Պաղեստին Չի Փափաքիր, Որ Թուրքիա Պաղեստինեան Կացութեան Սրումը Համեմատէ Արցախի Կացութեան Հետ

Արեւմտահայերէն Լրատուական Կայք

Պաղեստին Չի Փափաքիր, Որ Թուրքիա Պաղեստինեան Կացութեան Սրումը Համեմատէ Արցախի Կացութեան Հետ

19 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Ռուսիոյ մօտ Պաղեստինի դեսպան Ապտըլ Հաֆիզ Նոֆալ

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս»․- Պաղեստին կը գնահատէ այն աջակցութիւնը, զոր իր երկրին Իսրայէլի հետ դիմակայութեան մէջ կը ցուցաբերէ Թուրքիա, սակայն չի փափաքիր, որ ներկայ սրումը համեմատուի Արցախի կացութեան հետ, ըսաւ Ռուսիոյ մօտ Պաղեստինի դեսպան Ապտըլ Հաֆիզ Նոֆալ:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան նախապէս ըսած էր, որ Թուրքիա պաղեստինցիներուն կ՛աջակցի «այն նոյն վճռականութեամբ, որմով Ղարաբաղի մէջ կ՛աջակցէր Ատրպէյճանին»:

«Մենք հիանալի յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, ինչպէս նաեւ լաւ յարաբերութիւններ ունինք Թուրքիոյ հետ: Մենք բարձր կը գնահատենք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնները Երուսաղէմի, Պաղեստինի հարցին եւ Պաղեստինի աջակցութեան վերաբերեալ: Սակայն մենք իրարու չեն խառներ այդ նիւթերը», աւելցուց դիւանագէտը:

asbarez.com/arm/389698/պաղեստին-չի-փափաքիր-որ-թուրքիա-պաղեստ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail