանութիւնը: Աւետարանոցի եղեռնագործութիւնը դուռ բացաւ կործանարար գժտութիւններու եւ քայքայեց մելիքութիւններու դաշնակցային կապերը. բան մը, որ ճակատագրական եղաւ արցախահայութեան համար:

***

Ինքզինք Վարանդայի մելիք հռչակած Շահնազար Մելիք Շահնազարեանի եղեռնագործութիւնը իր դէմ հանեց Արցախի աւանդապահ մելիքները: Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ Մելիք Բեգլարեան, Ջրաբերդի մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթան Մելիք Իսրայէլեան, Խաչենի մելիք Ալլահվերտի Հասան Ջալալեան եւ Դիզակի մելիք Եսայի Մելիք Եգանեան միաբանեցան եւ իրենց զօրքերով շարժեցան դէպի Վարանդա:

Մելիք Շահնազար ամրացաւ Աւետարանոցի մէջ եւ դիմադրութեան անցաւ:

Աւետարանոց, Քիրս լերան ստորոտը, 1200 մեթր բարձրութեան վրայ եւ արեւելահայեաց, հզօր պարիսպներով շրջապատուած էր: Գիւղին կեդրոնը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին է, կառուցուած` 1651-ին. հարաւ-արեւմուտքը` Կուսանաց անապատը, կառուցուած` 1616-ին:

Աւետարանոցի պաշարումը երկար տեւեց. ձմեռը վրայ հասաւ, բայց ուխտապահ մելիքները չկրցան գրաւել զայն: Անոնք Վարանդայի գիւղերուն մեծ մասը աւարի տալէ եւ աւերելէ ետք վերադարձան իրենց տեղերը, յաջորդ գարնան կրկին արշաւելու եւ Աւետարանոցը կործանելու համար:

***

Շուշիի բերդ – shushi-fortress

Մելիք Շահնազար լաւ գիտէր, որ իր ուժերը անբաւարար էին չորս մելիքութիւններուն դէմ պայքարելու համար: Անոր պէտք էր դաշնակից մը, օգնական մը: Եւ մելիք Շահնազար ձեռք երկարեց Ջաւանշիրներու ցեղապետ, Ղարաբաղի կառավարիչ հռչակուած Փանահ Ալի խանի:

Մելիք Շահնազար հարուստ էր եւ անցեալին օգնած ու ծառայութիւններ մատուցած էր Փանահ Ալիի, որուն պատճառով ալ պատուի արժանացած էր: Փանահ Ալի երբ դրամի կարիք ունեցած էր, Շահնազարի դիմած եւ բաւարարուած էր:

Մելիք Շահնազար Փանահ Ալի խանի հպատակութիւն եւ հաւատարմութիւն յայտնեց եւ երդում ըրաւ անոր աջակցութեամբ ազատիլ մելիքներու պատիժէն:

Փանահ Ալի խան արդէն վաղուց դիտաւորութիւն ունէր իր իշխանութիւնը ամրապնդելու, զօրացնելու եւ տարածելու ամբողջ Ղարաբաղի վրայ: Ան համոզուած էր որ Արցախի անմատչելի բարձունքները նուաճելու եւ հաստատ դիրք բռնելու համար անհրաժեշտ է Ղարաբաղի մելիքներու միաբանութիւնը քանդել եւ անոնցմէ գոնէ մէկը անպատճառ իր կողմը գրաւել:

Փանահ Ալի խան իր կողմէ շատ ուրախ եղաւ եւ համոզուեցաւ, որ այսպիսով իր նպատակին հասաւ: Ղարաբաղի մելիքներու միաբանութիւնը քանդուած, անոնցմէ մէկը իր կողմը անցած եւ հայերու ռազմաճակատը պատռուած էր:

***

Ղաջարները թուրքմէնական թափառաշրջիկ ցեղախումբ են, շիի դաւանանքի հետեւորդ, եւ երկու ճիւղերու բաժնուած են` Տեւելու (ուղտաբոյծ) եւ Քոյունլու (ոչխարաբոյծ): Քոյունլուներէն սերած է ցեղապետներու ընտանիքը:

Ղաջարներ Սեֆեաններու կազմած գզըլպաշներու (կարմիր գլխարկաւորներ. շիի տասներկու իմամներուն ի պատիւ` տասներկու շարք կարմիր կտորներով) զինուորական կազմակերպութեան միացան եւ պարտութեան մատնեցին Աքքոյունլուները: Սեֆեան հարստութեան կազմաւորումէն ետք, 1501-ին, Փիրի բէկ Ղաջար Ղարաբաղի եւ Գանձակի պէյլէրպէկի հռչակուեցաւ: Անոր յաջորդեցին Շահվերի Սուլթան Զիատօղլու Ղաջար, Եուսուֆ իպն Շահվերտի խան եւ Մոհամէտ Ղուլի խան Ղաջար:

Ցեղապետ Ֆաթհ Ալի խան Ղաջար Ասթարապատի (ներկայիս` Կորկան) եւ Սեմնանի կառավարիչ եւ զինուորական հրամանատար եղաւ եւ սպաննուեցաւ 1726-ին:

Գլխաւորաբար հիւսիսային Իրանի մէջ տարածուած եւ 15-էն 20 հազար հոգի հաշուող ցեղախումբէն քոչուորական խմբաւորումներ կը հասնէին մինչեւ Երեւան եւ Գանձակ:

Ֆաթհ Ալի խան Ղաջարի որդի Մոհամէտ Հասան խան Ղաջար, Իրանի անիշխանական կացութենէն օգտուելով Ատրպատականի, Կիլանի եւ Մազանտարանի երկրամասերուն ինքնիշխան տէրը դարձաւ:

Սիւլէյման Բ. շահի տապալման եւ կուրացուած Շահրոխ շահի վերստին գահակալման օրերուն, 1750-ին, Մոհամէտ Հասան խան Ղաջար ինքզինք կեդրոնական իշխանութենէն անկախ հռչակեց:

***

Փանահ Ալի խան մէկ կողմէ ուրախ էր որ Ղարաբաղի մելիքներու միաբանութիւնը քանդուած եւ անոնցմէ մէկը իր կողմը շահած էր, բայց միւս կողմէ մտահոգ էր, որ Մոհամէտ Հասան խան Ղաջար կրնար իր դէմ ռազմական գործողութիւններու սկսիլ, մանաւանդ որ ինք նախապէս Ատիլ շահին եւ սարտար Ամիր Ասլան խանի հետ բարեկամական կապեր հաստատած էր:

Փանահ Ալի խան մտահոգ էր նաեւ Եիրմիտէօրթ (քսանչորս) կոչուող թուրքմէն ցեղախումբերու զօրացումէն, որոնք Ղաջարներու դաշնակիցը դարձած էին:

Իսկ Օթուզիքի (երեսուներկու) ցեղային միութիւնը, որ նախապէս Ջանաւշիրներուն դաշնակից կը նկատուէր, Շահսաւան (պարսկերէն` թագաւորը սիրող) ցեղախումբին միացած էր:

Փանահ Ալիի ցեղային թշնամիները զայն Փիճ (ապօրէն ծնունդ) Փանահ կը կոչէին, որովհետեւ յստակ չէր որ անոր հայրը Իպրահիմ աղա՞ն էր, Սաֆա՞րը, Սամէ՞տը կամ ձիագող Քուրպանը:

***

Ղաջար, Եիրմիտէօրթ, Օթուզիքի եւ Շահսաւան ցեղերու զօրացման պայմաններուն տակ, անոնց սպառնալիքները դիմագրաւելու, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի հայկական մելիքութիւնները նուաճելու առաջադրանքով, Փանահ Ալի խան Շահբուլաղի ամրոցին մէջ Ջաւանշիրներու ցեղային հաւաք` տիւան-խանէ հրաւիրեց:

Տիւան պարսկերէն կը նշանակէ դահլիճ, խանէ` տուն: Տիւան-խանէ ցեղապետին յատուկ սենեակն է, ուր ցեղին աղաները եւ տղամարդիկ կը հաւաքուին, թէյ կը խմեն եւ ցեղային հարցեր կը քննարկեն:

Փանահ Ալի խանի հրաւիրած տիւան-խանէին ներկայ էին ցեղախումբին բոլոր բանիմաց եւ հեղինակաւոր դէմքերը:

Բազմամարդ այդ հաւաքին ընթացքին որոշուեցաւ, Ղարաբաղի խանութեան ամրապնդման եւ պաշտպանութեան առաջադրանքով, նոր ամրոց-քաղաք հիմնել: Միաձայնութեամբ առնուած որոշումը կ՛ըսէր.

«Բերդը մենք պէտք է կառուցենք յաւերժութիւններու վրայ, լեռներու մէջ, անանցանելի, անառիկ վայրի մէջ, որպէսզի նոյնիսկ ամէնէն ուժեղ թշնամին չկարենայ պաշարել զայն: Դէպի բերդ տանող ճանապարհը մէկ կողմէն պէտք է բացուի դէպի այն վիլայէթները, որոնք կը գտնուին լեռներուն վրայ. պէտք չէ կտրուի մահալներու հետ կապը»:

***

Փանահ Ալի խան եւ մելիք Շահնազար տեւական կապի մէջ էին. կը խորհրդակցէին եւ ռազմական հարցեր կը քննարկէին, միասնաբար դիմագրաւելու համար չորս մելիքութիւններուն ուժերը:

Փանահ Ալի խան մելիք Շահնազարի ըսաւ. «Ձեր Չանախչին (Աւետարանոցը) պաշտպանութեան համար խիստ անյուսալի դիրք ունի: Պէտք է աւելի ամուր դիրք որոնել: Ես այդպիսի տեղ մը նկատի ունիմ: Հոն բերդ հիմնելով, այսուհետեւ բոլորովին ապահովուած կ՛ըլլանք»:

Փանահ Ալի խան եւ մելիք Շահնազար որոշեցին բերդը կառուցել ռազմագիտական իշխող դիրք ունեցող դժուարամատչելի լեռնային բարձունքի մը վրայ, որուն ստորոտէն, անդնդախոր կիրճէն կը հոսի Կարկառ գետը:

Շրջանին տեղագրութիւնը ուսումնասիրելու համար մարդիկ ուղարկուեցան: Հետազօտողները բարձր գնահատեցին անմատչելի բարձունքին ռազմագիտական դիրքը, որ սակայն միայն մէկ անպատեհութիւն ունէր` զուրկ էր առատ ջուրէ: Կային քանի մը աղբիւրներ, որոնք սակայն անբաւարար էին մեծ բերդի համար: Բայց յետոյ յայտնի դարձաւ, որ եթէ հորեր փորէին, անոնցմէ բաւարար ջուր կը ստացուէր:

Բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով, Փանահ Ալի խան եւ մելիք Շահնազար որոշեցին բերդը կառուցել որոշուած վայրին մէջ:

Բերդի կառուցման աշխատանքները սկսան 1751-ին: Մելիք Շահնազար իր ձեռքով դրաւ իր պապենական կալուածին վրայ կառուցուելիք բերդին առաջին քարը:

Շինարարական աշխատանքները առաջ տանելու համար գիւղերու բնակիչներ եւ ցեղապետներ գործի լծուեցան: Հինգ զար բարձրութեամբ եւ երկուքուկէս զար լայնքով պարիսպ բարձրացաւ` հիւսիսային երկու եւ հարաւայի երկու դարպասներով: Շինարարական աշխատանքները աւարտեցան 1752-ին եւ բերդը կոչուեցաւ Փանահապատ:

Շուշիի պարիսպներ – Shushi

Նորակառոյց բերդը, երեք կողմէն բարձրաբերձ ժայռերով շրջապատուած, անմատչելի էր: Միայն մէկ կողմէն մուտքի տեղեր կային, թէեւ դարձեալ շատ դժուարակոխ: Այդ կողմը Փանահ Ալի խան բարձր պարիսպներով եւ աշտարակներով ամրացուց:

Բերդի ներքին բարեզարդման համար ճարտարապետներ հաւաքուեցան, որոնք խանին համար կանանոց, ինչպէս նաեւ մզկիթներ, շուկաներ եւ հանրային տարբեր հիմնարկութիւններ կառուցեցին:

Փանահապատի կառուցումէն ետք Փանահ Ալի խան Շահբուլաղի բնակչութեան հետ հոն տեղափոխուեցաւ:

Մելիք Շահնազար եւս իրեն բնակութեան համար հոն բնակարան կառուցեց:

Փանահ Ալի խան այնուհետեւ հոն վերաբնակեցուց մօտակայ Շոշ գիւղէն, ինչպէս նաեւ այլ գիւղերէ հայ բնակիչներ:

Փանահ Ալի խանի անունով կտրուած դրամ Շուշիի մէջ

Ղարաբաղի խանը Փանահապատի մէջ դրամահատարան հիմնեց: Հատուած մետաղադրամը մէկ մեղսալէն քիչ մը աւելի էր: Անոնց վեց հատը ռուսական մէկ դրամի արժէք ունէր, իսկ ութը հատը Ղարաբաղի թուման կոչուեցաւ:

Շոշի վերաբնակիչներուն անունով Փանահապատ այնուհետեւ կոչուեցաւ Շոշի բերդ կամ Շուշի:

Փանահապատ, Շոշի բերդ կամ Շուշի արագօրէն շէնցաւ եւ քաղաքի կերպարանք ստացաւ:

Նշենք, որ Շոշ գիւղը կը գտնուի Շուշիէն չորս քիլոմեթր հարաւ-արեւելք, Կարկառ գետի աջ ափին: Շոշ Արցախի բարբառով կը նշանակէ մատաղ ճիւղ, նաեւ` ցցուածք: Շուշի նոյն Շոշի ձեւափոխութիւնն է: Թուրքեր քաղաքը կը կոչեն Շուշա: Շուշա պարսկերէն շիշա (ապակի) բառին ձեւափոխութիւնը նկատուած է:

Շոշ յիշուած է նաեւ Շուշու ձեւով: Շոշ գիւղի մասին ամենահին յիշատակութիւնը կը վերաբերի 1428-ին: Հոն գրուած Աւետարանի յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է.

«Արդ գրեցաւ աստուածագիծ սուրբ Աւետարանս ձեռամբ յոգնամեղ եւ ապիկար գրչի տէր Մանաւելի, ի թուականութեանս հայոց ՊՀԷ, ի յաշխարհիս աղուանից, ի վիճակս Ամարասայ, ի գեղս Շուշու կոչեցեալ, ընդ հովանեաւ Սուրբ Աստուածածնիս, ի կաթողիկոսութեան տէր Յովանիսի»:

Շուշի բնակութիւն հաստատեցին նաեւ աւելի հեռաւոր շրջաններէ բնակիչներ:

www.aztagdaily.com/archives/508536

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail