Այսօրուայ Թուրքիոյ Հարաւ-Արեւելքը Անօդաչու Թռչող Սարքերով Յարձակում` Թրքական Երկու Ռազմակայանի Վրայ

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Այսօրուայ Թուրքիոյ Հարաւ-Արեւելքը Անօդաչու Թռչող Սարքերով Յարձակում` Թրքական Երկու Ռազմակայանի Վրայ

22 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Այսօրուայ Թուրքիոյ արեւելքը հեռավարով կառավարուող անօդաչու թռչող սարքեր յարձակում գործած են երկու զինուորական կեդրոններու վրայ, վիրաւորներ եւ վնասներ չկան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Սասունի մեր ռազմակայանին վրայ, ուր տեղակայուած են անօդաչու թռչող սարքեր, ինչպէս նաեւ Շըռնաքի մէջ 23-րդ հետեւակային զօրաբաժինի հրամանատարութեան վրայ, յարձակման փորձ կատարուած է հեռավարով կառավարուող թռչող սարքերու միջոցով», յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ասիկա վերջին երեք օրուան ընթացքին թրքական զինուորական կեդրոններու վրայ երրորդ նման յարձակումն է: 19 մայիսին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտնած էր, որ չէզոքացուած են երկու անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք Տիգրանակերտի մէջ Թուրքիոյ օդուժի ռազմակայանին վրայ յարձակած էին:

www.aztagdaily.com/archives/509605

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail