Անդրադարձ – Անկախութեան Տարեդարձները Տօն Էին, Երբ Պատանի Եւ Երիտասարդ Էինք – Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Անդրադարձ – Անկախութեան Տարեդարձները Տօն Էին, Երբ Պատանի Եւ Երիտասարդ Էինք – Յ. ՊԱԼԵԱՆ

28 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Յ. ՊԱԼԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Անձայն եւ անշշուկ, քանի մը օրէն օրացոյցը պիտի յիշեցնէ, որ ՄԱՅԻՍ 28 է, իսկ տարեթիւը` 2021: Ինչպէս ըսուած եւ գրուած է օրին, որ պայքարած սերունդներու նուաճումը, Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութիւնը ճզմուեցաւ ռուսական սալին վրայ` թրքական մուրճով…

Միտքով կ՛երթամ դար մը ետ, 1921, հասկնալու համար ներկան, 2021-ը: Միշտ խորհած եմ, որ յաջողութիւնը ճիշդ քննադատութեամբ, նաեւ ինքնաքննադատութեամբ կը սկսի: Այդպէս է վերականգնումի ուղին: Այդ պէտք էր ընել անցեալին, ընել նաեւ այսօր, առաքինութեամբ, սխալ եւ ձախաւերութիւն չկրկնելու համար:

Կը հպարտանանք մեր մեծ մշակոյթով եւ մեծ ժառանգութեամբ: Եթէ ճիգ մը ընենք տեսնելու եւ դիտելու մեր ընկրկումները, անոնց պատճառները, թերեւս աւելի ճիշդ հունի մէջ կը դնենք մեր հայրենիքը, մեր ժողովուրդի ապագան, մեր պատմութիւնը եւ արժանի կ՛ըլլանք մեր գովերգած մեծութիւններուն:

Երբեւիցէ իսկական փորձ ըրա՞ծ ենք յաղթելու մեր ախտերու հետեւանք` մեր ներքին թշնամիներուն, որոնք հոգեկան են եւ մեզ ջլատած են երէկ, կը ջլատեն այսօր:

Հայ ժողովուրդը կը մասնակցէր, այս կամ այն ձեւով, Մեծ Պատերազմի աւարտին գումարուած Խաղաղութեան վեհաժողովին: Կը մասնակցէր զոյգ պատուիրակութիւններով: Կա՞ր ուրիշ մեծ կամ պզտիկ երկիր, որ այդպէս ընէր: Մի՞թէ կը խորհէինք, որ մեր դատը աւելի լաւ պիտի պաշտպանուէր, մեր ձայնը աւելի լսելի պիտի ըլլար, եթէ զոյգ խօսափողերով միջազգային բեմ բարձրանայինք:

Անդրանիկ հանրապետութիւնը ծնունդ առած էր համաշխարհային պատմութեան սկսած, դեռ չաւարտած եւ շարունակուող փոթորիկներուն մէջ: Նոր ստեղծուող խորհրդային պետութիւնը քաղաքական-գաղափարական կայսրութիւն ստեղծելու հետամուտ էր, կը խոստանար երազներու իրականացում, պարտուած Թուրքիան յաղթական դաշնակիցներու շահախնդրութիւններու եւ մեղսակցութիւններու ալիքին վրայ կը վերականգնէր:

Փոքրիկ եւ արիւնաքամ Հայաստանը կը գտնուէր այդ նոր կայսրութեան սահմանին եւ միաժամանակ թիրախ էր թրքական անաւարտ եւ վերսկսող ծաւալապաշտական երազին:

Պէտք է ուշադրութեամբ կարդալ պատմութիւնը: Այդ պայմաններուն մէջ, յիշել սալի եւ մուրճի օրինակը, Հայաստան, փոխանակ իր ուժերը հաւաքելու եւ միաճակատ դիմագրաւելու զոյգ սպառնալիքները, թատերաբեմ եղաւ մայիսեան խռովութիւններ կոչուած ներքին պայքարներուն, որոնք ուժաքամ երկրի մը համար պարզապէս հարաքիրի ընելու ողբերգական թատրոն էին: Արդիւնքը եղաւ այն, որ խորհրդային նոր կայսրութիւնը եւ պատերազմէն ետք վերականգնող Թուրքիան համատեղուած ճիգերով աւելի փոքրացուցին արդէն փոքրացած Հայաստանը եւ վերջ տուին անոր անկախութեան:

Թշնամիները եւ օտարները քննադատելէ եւ դատապարտելէ առաջ հայելիին առջեւ կանգնինք եւ խօսինք մեր մասին. ի՞նչ պէտք էր ընէինք այն ատեն եւ չըրինք: Այսօր պէտք է ուղղել նոյն հարցումը տարբեր ձեւով. ի՞նչ կ՛ընենք այսօր, զոր պէտք չէ ընել: Կը մտածե՞նք, անմիջականէն անդին, մեր արարքներու հետեւանքներուն մասին:

Ժամանակակից ընկերաբան եւ իմաստասէր Էտկար Մորէն դիպուկ խօսք ունի: Կ՛ըսէ. «Ի՞նչ է քննադատական միտքը, եթէ միաժամանակ ինքնաքննադատութիւն չէ: Ի՞նչ է քննադատական միտքը, եթէ անկարող է ընելու քննադատութեան քննադատութիւնը»: Պահ մը կանգ պէտք է առնել, դադրիլ խօսելէ արտաքին թշնամիներու դէմ եւ քննադատել ներազգային կեանքի մեր վերաբերումները:

Տարիներու ընթացքին մեզ յուզած եւ խանդավառած անկախութեան տօները սոսկ տարեդարձներ չէին, անոնք ազատ, ինքնիշխան եւ միացեալ հայրենիք ունենալու յոյսի պահեր էին: Կը հաւատայինք, հակառակ անոր որ կացութիւնը կը թուէր սառած ըլլալ խորհրդային հզօրութեան մէջ, գումարած` բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը: Բայց կը խանդավառուէինք մեր ժողովուրդի մշակութային զարթօնքով, բանաստեղծներով, մեր առօրեային մաս կը կազմէին Չարենց եւ Պարոյր Սեւակ, Էմին եւ Սահեան: Անոնք յոյս կը կրէին եւ կռէին:

Եւ կրկին գտնուեցանք պատմութեան անակնկալին առջեւ: Պատմական իրադարձութիւնները ժամադրութիւն չեն տար, որ նախապէս պատրաստուինք զանոնք դիմաւորելու: Խորհրդային սառցակոյտը հալեցաւ, եւ Հայաստան անկախացաւ: Ինչպէս 1918-ին, ցարական կայսրութեան փլուզումէն ետք, աւերուած եւ «որբի հայրենիք» Հայաստանը անկախացած էր, Հայաստան կրկին անկախացաւ:

Նուէր չէր առաջին անկախութիւնը: Հայ ժողովուրդը, որ ենթարկուած էր ցեղասպանութեան, աշխարհամարտին զոհեր տուած, ինքն իր մէջ գտաւ ուժ` վտանգի դէմ կանգնելու, կացութեան օրհասական ըլլալու գիտակցութեամբ` թշնամիին դէմ կռուեցաւ:

Յաղթանակներ ունեցաւ, քանի որ միացած էր:

Այդ յաղթանակները այսօր առասպելական անուններ են, դրուագներ, վայրեր ուր դեռ երէկ ուխտի կ՛երթայինք. Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ: Եօթանասուն տարիներ այդ անունները եւ պատկերները, մարտիկները հոգիներ եւ կամքեր ջրդեղեցին:

Այսօր Հայաստան կրկին անկախացած է, դեռ անկախ է:

Պիտի պահե՞նք եւ պահպանե՞նք անկախութիւնը:

Ի՞նչ կ՛ըսէ պատմութեան դասը:

Քսաներորդ դարու սկիզբը Թուրքիան տարուած էր կայսերական-համաթուրանական երազանքով: Այսօր աւելի հզօրացած` ան կը շարունակէ վազել այդ երազին ետեւէն: Եւ Հայաստան համաթրքական ծաւալապաշտութեան առջեւ կանգնած խոչնդոտ է, արգելք` թրքացեղ-թրքալեզու ժողովուրդներու միացման: Եթէ այս մենք գիտենք, գիտեն նաեւ սպառնալիքի ենթակայ ուրիշներ, առաջին հերթին` Ռուսիան:

Երբ պատանի եւ երիտասարդ էինք, անկախութեան տօն 28 մայիսը յոյս էր, հաւատք, երէցներէն լսուած խոստում, որոնք իրականութիւն դարձան պատմութեան անկիւնադարձին: Ըսինք` Երրորդ Հանրապետութիւն:

Արտաքին ազդակներու ճնշման տակ, ինչո՞ւ չըսել` մեր անմիաբանութեան պատճառով, դար մը առաջ Հայաստան կորսնցուց իր անդրանիկ անկախութիւնը: Վերջ գտաւ յեղափոխականի երգին երազանքը` հայու խօսքով հայուն տրուէր հրաման…

Ի՞նչ կը խոստանանք գալիք սերունդներուն. եթէ կրկին կորսնցնենք անկախութիւնը, կրկին երազի եւ յոյսի անկախութի՞ւն պիտի երգեն բանաստեղծները, եւ ճառախօսները բեմերը թնդացնեն:

Թող ներուի, անցեալի յիշատակներու մասին երբ կը մտածեմ հիմա, կը մտածեմ նաեւ մեր ներկայի պառակտումներուն, մեր ճակատագրին տէր ըլլալու եւ մէկութիւն ստեղծելու անկարողութեան, փառասիրութիւններուն, ընչաքաղցութեան եւ եսերու մասին:

Անկախութիւնը, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր հաւաքական եւ գիտակից պատասխանատուութիւն է: Պահ մը կանգ առնելով` պէտք է մտածենք, թէ ի՛նչ պիտի կտակենք գալիք սերունդներուն: Զանոնք պիտի դատապարտե՞նք երրորդ անկախութեան մը երազով ապրելու:

Հայաստանը եւ անոր անկախութիւնը այսօ՛ր պէտք է պաշտպանել: Երբ անկախութիւնը կորսնցնենք, Հայաստանը դառնայ մաս, նահանգ, ինքնավար մարզ այս կամ այն ուժի տիրապետութեան տակ, շատախօսութիւն կ՛ըլլայ գիրքեր գրել` ըսելու համար, թէ ո՛վ էր յանցաւոր, ո՛վ էր մեղաւոր: Ի՞նչ կ՛ըլլայ պատմութեան դատավճիռը:

Ինչպիսի գիտակցական հրաշք մը պիտի իրականացնեն թուրք-ազրպէյճանական տիքթաթի ենթակայ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ հարիւրեակ մը կուսակցութիւնները, որպէսզի պատմութեան գնացքէն չիջնենք: Գնացքէն չիջնելու համար պոռչտուքները բաւարար չեն, գնացքի անցնելէն ետք քարափին մնացողներու պոռչտուքն ալ անօգուտ է:

Ո՛չ հեռուի եւ ո՛չ մօտի բարեսէրը եւ հայասէրը պիտի չիրականացնեն անկախութիւն եւ Հայաստան պահելու հրաշքը: Այդ պիտի չընէ կամ պիտի ընէ ներսի եւ դուրսի ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ ժողովուրդը:

Պիտի ընէ ազգային այն իմաստուն յանձնառութեամբ, որ հայրենիքը ո՛չ ընչաքաղցութեան կրպակ է, ո՛չ փառասիրութեան հարթակ եւ ո՛չ ալ յուզումներու տուրիստական հասցէ:

Չընենք այնպէս, որ եօթանասուն տարի ալ հանդէսներ կազմակերպենք տօնելու կամ աւաղելու համար երկրորդ անկախ հանրապետութիւնը: Կրնայ ըլլալ, որ երրորդը չգայ:

Մեծ գիտնական Ալպերթ Այնշթայն ըսած է, որ` «Յաջողութիւնը կու գայ հետաքրքրութենէ, կեդրոնացումէ, յարատեւութենէ եւ ինքնաքննադատութենէ»: Կրնա՞նք, յաղթահարելով եսերը, հետեւիլ այս ուղիին, ներսը եւ դուրսը, ոչ թէ` յաւելեալ իրաւունքի ձեռքբերման ձգտելով, այլ` յաւելեալ պարտքի եւ զոհողութեան:

Այս իմաստութեան առջեւ պէտք է բանալ խցուած ականջները, որպէսզի անկախութիւնը չկորսնցնենք, որպէսզի ան ըլլայ մեր ժողովուրդի ինքնահաստատման, տոկալու եւ տեւելու առաքինութիւնը, ոգեկանութիւնը:

Եւ զայն կտակենք գալիք սերունդներուն, որպէսզի ան չըլլայ երկրորդ դասակարգի քաղաքացի:

Այդպէս ըմբռնեցինք մայիս 28-ի խորհուրդը: Եւ այդպէս պէտք է ըմբռնել ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆը:

24 մայիս 2021, Նուազի-լը-Կրան

www.aztagdaily.com/archives/510215

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail