Այդ ամէնը կապ չունի Հայաստանի վարչապետի Փարիզ այցելութեան հետ – Ասիկա դիրքորոշում է, որ Մաքրոնը միշտ ունեցած է – Մուրատ Փափազեան

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Այդ ամէնը կապ չունի Հայաստանի վարչապետի Փարիզ այցելութեան հետ – Ասիկա դիրքորոշում է, որ Մաքրոնը միշտ ունեցած է – Մուրատ Փափազեան

04 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

«Լրագիր»-ի լրագրող Սիրանուշ Պապեան հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի հետ, որ ի միջի այլոց խօսած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան մասին:

Փափազեան ըսած է, որ յստակ է, թէ Մաքրոնը հայամէտ քաղաքականութիւն կը վարէ, աւելցնելով. «Մենք Ֆրանսայի մէջ արդէն քանի մը տասնեակ տարի քաղաքական մթնոլորտ կը ստեղծենք, հայերուն հանդէպ համակրանք կը ստեղծենք: Մենք` իբրեւ Ֆրանսայի քաղաքացիներ, կը պաշտպանենք մեր դատը, Հայաստանը, Արցախը: Մենք աշխատած ենք բոլոր կառավարութիւններուն, բոլոր նախագահներուն հետ: Այսինքն` պատահական չէ, որ այսօր Ֆրանսայի նախագահը համակրանք ունի հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ», ըսած է Փափազեան` շեշտելով, որ ասիկա Նիկոլ Փաշինեանի գործօնով չէ պայմանաւորուած:

Մուրատ Փափազեան անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա այցելութեան ըսաւ. «Երբ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը շաբաթ առաջ ժամադրութիւն խնդրեց Ֆրանսայի նախագահէն, Մաքրոնը` գիտակցելով, որ Հայաստանը նախընտրական գործընթացի մէջ է, առաջարկեց, որ այդ հանդիպումը տեղի ունենայ հոկտեմբերին, որպէսզի այդպիսով Ֆրանսան չմիջամտէ ներքին քաղաքականութեան մէջ: Փաշինեան շատ պնդեց, որ այս հանդիպումը տեղի ունենայ արագ, ինչ որ ցոյց տուաւ, որ Փաշինեանին շահը չի համապատասխաներ Հայաստանի շահին»:

Իսկ անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւններուն` Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ Մաքրոն դեռ պատերազմի ընթացքին իր յստակ դիրքորոշումները յայտնած է, հանդէս եկած է յայտարարութիւններով, աւելցնելով. «Նախագահ Մաքրոն քանի մը անգամ ընդունած է մեզի եւ յստակօրէն շեշտած է Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի հայութեան: Մաքրոն քանի մը անգամ մեզի ըսած է, որ ինք համաձայն չէ եռակողմանի յայտարարութեան բոլոր կէտերուն, յատկապէս Հատրութին ու Շուշիին վերաբերող, յատկապէս Սիւնիքի միջանցքի ծրագիրին, որ համաթուրանական ճամբայ է: Այդ ամէնը կապ չունի Հայաստանի վարչապետի Փարիզ այցելութեան հետ: Ասիկա դիրքորոշում է, որ Մաքրոնը միշտ ունեցած է»:

www.aztagdaily.com/archives/510928

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail