«Եթէ Հայաստանի Տարածքին Մէկ Մասը Ուզեն Վերցնել, Եւ Մեր Սահմանները Փոփոխութեան Ենթարկուին, Ատիկա Մեզի Համար Անընդունելի Է. Հայաստանի Հետ Իրանի Սահմանը Պէտք Է Պահպանուի» Կ՛ըսէ Զոլնուրի
18 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չ՛ընդունիր շրջանի որեւէ փոփոխութիւն, շրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Մոժթապա Զոլնուրի` անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած կացութեան եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներխուժման դէպքին:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումը շատ պարզ, յստակ եւ որոշիչ է. մենք չենք ընդունիր շրջանի որեւէ փոփոխութիւն, շրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի, մենք չենք ընդունիր որեւէ վերշրջանային ուժ մեր սահմաններուն մօտ: Եթէ Հայաստանի տարածքին մէկ մասը ուզեն վերցնել, եւ մեր սահմանները փոփոխութեան ենթարկուին, այսինքն` ունենանք նոր դրացի, ատիկա մեզի համար ընդունելի չէ: Անցեալի սահմանները պէտք է ամբողջութեամբ ըլլան պաշտպանուած, եւ Հայաստանի հետ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հասարակաց սահմանը պէտք է պահպանուի», յայտարարած է Մոժթապա Զոլնուրի:
Իրանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահը նշած է, որ երկու երկիրները իրաւասու են պահպանելու իրենց տարածքային ամբողջականութիւնը: Ըստ անոր, Իրան կը սատարէ Ազրպէյճանի դիրքորոշումին` իր տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հարցին մէջ, եւ նաեւ կը պաշտպանէ Հայաստանի դիրքորոշումը` իր տարածքային ամբողջականութիւնը, հողը եւ Իրանի հետ դրացնութեան սահմանը պահպանելու հարցին մէջ:
«Մենք երկու երկիրներուն հետ դրացիներ ենք եւ, մեկնելով նախապէս ունեցած կացութենէն, առանց շրջանին մէջ որեւէ փոփոխութիւն ընդունելու, մենք կ՛աջակցինք երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան», աւելցուցած է Զոլնուրի:
Aztagdaily.com/archives/508994