Անդրադարձ – 103-րդ Մայիս 28. Կասեցնե՛նք Հակասարդարապատը – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Անդրադարձ – 103-րդ Մայիս 28. Կասեցնե՛նք Հակասարդարապատը – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

28 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Բառերու ետին չպահուըտինք, ո՛չ ալ տարուինք մեզ ու աշխարհը փոթորկող ալիքներու մոլորեցնող ազդեցութիւններով ու անոնց առթած հռետորաբանութիւններով, այլ իրականութիւնները կոչենք իրենց իսկական անուններով, որքան ալ որ դառն ու ցաւցնող ըլլան անոնք:

Իրականութի՞ւնը: Այսօր, երբ աշխարհը (մենք ալ անոր հետ) տարուած է համաճարակին, գաղթականներու, Կազայի (նաեւ` Եմէնի եւ այլ արիւնահեղութիւններու), կենսոլորտի, առեւտրական պատերազմներու, թշնամի-բարեկամի վերադասաւորումներու, խտրականութեան կիրարկումներու, այս կամ այն երկրին մէջ այլախոհներու յարուցած աղմուկներով (շարքը շա՜տ աւելի երկար է), մեր հայրենիքն ու անոր հետ ողջ հայութիւնը Սարդարապատին ու Հայաստանի անկախութեան ծնունդի 103-րդ տարեդարձի օրերուն կ՛ապրին ՀԱԿԱՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԵԱՆ եղելոյթ մը, որուն նորագոյն բարձրակէտը եւ մեկնարկը եղաւ 44 օրերու պատերազմը: Ստեղծուած է կացութիւն (Ազգային ժողովի ընտրութեան նախապատրաստութիւն, ազերիական թափանցումներ, ճիշդ ու սխալ տեղեկութիւններու հրապարակում, հերքումներ, խոստովանութիւններ…), որուն մէջ Սարդարապատն ու անով ամրագրուած շօշափելի խորհուրդները մոռցուած են կամ առնուազն` լուսանցքայնացուած (եւ սա «սովորութիւն» դարձած է վերջին 3 տարիներուն` շնորհիւ «թաւշեայ յեղափոխութեան» տարածած… արդի մտածողութեան):

Նախ քանի մը կէտ արձանագրենք այն սիւնակին տակ, որ կը կոչուի սարդարապատեան երթ, որպէսզի պարզ ըլլայ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք «հակասարդարապատ» ըսելով, ընթացք, որուն կասեցման, իսկ անկէ անմիջապէս ետք Սարդարապատի ուղիին վերականգնումի պահանջը կը դնենք այստեղ:

Սարդարապատի Խորհրդանիշները

Սարդարապատն ու զուգահեռ ճակատամարտերը, պատմական իրադարձութիւններ ըլլալու կողքին, մեր հաւաքական կեանքին մէջ արձանագրուած են իբրեւ խորհուրդներ եւ արժէքներ, որոնք կը մարմնաւորեն ԱԶԳ-ը, մեր ԱԶԳ-ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ըլլալու տեսլականը:

Ցեղասպանութեան շղթայազերծումէն հազիւ երեք տարի ետք, երբ պետական ոճիրին գործադրութիւնը իր աւարտին չէր հասած, Արեւմտեան Հայաստանի կորուստէն չսթափած հայութիւնը իր արեւելեան երկրամասին մէջ ինքզինք դէմ յանդիման գտաւ համաթուրանականութեան վերջնական սպառնալիքին` Հայաստանի ու հայութեան բնաջնջումը իր լրումին հասցնող լայնածիր յարձակողականին: Հայաստանի մէջ չկար ազգային պետական կառոյց (ինչ որ մնացած էր Հայաստանէն, անդամ էր կովկասեան Սէյմին), որ նախաձեռնէր կարգին ինքնապաշտպանութիւն: Սակայն կայի՛ն ազգին ու հայրենիքին պահպանման ու գոյատեւման նախանձախնդիր առաջնորդներ, անոնց բարձրացուցած ջահին անվերապահօրէն հետեւող, անոնց կոչերուն միահամուռ ընդառաջող ժողովուրդ:

Եւ եղաւ, որ Հայաստանի մէջ հնչէ Արամ Մանուկեանի մը կոչը, իբրեւ արձագանգ` Բելի դէմ Հայկի պատերազմէն, Աւարայրէն եւ մեր լինելութեան պահպանման համար մղուած մեծ ու փոքր գոյամարտերէն հնչած պատգամներուն: Արամի կարճ կոչը կարելի է խտացնել քանի մը նախադասութեան մէջ. հայրենիքն ու մեր ազգի գոյութիւնը վտանգուած են. չունինք որեւէ պաշտպան, պիտի վստահինք մեր սեփական բազուկին, մեր ունեցած նախնական զէնքերով պիտի նետուինք նահատակութեան ու անկէ ծնելիք փրկութեան դաշտը:

Արամը միաձուլումն էր նոյն տեսլականով ու նոյն կսկիծով վարակուած ամբողջ սերունդի մը, որ կը հաշուէր` մտաւորականներ, պետական հասկացութիւն ունեցողներ, զինուորներ եւ հրամանատարներ: Մեր ժողովուրդը, առանց երկմտելու, մէկդի թողուց կուսակցական եւ հատուածական այլ նկատում, բահի տեղ հրացան վերցուց ու վազեց հայրենիքի ու ազգի փրկութեան ռազմադաշտ: Ֆետայական մարտերու մէջ թրծուած արամներուն կողքին, հայութիւնը ունեցաւ զօրավարներ` Նազարբեկեանի, Արարատեանի, Սիլիկեանի, Ղորղանեանի, Դրոյի նման բազում ուրիշներ, որոնք Արամի կոչին համահունչ հրաւէրներով,  ժողովուրդին զէնքը առաջնորդելէ առաջ, ղեկավարեցին անոր ինքնավստահութիւնը, սեփական բազուկով անձնական ու հաւաքական կեանք ու հայրենիք փրկելու կամքը: Գիւղացին ու քաղաքացին, մտաւորականն ու զինուորականը, հոգեւորականն ու կինը ՄԻԱՁՈՒԼՈՒԵՑԱՆ Սարդարապատի մէջ: Եւ այդ միաձոյլ ուժէն բխած հզօրանքին դիմաց Թուրքիոյ փորձառու, կազմակերպ ու արհեստավարժ բանակը, գերիվեր զէնքերո՛վ օժտուած բանակը պարտուեցաւ, նահանջեց, ճանչցաւ սարդարապատներէն ծնունդ առած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը: (Չմտնենք օրուան շրջանային եւ միջազգային հակամարտութեանց, աւանդական թշնամիներու միջեւ նոր դաշնակցութիւններու ստեղծած կացութիւններուն ոլորապտոյտին մէջ):

Ռազմադաշտին մէջ անհաւասար ուժերով շահուած յաղթանակը առաջին եւ կարեւորագոյն քայլն էր սկսուած երթին (այդ երթին նախերգանքը կարելի չէ արհամարհել. անիկա «երգուած» է ֆետայական շարժումով ու ազատագրական բազմաճիւղ պայքարներով, որոնց առաջին գործնական արտայայտութիւններն էին Զէյթունի ու Սասնոյ ապստամբութիւնները. կարելի է երթալ նաեւ աւելի կանուխ տասնամեակներ, երբ Խ. Աբովեանի հերոսին` Աղասիին սերնդակիցները հոս-հոն վերցուցած էին աւարայրներէն ու հետեւող ճակատամարտերէն ետք տժգունած պայքարի դրօշները):

Սարդարապատէն ծնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունէր փոքր տարածք: Սարդարապատը մեկնակէտը եղաւ նախ եւ առաջ հայկական հողերու հաւաքին եւ հանրապետութեան ընդարձակումին (չթուենք մանրամասնութիւնները): Քարտէսին վրայ ամրագրուեցաւ այն Հայաստանը` իր Արցախով եւ Նախիջեւանով, որոնք քիչ ետք մաս պիտի կազմէին Խորհրդային Միութեան, ապա անկէ պիտի խլուէին, մի՛շտ անարդար եւ քաղաքական կամայականութեանց պատճառով, Կարսն ու Արտահանը, Նախիջեւանն ու Արցախը (առանց մոռնալու «մանր պատառիկներ»-ը, որոնք այսօր դարձեալ խռովայոյզ ալիքներ կը ստեղծեն):

Սարդարապատով սկսուած երթը Հայաստանին ապահովեց Սեւրի դաշնագիրը, դիւանագիտական-քաղաքական նուաճում մը` անկասկած, Հայաստանը պաշտօնապէս բազմամակարդակ յարաբերութիւններու մէջ դրաւ աշխարհի երկիրներուն հետ (առեւտուր, արուեստ, մշակոյթ…), ստեղծեց առաջին «բարակ գիծեր»-ը, որոնք զարգացում պիտի ապրէին խորհրդային տարիներուն:

Հայաստան ունեցաւ իր բանակը, հիմնեց պետական համալսարանը եւ այլ ազգային հաստատութիւններ, ունեցաւ սեփական դրամը (եւ բազում ուրիշ իրագործումներ), որոնք կ՛ամրագրեն ազգ-պետութիւնը, կը կազմեն պետութիւն յատկանշող հիմքեր: Հանրապետութեան կարճ կեանքին ընթացքին բնականաբար եղան քաղաքական վէճեր, ներքին հակադրութիւններ ու մրցակցութիւններ, սակայն կարելի եղաւ երկիրը զերծ պահել ներքին արիւնալի խռովութիւններէ, աւելի՛ն, ազգային կազմակերպութեանց միտքէն չանցաւ հող ու իրաւունք զիջելու մտածումը: Իսկ ինչ որ եղաւ, այսօր յստակօրէն ապացուցուած է, որ հետեւանք էր արտաքին «բարեմիտ միջամտութիւններու» (ամէնէն պարզ օրինակը մայիսեան խռովութիւններն ու համաշխարհայնացումի նախակարապետ հանդիսացող համայնավարներու ստեղծած շարժումներն էին, առանց մոռնալու թուրքին եւ ազերիին սարքած զուգահեռ դաւերը):

Մէկ խօսքով, եւ առանց մտնելու տնտեսական, ելեւմտական, երկրագործական ու յարակից ոլորտներու մանրամասնութեանց մէջ, Սարդարապատէն ծնունդ առած Հայաստանը գործնապէս ինքզինք հաստատեց իբրեւ ազգ-պետութիւն, յաջողութեամբ պաշտպանեց Արցախն ու Սիւնիքը, հայութեան կտակեց ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆը վերակերտելու պատգամը: Տակաւին, անկախութեան օրերուն էր,  որ մարմին առաւ հայկական «Նեմեսիս»-ը, որ ո՛չ միայն արդար պատիժի ենթարկեց ոճրագործ ցեղասպանները, պետական ոճիր ծրագրող եւ գործադրող պաշտօնական աւազակախումբին անդամները, այլ նաեւ քաղաքական նոյն կամքէն ծնած արդարահատոյցներ հրապարակ հանեց տասնամեակներ ետք, արդարահատոյցներ, որոնք աշխարհի տարբեր ոստաններու մէջ հաշիւ պահանջեցին Թուրքիոյ ներկայացուցիչներէն, իսկ կարճ ատեն ետք ազդանշանը տուին արցախեան ազատամարտին, ճամբայ բացին Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման: Մնացեալը ծանօթ պատմութիւն է իր պանծալի ու անբարենպաստ երեսներով:

Հակասարդարապատը

Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ետք մեր հայրենիքին մէջ վերականգնեցան այդ ճակատամարտէն աւանդ հասած բազմաթիւ արժէքներ: Ունեցանք բանակ, սեփական դրամանիշ, վերականգնեցան ազգային դրօշ, քայլերգ ու զինանշան… Ամէնէն կարեւորը` մեր ժողովուրդին մէջ վերականգնեցաւ հայրենիքը սեփական բազուկներու պաշտպանելու եւ զարգացնելու կամքը:

Վերականգնած երթը չեղաւ անթերի: Փտածութիւնը, իշխանութիւն չարաշահելու եւ երկրին կարողականութիւնները անտեղի կերպով մսխելու (առնուազն` զանոնք լիարժէք բարգաւաճումի լծելու թերի) ընթացքը, սակայն ընդհանուր գիծերու մէջ, Արցախն ու Հայաստանը պահպանելու, մեր անկատար իրաւունքները օրակարգի վրայ պահելու (մինչեւ իսկ` երբեմն դարակներու մէջ պահուած թողելու) կամք: Իբրեւ պետութիւն եւ հայրենիք` դիմագրաւեցինք մեծ ու փոքր պատուհասներ, ինչպէս` փրոթոգոլներն ու արցախեան մէկէ աւելի մեծ ու փոքր ճակատամարտերը, սակայն եթէ ամբողջական պատկերը աչքի առջեւ բերենք, կրնանք ըսել, որ սխալ ուղիէ ետդարձն ու նուազագոյն վնասներով յաղթանակ շահիլը երեւակայական բաներ չմնացին: Մինչեւ իսկ, վերջին իշխանափոխութենէն ետք, Տաւուշի 2020-ի ճակատումները արձանագրուեցան մեր յաղթանակներուն եւ դրական քայլերուն ցանկին տակ:

Յետոյ… եկաւ 44-օրեայ պատերազմը եւ 30 տարիներու, ի՜նչ կ՛ըսէք, աւելի քան 100-ամեայ երթը հիմնովին շրջադարձ ապրեցաւ: Հայաստանն ու Արցախը մտան ճամբու մը մէջ, որ բազմաթիւ գիծերու վրայ կ՛ընթանայ Սարդարապատի եւ անկէ բխած խորհուրդներուն հակառակ ուղղութեամբ: Հայաստանի հողերը, ընդարձակուելու փոխարէն, սկսած են կծկուիլ Արցախէն մինչեւ Սիւնիք, Տաւուշ եւ Արարատի շրջան, նոր սպառնալիքներ կը կախուին մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գլխուն:

Հակասարդարապատ ընթացքին նախընթաց եւ իբր թէ նուազ վնասակար արտայայտութիւնները արձանագրուեցան նախորդ տարիներուն: Եթէ մեր ժողովուրդին մէջ կային բաժանուածութիւն եւ անկէ բխող հակադրութիւններ, անոնք շաբաթէ շաբաթ, ամիսէ ամիս եւ տարուէ տարի աւելի՛ ու աւելի խորացան: Իշխանութիւնը եթէ եղաւ բաժանուածութեան եւ թշնամանքի մթնոլորտին գլխաւոր մաեսթրոն, ընդդիմադիր ուժերը, խորհրդարանական թէ այլ, գիտակցաբար թէ ակամայ, «գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ» ինկան նոյն հոսանքին մէջ, իսկ ազգային շահերով առաջնորդուողներու` ձեռքերու միացման, անհանդուրժողութեան եւ ուժերու մսխումին վերջ տալու կոչերը ըստ էութեան մնացին անարձագանգ: Թուրքին ու ազերիին հանդէպ արդար թշնամանքի եւ ատելութեան ալիքները կլանեցին ներքին բեմը, իրարու հակադրեցին նախկին բարեկամներ ու քաղաքական խմբակիցներ, մինչեւ իսկ… մէկ ընտանիքը զաւակները: Ալ ի՜նչ խօսք` Սարդարապատէն հասած պատգամներուն մասին: Նոյն մաշեցնող ազգին ուժականութիւնը ջլատող-մսխող ալիքները ծաւալեցան մշակոյթի, կրթութեան, մինչեւ իսկ բանակին, միտքի զինուորներուն եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու վրայ: Հետեւանքը եղաւ` մաշում, տկարութիւն, բռունցքի կարեւորութեան մոռացում: Մինչեւ իսկ ստեղծուեցաւ կացութիւն, ուր իշխանաւոր եւ կողմնակիցներ, գիտակցաբար կամ տգիտաբար, սկսած են թշնամիին ջաղացքին ջուր լեցնել` «քաղաքականութիւն եւ դիւանագիտութիւն» խաղալու տղայական վարմունքով:

Շրջումի Հրամայականը

… Սարդարապատի օրերուն ալ Հայաստանի ու հայութեան դէմ կային միջազգային դաւեր, մեզ քարտէսէն ու պատմութենէն միանգամընդմիշտ ջնջելու ծրագիրներ. Սարդարապատը ճակատում էր ու արդար յաղթանակ` համաթուրանականութեան եւ բազում այլ ծրագիրներու դէմ: Հայաստանի խորհրդայնացման հանգրուանին Սիւնիքի ինքնապաշտպանութիւնն ու Ազրպէյճանի ախորժակներուն խափանումը միայն հռետորական խօսք չէին, այլ` պատմութեան մէջ արձանագրուած գործնական փաստ ու պատգամ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ, աւելի՛ն,  ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ վերականգնումին համար սրբազան աւանդ:

Այսօր շա՜տ դիւրութեանբ կ՛ըսենք, մեկնաբանութիւններ կ՛ընենք, որ ներկան կարելի չէ բաղդատել 1918-ի կամ 1920-21-ի հետ: Ճի՛շդ է. կարելի չէ մոռնալ, որ պատմութեան որեւէ փուլ նման չէ միւսին, սակայն էական է ու անվիճելի, որ իւրաքանչիւր հանգրուան, իւրաքանչիւր դժուարին փուլ կը հարկադրէ, որ ծնունդ առնեն նոր արամներ, նազարբեկեաններ, Լիզպոնի հերոսներ, Արցախի հերոսամարտը եւ յաղթանակը կերտող հերոսներ: Անոնց դէմ հակահերոսներ ծնան հետագային եւ կոչուեցան`  կասեաններ, աւիսներ, մակինցեաններ եւ ուրիշ «արդիական մտածողներ»…

Միայն արամներու կամքին վերաբիւրեղացումով, սարդարապատեան միասնութեան վերականգնումով եւ «մեզմէ հզօր թշնամիին համեստ զինուժով, բայց գերազանց քաղաքական-դիւանագիտական ուժի լծակցութեամբ կրնանք յաղթել» կամքին վերընձիւղումով է, որ կրնանք կասեցնել այսօրուան հակասարդարապատ անկումը, մեր հայրենիքին կծկումն ու հայաթափումը, մեր ժողովուրդի հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ բազուկներու ներուժին լիարժէք օգտագործումը:

Մեր յեղափոխական երգերէն մէկը կը սկսի հետեւեալ տողով. «Ի զէ՛ն, հայե՛ր,  ի սո՛ւր եւ ի հրացա՛ն…»: Մեր հին ու նոր ֆետայիները, մեր բանակներն ու կամաւորական գունդերը յաղթանակի առաջնորդող բազմաթիւ նմանօրինակ երգեր ունինք, որոնք «բանտարկած» ենք երգարաններու մէջ: Այդ երգերն իսկ, անոնցմով մարմնաւորուած ոգին ու խորհուրդները կարողականութիւնը ունի՛ն առաջնորդելու մեր նոր սարդարապատները, որովհետեւ անոնց մեծ մասը ծնած է յաղթական ճակատումներէ, անոնք նոյնինքն մեր յաղթանակներուն պատմութի՛ւնն են եւ կրնան ուղղորդել մեր հակասարդարապատները:

24 մայիս 2021

www.aztagdaily.com/archives/510238

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail