Հակադիր Երկու Պատկեր, Հազար Ափսոսանք – Դժբախտաբար աշխարհը միայն ուժի լեզուէն կը հասկնա – ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
01 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Դժբախտաբար աշխարհը միայն ուժի լեզուէն կը հասկնայ:
30 տարի պաղեստինցիք քարերով դէմ դրին թշնամիին, եւ արդիւնքը եղաւ այն, որ Իսրայէլ նախ Այսրյորդանանը եւ ապա Կոլանը կցեց իրեն, մայրաքաղաքը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրեց եւ բնակեցման իր վայրերը բազմացուց աշխարհի անտարբեր աչքերուն դիմաց:
«Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը» աշխարհը լծեց իր շահերու ծառայութեան: Տեւաբար բռնագրաւեց, յափշտակեց, քանդեց եւ կոտորեց, պաղեստինցիներուն չձգելով գերեզմանի չափով հող մը անգամ` մէջը թաղուելու համար:
Ու երբ դանակը հասաւ ոսկորին… Երբ Երուսաղէմի պաղեստինեան թաղամասերուն պաշարումը եւ Աքսայի մզկիթին սրբապղծումը հասաւ անընդունելիի սահմանին, պաղեստինեան դիմադրութեան այլ ելք չմնաց, եթէ ոչ` սեփական արժանապատուութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան համար կարելի ու անկարելի բոլոր միջոցներով դէ՛մ դնել թշնամիին եւ սահման մը դնել անոր ոտնձգութիւններուն, հող ու սրբութիւն ոտնակոխող անոր բոլոր քայլերուն:
Պաղեստիցիք բաւական սուղ գին վճարեցին իրենց դիմադրութեան համար: 11 օրուան պատերազմին անոնք տուին 253 նահատակներ, 66-ը` պատանիներ եւ կիներ, 17-ը` ծերեր, տուին 1948 վիրաւորներ եւ ունեցան նիւթական հսկայական կորուստներ, սակայն առաջին անգամ ըլլալով անոնք Իսրայէլի գրեթէ ամբողջ տարածքը առին իրենց հրթիռներու տարափին տակ` ուժով եւ սեփական արեամբ գծելով իրենց հայրենիքին սահմանները, իրենց բռնաբարեալ իրաւունքներուն վերատիրացման քաղաքական քարտէսը:
Պաղեստինեան այս օրինակը որքա՜ն թելադրական է հայութեան համար, որ անցնող 30 տարին Արցախը ունենալու ինքնագոհութեամբ տարուած` անտեսեց թշնամին, արհամարհեց անոր ուժը եւ կոյր ու խուլ ձեւացաւ անոր ծաւալապաշտական ծրագիրներուն դիմաց: Իսկ արդիւնքը ծանօթ է բոլորին. Ազգայի՛ն աղէտ:
Կորսնցուցինք Արցախի պաշտպանութեան գօտին կազմող հինգ շրջանները եւ կատարուածը նկատեցինք լոկ զինուորական պարտութիւն:
Կորսնցուցինք ռազմավարական նշանակութեամբ պատմական երկու շրջան` Քարվաճառն ու Քաշաթաղը եւ մեր կորուստը արդարացուցինք բանակցութիւններու յաջողութեան պայմանով:
Կորսնցուցինք Շուշին եւ Հադրութը եւ բառեր չփնտռեցինք մեղադրելու ամէն ոք` բացի իշխանութիւններէն:
Կորսնցուցինք Սիւնիքի տարածքէն սահմանային բլուրներ, արտօնեցինք, որ թշնամին գայ-հասնի մինչեւ Շուռնուխ` կոկորդէն սեղմելու համար Զանգեզուրն ու հիւսիս-հարաւ մայրուղին, եւ հարց չտեսանք կատարուածին մէջ, քանի հաւատացինք, որ GPS-ով կարելի է սահման ճշդել:
Կորսնցուցինք Սեւ լիճի տարածքէն հեկտարներ, Վարդենիսի եւ Գեղարգունիքի մէջ տարածքներ եւ մեր միակ փրկութիւնը տեսանք® մեզ կործանումի տանող իշխանութիւններուն մէջ:
Իսկ հիմա կը յայտարարենք, որ պատրաստ ենք թշնամիին հետ նոր փաստաթուղթ ստորագրելու, Տաւուշի մարզէն եօթը գիւղեր եւ Արարատեան դաշտէն գիւղ մը` Երեւանի դարպասներուն մօտ գտնուող Տիգրանաշէնը Ազրպէյճանին յանձնելու, յանուն սահմանազատման սկզբունքին եւ սահմանաճշդումի անհրաժեշտութեան:
Այսպէս, Կազայէն Արցախ, Երուսաղէմէն Սիւնիք երկու հակադիր պատկերներ կը պարզուին աշխարհին դիմաց, մէկը հերոսական, երկրորդը` պարտուողական: Առաջինը` սեփական ճակատագիրը սեփական ուժո՛վ ճշդելու իմաստութեամբ, մինչ երկրորդը իր ժողովուրդին ճակատագիրը թշնամիին հետ բարի յարաբերութիւններ մշակելու իմաստակութեամբ:
Ափսո՜ս այս պատկերին համար: Հազա՛ր ափսոս:
www.aztagdaily.com/archives/510419