Անդրադարձ – Քոչուորներու Նորովի Ախորժակը Եւ Մեր Փոշայական Կեանքը (28 Մայիս) – ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Անդրադարձ – Քոչուորներու Նորովի Ախորժակը Եւ Մեր Փոշայական Կեանքը (28 Մայիս) – ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

28 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

… Մենք կտրեցինք մեր ձեռքերը, անբարոյականացուցինք մեր հոգիները եւ դարձանք միայն միջնորդ վաճառականներ հայ արեան, ինկանք դռնէ-դուռ ողբաձայն` անոր գինը խնդրելու:

ՇԱՀԱՆ ՆԱԹԱԼԻ

Շատերու կրնայ զարմանալի թուիլ խորագիրը, որ չի համընկնիր 28 մայիսի խորհուրդին, չ՛արտացոլեր սրբազան յաղթանակին էութիւնը, չի փոխանցեր անոր պատգամին հնչեղութիւնն ու այժմէականացնող իմաստը:

Այո՛, իրաւացի են բոլոր անոնք, որոնք այլապէս կը զարմանան, որովհետեւ 28 մայիսը սովորական տօն մը չէ, անմիջական յուզում կամ ուրախութիւն պարգեւող առիթ մը չէ լոկ, այլ գերազանց ճշմարտութիւն պարփակող, ազգի մը ճակատագիրը ընդմիշտ ամրագրող, պետական դիմագիծ ու գաղափարական լիցք հայթայթող տօն մըն է, որուն իրականացման համար հայ ժողովուրդը այնքա՜ն սուղ է վճարեր, արիւն է թափեր` պահելու եւ պաշտպանելու դարաւոր հայրենիքը, ինքնութիւնն ու տեսակը, հոգեմտաւոր արժէքներն ու ազգային արժանապատուութիւնը:

28 մայիս 1918:

Իրօք, սրբազան թուական մըն է, որ մեր ազգին ու պետութեան վերածնունդը կը խորհրդանշէ: Անոր շնորհիւ մենք կրցանք վերականգնիլ, վերահայանալ, մեր ներքին ուժերը հաւաքել, ազգային հաւատամքն ու հայավայել ապրումները գերադասել եւ նետուիլ պատերազմի դաշտ ընդդէմ դարաւոր թշնամիին` թուրքին, ու թրքութեան, եւ յաղթել գոյամարտը:

Շնորհիւ մեր ֆետայական խումբերուն, բանակին եւ անկրկնելի հերոս ղեկավարութեան, կրցանք յաղթել բարբարոս թուրքին եւ փրկել հայոց հայրենիքին մէկ մասը: Հայ զինուորին մարտունակ բազուկը, իր թիկունքին ունենալով հայութեան անմնացորդ աջակցութիւնը, կրցաւ իր կամքը պարտադրել թշնամիին եւ հրաշքներ գործել Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հողին վրայ:

Այս երեք ճակատամարտերուն ընթացքին հայութիւնը տարաւ փառահեղ յաղթանակ եւ վճռեց գոյատեւել մայր հայրենիքի սուրբ հողին վրայ:

Հայոց պատմութեան պանծալի էջերը արձանագրած են նաեւ հերոսներու անուններ, որոնք հայութեան փառքն ու պատիւը հանդիսացած են եւ արժանացած սեփական ժողովուրդի սիրոյն ու յարգանքին: Անոնց շարքին կը մնայ անկրկնելի հերոսի մը անունը, որ շնորհիւ իր պայծառ միտքին, անկոտրում կամքին, վճռական կեցուածքին ու մանաւանդ հայրենասիրութեան, յաջողեցաւ շրջել պատմութեան տխուր անիւը եւ փրկել իր ժողովուրդին ճակատագիրը: Ան եղաւ այն անհատականութիւնը, որ կրցաւ իր համեստ, ժուժկալ ու գաղափարական մարդու կազմաւորումով` մարմնաւորել իր ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը, երազն ու ապրելու իրաւունքը:

Արամ Մանուկեան:

Անուն մը, որ ծնունդն էր ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային ու գաղափարական աշխարհահայեացքին, հաւաքական ապրումներուն եւ հայրենակերտ կոչումին:

Ու ահա, օրհասական ու անպարագծելի անդոհանքներու յորձանուտին մէջ, լոյսին կու գար եզակի դէմք մը, որ ինքզինք պարտադրեց եւ ամրագրեց հայոց պետականութեան ծնունդը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը: Ան յաջողեցաւ իր անձին ու կամքին շուրջ համախմբել ազգ մը ամբողջ եւ նետուիլ պատերազմի դաշտ: Ան, ինչպէս Վանի ինքնապաշտպանութեան օրերուն կրցած էր իր հաւատամքն ու նուիրումը ապացուցել, նոյն ուժգնութեամբ եւ հաւատարմութեամբ փարեցաւ սուրբ գործին` Հայաստանի փրկութեան:

Արամ Մանուկեանի աջակից էին նաեւ վաստակաւոր զինուորականներ ու ֆետայական փաղանգներ, որոնք երդուեցին պաշտպանել Երեւանը եւ բարձր պահել հայոց արժանապատուութիւնը: Ու այդ երդումին շնորհիւ անոնք կրցան ծունկի բերել բարբարոս թշնամին եւ հայոց պետութեան հիմնաքարը կոթողել:

Տասնամեակներ ետք, ի պատիւ իրեն ու հայութեան, եզակի հերոսին բարձրադիր ու պատկառելի արձանը կը կանգնեցուէր հայոց մայրաքաղաք Երեւանի սրտին, որպէսզի ներկայ ու գալիք սերունդներուն յիշեցնէ մեր ամբողջ պատմութեան լուսաւոր էջերը: Իրաւամբ, իրերայաջորդ սերունդներ, ամէն պատեհ առիթի կը խոնարհին այս մեծ հայու կոթողին առջեւ` առ ի երախտագիտութիւն իր նուիրումին ու կատարած անգնահատելի սխրանքին:

Այսօր, սակայն, Երեւանի երկնակամարը կ՛ապրի խռովայոյզ պահեր: Մութ ամպեր մթագնած են սրբազան լեռ Արարատի գագաթը, ժողովուրդ մը ամբողջ կը տուայտի, հայոց պետականութեան արմատները կարծես սկսած են խարխլիլ, իսկ ամէնէն ահաւորը` ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը, արժեհամակարգ մը ամբողջ, աւելի՛ն` 30-ամեայ անկախութիւնն անգամ կը դիմագրաւեն գոյատեւման խնդիր:

Դժբախտաբար, արցախեան 44 օրերու պատերազմը թաւալգլոր շրջեց ազգային կեանքը: Փաստօրէն, հայոց բանակի աննկուն տղաները ի գին մեծ զոհողութիւններու մարտնչեցան թշնամի հորդաներու դէմ, ցոյց տուին սխրանքներու փառաւոր էջեր, սակայն չկրցան իր յաղթական աւարտին հասցնել պատերազմը: Մէկ կողմէ, հայ քաղաքական միտքին հոսհոսութիւնը, պետական այրերու դաւադիր կեցուածքն ու մասնատուած ժողովուրդի մը բարոյահոգեբանական վիճակը, իսկ միւս կողմէ` թշնամի ուժերու (աւելի քան չորս երկիրներ) մասնակցութիւնը, իսկ, այսպէս ըսած, բարեկամներու քար լռութիւնը, պատճառ դարձան Արցախի մեծ մասի աւերումին ու կորուստին: Ողբերգութեան գագաթին էր չքնաղ Շուշիի յանձնումը:

Այո՛, հայ քաղաքական միտքը իր բոլոր արտայայտութիւններով չէր կրցած խորապէս ըմբռնել արդի ժամանակներու աշխարհաքաղաքական լկտի խաղերուն եւ փողոցային վարքագիծերուն էութիւնը: Յայտնապէս քաղաքական թէ զինուորական, տնտեսական թէ գաղափարական կողմնորոշումներ ոչ մէկ երաշխիք ցոյց տուին` պահելու ու պաշտպանելու ազատագրուած հայրենի հողը:

Մենք կորսնցուցինք արծուաբոյն Արցախը, վա՛յ գալիք օրերու կորուստներէն:

Հայ միտքի ու հոգիի սպասարկողներ քաջածանօթ են Շահան Նաթալի անունին: Շատերու կողքին, անոր քաղաքական ու գաղափարական ըմբռնումները պայծառ էջերը կը կազմեն հայաշունչ մտածողութեան: Անոր վերեւի տողերը ունին աւելի քան իննսուն տարիներու վաղեմութիւն, այդուհանդերձ ցարդ կը պահեն իրենց ուժեղ պատգամն ու հնչեղութիւնը: Ուրեմն, տակաւին հայու ներսիդին կը շարունակէ ապրիլ պառակտումի, անմիաբանութեան, խարխափումի, խաղքութեան, իբրեւ թէ խաղաղամոլութեան տժգոյն սերմերը, որոնց պատճառով ազգային մեր պահուածքը կորսնցուցած է իր երբեմնի զգօնութիւնն ու հայրենատիրութեան զգացողութիւնը:

Այո՛, քոչուոր եւ բարբարոս թրքութիւնն ու Կովկասի թաթարը իրենց, այսպէս ըսած, դրամի ու զէնքի ուժով սրած են ահռելի ախորժակ` բնաջինջ ընելու հայն ու Հայաստանը, գրաւելու (Է)րեւանը, իսկ մենք` հազարամեակներու իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը մեր շալակին` տարուած ենք փոշայականութեամբ, այլ խօսքով` ուտել-խմելու վարքագիծով, դիմատետրեան հայրենասիրութեամբ, «հին»-երու ու «նոր»-երու գովքը հիւսելու մարմաջով եւ օդին մէջ կենացներ հնչեցնելով:

23 մայիս 2021

www.aztagdaily.com/archives/510235

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail