Մաքրոն Ալիեւին Խորհուրդ Տուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Առաքելութեան Արտօնել Արցախ Այցելել

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Մաքրոն Ալիեւին Խորհուրդ Տուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Առաքելութեան Արտօնել Արցախ Այցելել

04 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւին ուղղուած նամակին մէջ խորհուրդ տուած է դիւրացնել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան Լեռնային Ղարաբաղ մուտքը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան:

«9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութենէն վեց ամիս ետք պէտք է շարունակել աշխատիլ կայուն խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելու համար», իր նամակին մէջ նշած է Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը մասնաւորաբար կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ սահմանագծում կ՛իրականացուի, գերիներն ալ ազատ կ՛արձակուին:

«Կարեւոր է նաեւ, որ շրջանի ամբողջ ժառանգութիւնը պահպանուի իր բազմազանութեամբ: Այս առումով խորհուրդ պիտի տայի դիւրացնելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաջարկած առաքելութեան մուտքը», նշուած է նամակին մէջ:

Յիշեցնենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէ անցեալ տարուան նոյեմբերին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին առաջարկած էր փորձագիտական առաքելութիւն ուղարկել Արցախ` պաշտպանելու համար մշակութային ժառանգութեան կառոյցները: Մարտի կէսերուն Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ մամլոյ ծառայութեան յայտնեց, որ Պաքու պատրաստ է ընդունելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութիւնը, սակայն այդ այցելութեան օրը մինչեւ հիմա տակաւին չէ որոշուած:

www.aztagdaily.com/archives/510974

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail