Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ. Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ… Յ. ՊԱԼԵԱՆ

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ. Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ… Յ. ՊԱԼԵԱՆ

04 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Հայաստանի յայտնի եւ մեծ մտաւորականներէն բարեկամ մը, այս բառերով երկտող մը գրած է` որպէս պատասխան երկրի կացութեան մասին յայտնած մտահոգութեանս:

«Ա՞յս է մեր ճակատագիրը»:

Ո՞վ գրած է այդ ճակատագիրը. աշխարհագրութի՞ւնը, դրացինե՞րը, բնութի՞նը: Մենք բառ կամ տող չե՞նք աւելցուցած այդ ճակատագրին վրայ: Կրաւորական հանդիսատե՞ս եղած ենք: Ի՞նչ աւելցուցած ենք: Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բան չենք աւելցուցած: Ի՞նչ չենք ուզած կամ չենք կրցած աւելցնել:

Ի՞նչ բանի դիմանալ, ինչո՞ւ դիմանալ,ինչպէ՞ս դիմանալ: Ճակատագիրը գրուած եւ կնքուա՞ծ է ժայռի վրայ: Եթէ ընդունած ենք, որ ոչինչ կախում ունի մեզմէ, կը նշանակէ, որ պատմութեան էջը փակուած է մեզի համար, եւ ուրեմն մեր կեանքը ուրիշի տիրապետութեան տակ է, կորսնցուցած ենք` ինքնութիւն, ինքնիշխանութիւն, հայրենիք: Չկանք:

Կարելի՞ է մարդ եւ ազգ ըլլալ կրաւորականութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու` մեզի ժամանակակից նախագահներէն Պարաք Օպամա (նախագահ` 2009-2017) խիստ ուշագրաւ եւ ուսանելի գաղափար մը յայտնած է: Կ’ըսէ. «Յոյսին յանդգնութիւնը: Ահաւասիկ լաւագոյնը` ամերիկեան ոգիին, հաւատալու յանդգնութիւն ունենալ` ընդդէմ բոլոր հակառակ ցուցանիշներու, զորս մենք կրնայինք հաստատել համայնքի իմաստ մը` պառակտուած ազգի մը մէջ, հաւատալու յանդգնութիւն` հակառակ անձնական ձախողութիւններու, աշխատանքի կորուստ, տան անդամի մը հիւանդութիւնը կամ ընտանիք մը մխրճուած թշուառութեան մէջ, եթէ ունէինք նուազագոյն տիրապետութիւն եւ հետեւաբար պատասխանատուութիւն` մեր ճակատագրին նկատմամբ»:

Հաւատալու յանդգնութիւն… պառակտուած ազգի մը մէջ: Աւելցնենք` նաեւ պարտուած: Այս դառն իրականութիւնը բառերով եւ ճապկումներով չի պարտկուիր: Զայն ընդունիլ եւ գերանցում կատարել:

Ինչպէ՞ս. պարզ եւ յստակ ըսուած է.

Յոյսի յանդգնութիւն, հաւատալու յանդգնութիւն:

Յոյսը մանանայ չէ, որ երկինքէն պիտի տեղայ: Ան կը բխի մեր լինելութիւնը ընդունելու յանդգնութենէն: Յոյսը պատէն կախուած յիշատակի գեղօր չէ:Ան ընտրանք է եւ յանձնառութիւն, որոնք կ’իմաստաւորեն կեանքը, մարդը կ’ազատագրեն սոսկ մարսողական գործարան ըլլալու իր բուսական վիճակէն:Յոյսի յանդգնութիւն` հակառակ գործնապաշտական տուեալներու, վիճակագրութիւններու, խոհեմութիւններու, ինչպէս ըսած է Պարաք Օպամա` հակառակ ցուցանիշներու:

Այսինքն բանական մարդը կրնա՞յ ընդունիլ, այն ինչ որ կը պատահի, ինչ որ գրուած է, կնքուած: Ոմանք ենթարկուած են այդ ենթադրեալ վճիռին:

Յաջողած մարդիկ, յաղթանակածներ, հոն կանգ չեն առած: Ոչ թէ միայն դիմացած են ճակատագրի հարուածներուն հին ստոյիկեան իմաստասէրներու պէս, այլ գործած են յոյսին յանդգնութեամբ:

Եւ ի վերջոյ, մարդը, հետեւաբար մարդկային հաւաքականութիւնը, ընտանեկան բջիջէն մինչեւ գիւղ, քաղաք, երկիր, ազգ, մարդկութիւն, կաւէ արձաններ չեն, մարդն է, որ զանոնք կը ստեղծէ` միշտ նորոգուելով: Ժան-Փոլ Սարթրի բանձեւումին մասին յաճախ պէտք է մտածել, որ` «Մարդը է այն, ինչ որ ինք կ’ընէ» (L’homme est ce qu’il se fait). այսինքն ոչինչ կանխորոշուած է, քանի որ մարդը ազատ է, հետեւաբար ազգերը եւ ժողովուրդները են այն, ինչ որ իրենք կ’ընեն ըլլալու համար, քանի որ ազատութիւնը իրենց էութիւնն իսկ է:

Ենթարկուիլ տեղ մը (չ)որոշուած ճակտի գիրէն եւ դիմանալ` կը նշանակէ հրաժարիլ մեր մարդկային հիմնական եւ անփոխարինելի իմաստէն, որ ազատութիւնն է: Կորսնցնել ազատութիւնը եւ անոր հորիզոնները փակել` կը նշանակէ յանձնուիլ բուսական կեանքին: Մարդիկ եւ մարդկութեան պատմութիւնը երբեք այդպէս չեն ընթացած: Առաջնորդուած են յոյսին յանդգնութեամբ: Եթէ այդպէս ըրած չըլլային, մարդկութիւնը դեռ մնացած կ’ըլլար նախամարդու վիճակին մէջ, գոյութիւն չէին ունենար ե՛ւ գիտութիւնը, ե՛ւ օրէնքները, ե՛ւ բնութեան վրայ մեր դրած ստեղծագործական հետքերը:

Յոյսին յանդգնութիւնը, որուն շարժիչ ուժը հաւատալու յանդգնութիւնն է:

Խորիմաստ է Եոհան Վոլֆկանկ Կէօթէի (1749-1832) բանաստեղծական պատկերացումը` ճակատագիրը գերանցելու մասին: Կ’ըսէ. «Երբեմն կրնայ պատահիլ, որ ընդհանրական եւ ընտանեկան դժբախտութիւնները սարսափելի կերպով ցնցեն մարդը յաջորդական կրկնուող հարուածներով, միայն այն, որ բիրտ ճակատագիրը, հարուածելով հասկերը, կը զարնուի յարդին: Հունտերը չեն ազդուիր եւ կը ցատքեն կալին վրայ, առանց խորհելու, որ պիտի երթան ջաղացք թէ արտ»:

Ճակատագիրը կը հարուածէ հասկը: Կը տրորէ: Հունտերը կը ցատքեն կալին վրայ, կը վերածնին եւ կը շարունակեն կեանքը: Այդպէս է յոյսին յանդգնութիւնը: Եւ թերեւս ալ` յանդգնելու յոյսը:

Հայաստան մնացող գաղափարական մեծ մտաւորական բարեկամիս դիմանալու կամքը պէտք է լրացնել յոյսի եւ հաւատքի յանդգնութեամբ, զայն ներշնչել իր ինքնութեան գիտակից իւրաքանչիւր հայու, նաեւ անոնց, որոնք կ’ապրին հրաժարման հետեւող բուսական կեանքով: Այս աշխատանքն է հաւատաւոր եւ յանձնառու ղեկավարութեան ու մտաւորականութեան, որպէսզի ճակատագիր կոչուածը չըլլայ տապանաքար:

Մեր ժողովուրդի վերականգնումին համար անհրաժեշտ է յոյսի, հաւատքի, յանդգնութեան եւ անոնց հետեւող յանձնառութեան գաղափարախօսութիւնը փոխանցել, դարձնել անմիջական եւ հաւաքական առաքինութիւն:

Եթէ քահանան խորանէն եկեղեցական պատգամ կը յղէ, ազգի հարազատ մտաւորականութիւնը մտածելու պիտի հրաւիրէ հայ մարդը` ցոյց տալով, որ ընկճուածութիւնը յաղթահարելի է յոյսի յանդգնութեամբ, հաւատքի յանդգնութեամբ, յանձնառութեամբ, կեանք տալու համար հունտին:

Կրկնելով. պիտի չըլլանք այն, որ ուրիշներ կը պարտադրեն որ ըլլանք, այլմենք մեզ կառուցելով` պիտի ըլլանք այն, ինչ որ մենք կ’ուզենք ըլլալ:

Եւ ենթադրեալ ճակատագիրը չընդունիլ որպէս վերջնական պարտութիւն եւ անհետանալ խուճապի մէջ:

Ոչ թէ դիմանալ, այլ` դիմադրել, որ կրաւորականութեան կը հակադրէ կամային նախաձեռնութիւն:

22 մայիս 2021, Նուազի-լը-Կրան

www.aztagdaily.com/archives/510876

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail