Անդրադարձ – Հայաստանի Հանրապետութիւն 103-Ամեակ. Քանի Մը Պատկեր Հայաստանի Հանրապետութեան Օրերէն – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
28 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Յստակ է, որ հայ ժողովուրդին ազգային, հայրենասիրական բարձր գիտակցութեան եւ հաւատքի տէր հատուածը անվերապահ կերպով ու իր կեանքին գնով, ի գին մեծ զոհողութիւններու կառչած մնաց ու կը մնայ միացեալ, ազատ ու անկախ հայրենիքին եւ այդ գաղափարին:
Բա՛ւ ստրկութեան եւ օտարի լուծին: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ այսօր: Սակայն հայանուն միւս հակադիր հատուածը մի՛շտ ներկայ եղած է մեր մէջ եւ ներկայ է նաեւ այսօր, որ զարմանալիօրէն այժմու իշխանութիւնը կը մարմնաւորէ, յար եւ նման` 1920-ի պոլշեւիկներուն:
ՀՄԸՄ-ի Արմաշի մասնաճիւղի 200 որբ սկաուտներ Արմաշի վանքին մէջ հողագործութիւն կ՛ուսանէին, սակայն շրջանին մէջ սկսած թրքական վայրագութիւններուն պատճառով կը փոխադրուին Պոլիս, ուր ազգային իշխանութիւնը կ՛որոշէ անոնցմէ 14 տարիքը բոլորածներէն մաս մը Հայաստան ղրկել «Դէպի Երկիր» կարգախօսով: 13 հոկտեմբեր 1920-ին Երեւան կը հասնին Պոլիսէն ներգաղթող 126 որբ, սկաուտ պատանիներ եւ եօթը պատասխանատուներ` հողագործութեան մասնագէտներ (1): Այս սկաուտները իսկոյն տեղական սկաուտներուն հետ կը կազմակերպեն հանդէս մը:
«Յառաջ»-ի յօդուածագիրներէն Գրիգոր Չալխուշեան 21 հոկտեմբեր 1920-ի համարին մէջ սկաուտները գովաբանող` «Հայ կանայք, կացէ՛ք. նուէր Պոլիսէն եկած սկաուտներուն» (2) խորագիրով գեղարուեստական յօդուած մը գրած է, ուր նաեւ օրուան կացութեան մասին ալ ակնարկած է, որ ստորեւ արեւմտահայերէնի կը վերածեմ: Չալխուշեան նախապէս այլ յօդուած մը եւս գրած է սեպտեմբեր 1920-ին, կամ` աւելի առաջ, որ կարելի չեղաւ գտնել, գովաբանելով սկաուտներուն գործունէութիւնը Անգլիական այգիին մէջ, յատկապէս` դրօշախօսութիւնը: Այս մասին կը նշէ Տիգրան Խոյեան (3), որուն պատմած է ամերիկացի հայախօս միսիոնար, Ամերիկեան նպաստամատոյցի Երեւանի տնօրէն բժ. Քլերընս Տ. Աշըրը (Clarence D. Ussher), որ կարդացած է յօդուածը եւ, իր կարգին, բարձր գնահատած` Հայաստանի սկաուտութիւնը:
«Աշուն է: Երկինքը` ամպոտ, չի ժպտիր իր կապոյտ աչքերով: Անձրեւ կը կաթկթի: Երբեմն, չես գիտեր` ո՞ր անկիւնէն, քամին կը բարձրանայ, հով կը փչէ երեսիդ եւ կարծես ամչնալով` իսկոյն կը հանգստանայ: Աշունը եկած է, բայց խոնաւին եւ հովին միջեւ տակաւին կը զգաս ամառուան տաք շունչը եւ անոր վերջին, յոգնած, թուլցած համբոյրները…
«Երեւանի Անգլիական պարտէզը այսօր կարծես սովորականէն աւելի զարդարուած է: Ամէն մէկ ծառ առանձին փայլք մը, տեսք ունի: Տերեւները գունատուած են, կանաչ, կարմիր, դեղին, նարնջագոյն, եւ բնութիւնը այսօր հագած է իր ամենագեղեցիկ, ամենաշքեղ ամենաթանկագին շորերը:
«…Քամին քնքուշ կը փչէ ծառերուն եւ մէկիկ մէկիկ կը պոկէ, կը փետէ գունաւոր տերեւները եւ կը թափէ վար, պարահանդէսներու գունաւոր թղթիկներու նման կը թափին հազարաւոր մանուկներու գլուխներուն, որոնք պարտէզ եկած են` փայտերը ձեռքերնին, դրօշակներով, նուագախումբով…
«Մէկ, երկու, երեք, չորս…
«Հանդարտ (հանգիստ*)…
«Կաց…
«Կը լսուին հրամանատարներուն ձայները…
Մէկ կողմը նստած են նախարարները, բարձր պաշտօնեաները եւ օտար պետութիւններու ներկայացուցիչները:
«Մեծ, խուռն բազմութիւն…
«Կը ծածանին հայկական դրօշակները:
«Մանուկները կը կատարեն զանազան մարզանքներ: Կը քալեն կարգով, զինուորներու հմտութեամբ:
«Կայտառ, առնական դէմքեր…
«Կաց…
«Կը խօսին:
«Հայրենիքի կարօտ: Հայրենիքի սէր: Վառ զգացումներ եւ տենչ.
«Ծառայելու հայրենիքի փրկութեան համար…
«Ամբոխին մէջ կը տեսնեմ յայտնի շահադէտները, որոնք հացը, շաքարը, կաթը կտրած են որբերուն բերաններէն եւ ամուր կերպով կը պահեն իրենց պահեստներուն մէջ, որպէսզի խեղդեն ժողովուրդը, որուն սով կը սպառնայ:
«Ես կը տեսնեմ պաշտօնեաներ, որոնք իրենց զեղծումներով հանրապետութեան վարկը կ՛արատաւորեն:
«Ես կը մտածեմ, որ այս իսկ րոպէին մեր սահմաններուն մեր բանակը կը կռուի ներս խուժած քիւրտին, թուրքին դէմ…
«Ամէն կողմէ դաւադրութիւններ:
«Ներքին դժուար կացութիւն:
«Երբ այդ բոլոր վհատեցուցիչ միտքերը կը ծանրանան հոգիիս վրայ, յանկարծ կը լսեմ`
«Մէկ, երկու, երեք, չորս… Հանդարտ… Կաց…
«Եւ կը տեսնեմ կայտառ, առնական դէմքեր…
«Եւ կը լսեմ մանուկները,
«Որ կը խոստանան մեռնիլ հայրենիքի փրկութեան համար…
«Մինչ խոնաւութեան եւ հովին մէջէն տակաւին կը զգամ ամառնային տաք շունչը եւ անոր վերջին, յոգնած, թուլցած համբոյրները, մեր հայ մանուկներուն խօսքերը ինծի կը թուին ըլլալ գարնան առաջին ուժեղ համբոյրները… որոնք կ՛արբեցնեն եւ կը ներշնչեն սէր եւ հաւատք:
«Անոնք գրաւականներ են, որ մեր ազգը կը մաքրուի այդ ժամանակաւոր կեղտերէն, արատներէն: Փոթորիկները կ՛անցնին: Վերջապէս լայնօրէն կը ժպտի հայ արեւը…
«Բարձր օդին մէջ կը պտտին երկար ու վար կը թափին կանաչ, դեղին, նարնջագոյն եւ կարմիր տերեւները մեր մանուկներուն սիրուն գլուխներուն, երեսներուն եւ ուսերուն վրայ…
«Աշուն է: Այո՛, աշունը եկեր է: Ոչինչ: Ձմեռը կարճ կ՛ըլլայ, եւ շուտով կու գայ գարունը:
«Հայ կանայք, հանդա՛րտ, կա՛ց.
«Յանձնեցէք ձեր զաւակները մեր սկաուտական ընկերութեան, որ ստանաք առողջ եւ արի երիտասարդներ»:
Գր. Չալխուշեան
Այս հանդէսէն քանի մը ամիս ետք, երբ պոլշեւիկները իշխանութեան հասան, կողոպտեցին որբանոցները եւ ցիր ու ցան ըրին որբերը (4), (5): Անտէր մնացած Արմաշի 126 որբերը ստիպուեցան դժուարին պայմաններու տակ Պոլիս վերադառնալ, Պաթումի ճամբով:
Երկրորդ պատկերը հարուն էլ ռաշիտեան է: «Աշխատանք» թերթը 19 յուլիս 1919-ի թիւին մէջ կը գրէ (6). «Ամսոյս 8-ին (յուլիս 1919, Երեւան) քաղաքի պետը փոխելով իր համազգեստը եւ հարբած ձեւանալով` կը մօտենայ Ա. քաղաքամասի ամենախուլ անկիւնը կանգնած միլիցիոներ (պահակ, ոստիկան) Գէորգ Մարտիրոսեանին եւ խօսակցութեան ընթացքին կ՛առաջարկէ 500 ռուբլի կաշառք վերցնել. սակայն պահակը կը մերժէ եւ ձերբակալելով զայն` ոստիկանատուն կը տանի, ուր քաղաքապետը ինքզինք կը յայտնէ եւ 100 ռուբլի նուէր կու տայ պահակին»:
Յաջորդ երկու պատկերները ծանուցումներ են Փետրուարեան ապստամբութեան յաջորդող 48 օր տեւած «վերանկախացած» օրերէն: Առաջինը ծանուցում մըն է Հայաստանի մէջ առաջին ինքնաշարժի շարժավարներու դպրոցին, որ լոյս տեսած է «Ազատ Հայաստան» թերթին մէջ, 24 փետրուար 1921-ին (7) եւ 2 մարտին: Դպրոցը կը սկսի 1 մարտ 1921-ին, կը տեւէ երեք ամիս եւ կ՛ընդունի նուազագոյնը չորրորդ դասարանի կրթութիւն ունեցող երկսեռ աշակերտներ: Յաջողածները վկայական կը ստանան, իսկ գերազանցները կը հրաւիրուին դասաւանդելու դպրոցին մէջ:
Վերջին պատկերը թատերական ծանուցում մըն է (8). «Պետական թատրոնը (նախկին խորհրդարանի շէնք), Հայաստանի թատերական ընկերութեան դերասանական խումբը կիրակի, 20 մարտ 1921-ին կը ներկայացնէ Աւետիս Ահարոնեանի «Արցունքի հովիտ» թատրոնը` 4 արարով: Մուտքը 500-7500 ռուբլի է: Հասոյթին կէսը պիտի յատկացուի ճակատի զինուորներուն: Կը սկսի ժամը 5:00-ին: Գլխաւոր բեմադրիչ` Վարդան* Միրզոյեան, օգնական` Մ. Սաֆարեան: Վարչական հերթապահութեան անդամներ` Վ. Աբովեան եւ Վ. Մամաջանեան:
Եզրակացութիւն. վերոնշեալ պատկերները կը վկայեն հետեւեալը.
- Սփիւռքը միշտ հաւատացած է ու կը հաւատայ «Դէպի Երկիր» կարգախօսին` քաջ գիտնալով հայրենիքին մէջ տիրող ոչ բարենպաստ պայմանները: Փաստօրէն 1920-ին Պոլսոյ Հայ ազգային խորհուրդը 126 հողագործ որբեր եւ 7 պատասխանատուներ Հայաստան կը ղրկէ` հետերնին ղրկելով նաեւ այն ժամանակ հսկայական գումար մը` շուրջ 2000 օսմանեան ոսկի, որ կը համապատասխանէր 18-20 միլիոն ռուբլիի (9):
- Սերունդներուն դաստիարակութիւնը, առողջ կրթութիւնը, ինչպիսին է սկաուտականը, գրաւականներ են, ինչպէս կ՛ըսէ Չալխուշեան, որ մեր ազգը մաքրուի այդ ժամանակաւոր կեղտերէն, արատներէն: Փոթորիկները կ՛անցնին: Վերջապէս լայնօրէն կը ժպտի հայ արեւը` շնորհիւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ արի ու վեհանձն, խօսքը յարգող, հաւատարիմ, ուղղամիտ, բարեկիրթ, ծառայող, օգնող, բնութիւնը պաշտպանող, զուարթ ու խանդավառ, աշխատասէր ու կորովի, տնտեսող, բարոյական բարձր արժանիքներով, մաքուր` մտածումով, խօսքով եւ գործով ազգայիններուն:
- Մուսինեանց կը փաստէ, որ պետական պաշտօնեաներուն մէջ կա՛ն նաեւ ոչ կաշառակեր պաշտօնեաներ:
- Կեանքը կը շարունակուի ու կը զարգանայ` քայլ պահելով նորութիւններուն հետ (ինքնաշարժ վարել), երբ նոյնիսկ ուտելիք հաց դժուար էր գտնել:
- Վերջապէս, հաւանաբար կարեւորագոյնը` հայ մշակոյթը, այս պարագային թատրոնի միջոցով, Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն իսկ կը պահպանուի ու կը զարգանայ հակառակ տիրող դժնդակ պայմաններուն` պատերազմ, ներքին ու արտաքին դաւադրութիւններ:
Այսօր, մայիս 28-եան նո՛յն վճռակամութեամբ, մեր ժողովուրդին բոլոր խաւերուն մասնակցութեամբ պիտի յաղթենք նախ ներքին թշնամիին, այսինքն` այժմու դաւաճան իշխանութեան, որ ծառայելով թուրք-ազերի ծրագիրներուն, Արցախի աղէտէն ետք, այժմ Հայաստանէն հողեր կը յանձնէ Ազրպէյճանին:
20 մայիս 2021
* Լուսաբանութիւնները` հեղինակին:
(1) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 224, 14 սեպտեմբեր 1920 էջ 4:
(2) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 230, 21 հոկտեմբեր 1920, էջ 1:
(3) «Նահատակ ցեղի անմահներ», Տիգրան քահանայ Խոյեան, տպարան «Ալթափրէս», Պէյրութ, 1983, էջ 119:
(4) «Ազատ Հայաստան» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 22, 17 մարտ 1921, էջ 2:
(5) «Ազատ Հայաստան» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 3, 22 փետրուար 1921, էջ 2:
(6) «Աշխատանք» օրաթերթ, Երեւան, Դ. տարի, թիւ 46, 19 յուլիս 1919 էջ 4:
(7) «Ազատ Հայաստան» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 5, 24 փետրուար 1921 էջ 2:
(8) «Ազատ Հայաստան» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 25, 20 մարտ 1921 էջ 2:
(9) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 231, 22 հոկտեմբեր 1920, էջ 4:
www.aztagdaily.com/archives/510214