Ատրպէյճանական Ուժերը Պէտք Է Դուրս Գան Հայաստանի Տարածքէն. Մաքրոն

Հայ Ռազմագերիներու ՎերադարձիՆ ՎերաբերԵալ Բանաձեւ Կը Մշակուի

Ատրպէյճանական Ուժերը Պէտք Է Դուրս Գան Հայաստանի Տարածքէն. Մաքրոն

02 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս»․- Ֆրանսա այցելող Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին առիթով, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 1 Յունիսին յայտարարեց, թէ Փարիզ նեցուկ պիտի կանգնի Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն:

«Ֆրանսա պատրաստ է օգնելու եւ խօսքս նախ կը վերաբերի ռազմագերիներուն եւ միւս բանտարկեալներուն ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ տարածքներու ականազերծման: Նաեւ շատ կարեւոր հարց է ժառանգութեան պահպանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ: Թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ իսլամական ժառանգութիւնը պէտք է անպայման պահպանուին: Իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ՝ Ֆրանսայի պարտքն է ամէն ինչ ընել, որպէսզի կողմերը լարուածութիւնը մեղմացնեն եւ հաստատեն երկխօսութիւն», ըսաւ Մաքրոն:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծում պէտք է իրականացուի բացառապէս երկխօսութեան միջոցով եւ ոչ մէկ առիթով պէտք է դիմել ուժի: «Ատրպէյճանական ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն։ Կոչ կ՛ընեմ կողմերուն, որ վերադառնան Մայիս 11ի դիրքերը», շեշտեց Մաքրոն:

Ան ընդգծեց, որ այս դժուար իրավիճակին մէջ Հայաստան կրնայ վստահ ըլլալ, որ Ֆրանսա Հայաստանի կողքին է, ինչպէս միշտ:

Իր կարգին, Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Ֆրանսա ունին առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ: «Շատ կարեւոր է արձանագրել, որ այս ընթացքում հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտապէս զգացել է Ֆրանսիայի աջակցութիւնը եւ նախագահ Մաքրոնի անձնական աջակցութիւնը: Շատ կարեւոր հանգամանք եմ ուզում ընդգծել, որ նախագահ Մաքրոնը մեր տարածաշրջանում ճգնաժամի մեկնարկի առաջին օրից խօսել է ճշմարտութեան լեզուով, եւ այդ ձայնը լսելի է եղել ամբողջ աշխարհում: Սա շատ կարեւոր է մեզ համար: Ուզում եմ ընդգծել, որ Ֆրանսիան եւ նախագահ Մաքրոնն այդ յանձնառութիւնը շարունակում են, եւ սա չափազանց կարեւոր է մեր տարածաշրջանի ճգնաժամային իրավիճակները յաղթահարելու առումով», ըսաւ ան։

Փաշինեան ընդգծեց Ֆրանսայի կարեւոր դերը՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիր՝ աւելցնելով. «Շատ ուրախ եմ, որ պատերազմի աւարտից յետոյ համանախագահները 3 յայտարարութիւն են արել, որով, ըստ էութեան, արձանագրում են իրենց պատրաստակամութիւնը փոխադարձաբար ներգրաւուելու եւ վերականգնելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի ցուցաբերած մարդասիրական աջակցութեան համար եւ ըսաւ. «Մենք ընդգծում ենք Ֆրանսիայի տնտեսական ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը: Հայաստանում կան բազմաթիւ ծրագրեր` ենթակառուցուածքային, ուժանիւթային, տնտեսական, որոնցում Ֆրանսիայի ներգրաւուածութիւնը մեզ համար չափազանց կարեւոր է»:

Փաշինեան հանդիպեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Ռիշար Ֆերանի հետ, որ տեղեկացուց, թէ խորհրդարանին մէջ կը մշակուի հայ ռազմագերիներու վերադարձին վերաբերեալ նոր բանաձեւ մը, ինչպէս նաեւ կը պատրաստուի Հայաստան-Ֆրանսա խորհրդարանական բարեկամական խումբին Հայաստան այցելութիւնը:

asbarez.com/arm/390425/ատրպէյճանական-ուժերը-պէտք-է-դուրս-գան-2/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail