Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Որոշեց Շարունակել Զինուորական Գործողութիւնը. «Կազայի Մէջ Ճակատամարտը Կը Շարունակուի

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Որոշեց Շարունակել Զինուորական Գործողութիւնը. «Կազայի Մէջ Ճակատամարտը Կը Շարունակուի Եւ Ըստ Կարիքի Պիտի Շարունակուի» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

17 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը որոշեց Կազայի մէջ շարունակել զինուորական գործողութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ»¬ը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները իրենց կարգին հաղորդեցին. «Քիչ առաջ նախարարաց խորհուրդի ժողովը չքննարկեց Կազայի հետ զինադադարի հարցը, եւ իսրայէլացի կարգ մը պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ երկարատեւ զինադադարը ներկայիս իսրայէլեան կառավարութեան օրակարգին վրայ չէ»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Իսրայէլ յարձակում գործեց Համաս շարժումի հրթիռներուն ու անհատներուն վրայ, եւ Ուաշինկթընի եւ այլ պետութիւններուն աջակցութիւնը կը վայելենք»:

«Կազայի մէջ ճակատամարտը կը շարունակուի եւ ըստ կարիքի պիտի շարունակուի, ատիկա ժամանակ պիտի խլէ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Միացեալ Նահանգներու նախագահ, մեր բարեկամ Ճօ Պայտընին եւ բազմաթիւ այլ պետութիւններու, որոնք իրենց կառավարական շէնքերուն վրայ Իսրայէլի դրօշը բարձրացուցին»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Իբրեւ պաշտպանութեան նախարար կը յայտնենք, որ պիտի շարունակենք ուժեղ կերպով հարուածել Համաս շարժումը»: Ան նշեց, որ «բազմաթիւ կեանքեր փրկուեցան ներքին ճակատի ցուցմունքներուն հետեւելնուն շնորհիւ, եւ Համաս անակնկալի մատնուեցաւ հարուածէն, որ անոր շարժումները արգելակելու համար հասցուցինք գետնին տակ գտնուող անոր դիրքերուն»:

Կանց շեշտեց, որ Իսրայէլ հասած ամերիկեան պատուիրակութեան յայտնած է, որ չկայ պետութիւն մը, որ պիտի ընդունի իր քաղաքացիներուն հարուածուիլը, «եւ մեր բարոյական ու իրաւական պարտաւորութիւնն է զանոնք պաշտպանել, եւ պիտի շարունակենք Համասի կարողականութիւնը, ներառեալ փապուղիները քանդելու առաքելութիւնը»:

Մինչ այդ, պաղեստինեան տարբեր խմբաւորումներ շարունակեցին իսրայէլեան բնակեցման վայրերը հրթիռներով եւ ռումբերով հարուածել:

Համաս շարժումի զինեալ թեւը` «Քասսամ»-ի ջոկատները հրթիռակոծեցին հարաւային Իսրայէլի մէջ գտնուող հաղորդակցութիւններու լրտեսման իսրայէլեան ռազմակայան մը: Անոնք նաեւ հրթիռակոծեցին Նեթիւոթ բնակեցման վայրը, ինչպէս նաեւ Հացսուր եւ Ցալիմ ռազմակայանները:

«Սարայա Քուտս» զինեալ խմբաւորումը իր կարգին հարուածեց Աւսոլոմ, Նիրիմ, Քոսոֆիմ բնակեցման վայրերը, ինչպէս Նահալ Ալղոզ դիրքը: Զինեալ խմբաւորումը հարուածեց Ամիթայ ռազմակայանն ու Քոսոֆիմ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող «Կոլանի» մասնայատուկ ուժերու զօրակայանը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ հրթիռակոծուած են Նեթիֆոթ շրջանը, Աշտոտը եւ Աշքելոնը:

Միւս կողմէ, շարունակուեցան իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով Կազայի մէջ Ուիհտա թաղամասի շէնքերու փլատակներուն տակէն դիակներու եւ վերապրողներու դուրս բերման աշխատանքները: Ըստ Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութեան, արձանագրուած են աւելի քան 42 զոհեր եւ շուրջ 50 վիրաւորներ:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 188-ի, որոնց շարքին` 55 մանուկներ, իսկ վիրաւորներուն թիւը` 1230-ի:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ հարուածեց Ռաֆահի մէջ եգիպտական սահմանին վրայ պաղեստինեան սահմանային անցքերու մարմինի մէկ կեդրոնը:

Նշենք, որ երէկ Երուսաղէմի Շէյխ Ժարրահ թաղամասին մէջ վրայերթի պատճառով 7 իսրայէլացի ոստիկաններ վիրաւորուած են: Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ որոշած էր նշեալ թաղամասէն վտարել պաղեստինցի բնակիչները: Այդ որոշումը եւ Աքսայի մզկիթին դէմ ոտնձգութիւնը պատճառ դարձած էին ներկայ կացութեան ստեղծման:

www.aztagdaily.com/archives/508883

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail