Խօսելով Հայերու Եւ Յոյներու Ցեղասպանութեան Մասին` «Մեր Պատմութեան Մէջ Ցեղասպանութիւն Չկայ. Ատոնք Զառանցանքներ Են» Կ՛ըսէ Աքար
25 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Այսօրուայ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար անգամ մը եւս Յունաստանը մեղադրած է նուաճողական քաղաքականութիւն վարելու յանցանքով եւ ըսած, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն չկայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ» օրաթերթը:
Թուրք նախարարը զինուորական ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է «Իսթանպուլ» նաւաշինարան, ուր կը կառուցուի «Անատոլու» բազմանպատակային նաւը: Այցելութեան ընթացքին ան անդրադարձած է թուրք¬յունական յարաբերութիւններուն` Յունաստանը մեղադրելով վէճերը խաղաղ ճամբով լուծելու երկխօսութիւնը եւ ջանքերը խաթարելու, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքը չյարգելու յանցանքով:
«Մեր յոյն դրացիները իրենց գործողութիւններով եւ խօսքերով կարելի եղածին չափ կը խաթարեն դրական ուղղուածութիւնը: Մենք միջազգային օրէնք կ՛ուզենք: Մենք կողմնակից ենք միջազգային օրէնքին եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններուն, սակայն երբեք պիտի չարտօնենք ոտնահարել մեր երկրի եւ ազգի իրաւունքները», ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:
Յունաստանը մեղադրելով նուաճողական քաղաքականութեան համար` Աքար ըսած է. «Անոնք, որոնք Թուրքիան կը կոչեն «անզուսպ», նախ եւ առաջ թող նային իրենց քարտէսին` տեսնելու 1821 թուականէն ի վեր տեղի ունեցած զարգացումները: Այստեղ յստակ կ՛երեւի, թէ ով է անզուսպը»:
Ան իր խօսքի վերջաւորութեան անդրադարձած է հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութեան` նշելով, որ «ատիկա սուտ է, զառանցանք»:
«Թուրքիոյ պատմութիւնը շատ պարզ է, յստակ եւ թափանցիկ: Մեր պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն չկայ: Երէկ Հայաստանը, այսօր Յունաստանը հանդէս եկած են որոշ պնդումներով: Ասիկա զառանցանք է: Ասիկա ճիշդ չէ, ատիկա սուտ է, սխալ է: Ատիկա քայլ է դրական ընթացքի, համագործակցութեան եւ խնդիրներու խաղաղ լուծման հաշուոյն», ըսած է Աքար:
aztagdaily.com/archives/509970