ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Ազգային Հերոս Նիկոլ Դումանի Կեանքն ու Գործը – ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Ազգային Հերոս Նիկոլ Դումանի Կեանքն ու Գործը – ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

04 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Նիկոլ Դումանի վերջին լուսանկարը

Նիկոլ Դումանի բուն անունն էր Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեան: Ան ծնած է 1867-ին, Ղարաբաղի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղը: Ան եղած է քահանայի զաւակ, նախնական կրթութիւնը ստացած է իրենց գիւղին մէջ, հօր մօտ: Ապա յաճախած է Շուշիի թեմական դպրոցը` 1887-ին աւարտելով անոր հինգամեայ դասընթացքը: Միեւնոյն տարին գրագիրի պաշտօն ստացած է Արցախի թեմի վիճակային ատեանին (կոնսիստորիա) մէջ, եւ կարճ ժամանակ յետոյ ստանձնած է ատեանին քարտուղարութիւնը:

Ութսունական թուականներու վերջերը Շուշին, ինչպէս նաեւ Կովկասի միւս հայկական կեդրոնները հայրենասիրական խմորումներով էին բռնուած: Թրքահայութեան դատը գրաւած էր երիտասարդութեան մտքերը: Մտաւորականութեան եւ աշակերտութեան մէջ գաղտնի ընկերութիւններ կազմուած էին: Օրուան հարցն էր Արեւմտահայաստանի ազատութեան աջակցելու պահանջը: Ղարաբաղի մայրաքաղաքը առաջին ահազանգը հնչեցնողներէն էր: Եւ երիտասարդ Նիկողայոսը բնականաբար չէր կրնար անմասն մնալ այդ տրամադրութիւններէն:

Երկու տարի Շուշիի մէջ պաշտօնավարելէ ետք, Նիկոլը որոշ ժամանակ ալ ուսուցչութիւն կ՛ընէ Հիւսիսային Կովկասի հայկական դպրոցներու մէջ, բայց խաղաղ մշակութային աշխատանքը զինք չէր հրապուրեր:

1891-ին ան կ՛անցնի Պարսկաստան` միանալու համար դաշնակցական ռահվիրաներուն, որոնք ձեռնարկած էին Կովկաս-Թաւրիզ-Սալմաստ-Վասպուրական յեղափոխական գիծի կազմակերպութեան: Յաջորդ տարի`1892-ին, ան առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպի Յովսէփ Արղութեանին, Թաւրիզի մէջ:

Այնուհետեւ կը սկսի Նիկոլի փայլուն հայդուկային գործունէութիւնը: Անոր առաջնորդութեամբ շատ անգամ հայդուկային խումբեր կ՛անցնին Երկիրը եւ կռուի կը բռնուին զօրքերու ու քիւրտերու հետ: Անոնց շարքին են` Դերիկի երկրորդ կռիւը, ուր ան 11 զինուած ընկերներով բազմաթիւ անզէններու կեանքը փրկեց, Պողազ Քեասանի փայլուն կռիւը, ուր ան վաստակեցաւ քրտերէն ԴՈՒՄԱՆ մականունը, ինչպէս նաեւ` Կոթուրի կռիւը, եւ վերջապէս` Խանասորի արշաւանքը:

Քիւրտերը «լօ-լօ»ներ հիւսեցին` դրուատելով Դումանի քաջութիւնը, եւ այն սարսափը, որ կը ձգէ ան ամէն տեղ:

Ահաւասիկ կտոր մը քրտական լօ-լօ-ներէն.

Պողազ Քեասանը Առանձին Գիւղ Է,
Նաթանեանի Տունն Էլ Քեաֆրների Բունն Է,
Թող Աստուած Պատժի Քեաֆր Նիկոլ Դումանին,
Որ Կտրեց Ձեռքը Մեր Շամսիկցիներին
:

Այս երգը կապուած է Պողազ Քեասանի կռուի հետ: Դումանը իր խումբով կ՛իջաւանի այդ գիւղը, Նաթանեանի տունը: Քիւրտերը իմանալով այդ` կը շրջապատեն Նիկոլը: Ուզելով խեղդամահ ընել հայդուկները ծուխի ու մուխի մէջ` անոնք կը ծածկեն տունը խոտով, փուշերով ու կրակի կու տան: Ապա սկսելով հրացանաձգութեան կ՛առաջարկեն Նիկոլին անձնատուր ըլլալ:

Երբ կրակն ու բոցը կը ծածկեն տան չորս կողմը, Նիկոլը հրացանը ձեռքին, դուրս կու գայ քիւրտերու մէջէն եւ դրան առաջ հրացանի երկու հարուածով գետին կը գլորէ շամսիկցիներու ցեղապետը: Ապա կը սպաննէ 10 ուրիշներ, իսկ մնացեալ քիւրտերը սարսափահար փախուստի կը դիմեն:

«ԱՎԱ ՄՐՈՎ ՆԻՆԱ, ԱՎԱ ԴԻՒՄԱՆ Ա»` «Սա մարդ չէ, սա դուշման-փոթորիկ է» կ՛ըսեն քիւրտերը եւ երգեր կը հիւսեն Դումանի քաջութեան մասին:

Նիկոլ Դումանը անծանօթ մը չէր նաեւ Կովկասի հայերուն: Անոր դերը հայ-թաթարական ընդհարումներու շրջանին երկար ժամանակ չի մոռցուիր Պաքուի ե Երեւանի հայութեան կողմէ: Ուր վտանգի սպառնալիք կար հայութեան, հոն զգացուած է Դումանի ներկայութիւնը. ան հասած է օգնութեան եւ կատարած` իր պարտականութիւնը:

Ա. Աշխարհամարտը նոր էր սկսած, երբ Թիֆլիսի մէջ բուռն թափով կը կազմակերպուէին հայ կամաւորական զօրախումբերը: Սեպտեմբերի վերջերը, Պաքուէն հեռագիր եկաւ Թիֆլիս. «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆԸ ՄԵՌԱԾ Է ԿԻՍԼՈՎՈԴՍԿՈՒՄ»:

Շուտով կը հասնին նաեւ մահուան մանրամասնութիւնները:

Նիկոլ Դումանը, ծանր հիւանդ` յօդացաւով ու թոքախտով, 1914-ի ամառը կը գտնուէր Կովկասի յայտնի բուժավայրը` Քիսլովոտսքի: Կը գիտակցէր իր վիճակի ծանրութեան: Եւ իմանալով, որ կամաւորական խումբեր կը կազմուին, եւ Թիֆլիս հաւաքուած են անուանի հայդուկները` Անդրանիկ, Քեռի, Դրօ, Համազասպ, Սեպուհ եւ ուրիշներ, ու զգալով, որ ինքը անկարող է միանալու իր զէնքի ընկերներուն, այլեւս իմաստ չի տեսներ ապրելու մէջ եւ սեպտեմբեր 23-ին, երեկոյեան ժամը 9-ին, ատրճանակով վերջ կու տայ իր կեանքին:

Նիկոլ Դումանի թաղումը տեղի կ՛ունենայ Թիֆլիսի մէջ, սեպտեմբեր 28-ին: Արտասովոր բազմութիւն մը ներկայ կ՛ըլլայ: Ամէն կողմէ անհաշիւ հեռագիրներ ուղարկուած էին մեծ մարտիկի յուղարկաւորութեան առթիւ: Դագաղը հողին յանձնուեցաւ Խոջիվանքին մէջ, Սիմոն Զաւարեանի գերեզմանի կողքին:

Սեպտեմբեր 28-ին «Հորիզոն» թերթը նուիրուեցաւ Նիկոլ Դումանի յիշատակին: Այստեղ առաջ կը բերենք Խանասորի Իշխանին, Յովսէփ Արղութեանի գրուածքները: Դեռ Խանասորէն առաջ եւ Խանասորէն ետքն ալ ջերմ չէին երկուքին յարաբերութիւնները` զուտ գաղափարական գետնի վրայ, եւ Իշխանի արտայայտած ընկերական տաք ու անկեղծ զգացումները առանձնապէս խորունկ տպաւորութիւն գործեցին բոլորին վրայ:

Հատուածներ` Յ. Արղութեանի խօսած դամբանականէն.

«Այսօր, նուիրական Սիմոն Զաւարեանի կողքին, կը կազմուի նոյնքան նուիրական նոր դամբարան մը` Նիկոլ Դումանինը: Յաւիտենական հանգիստի մէջ, իր սիրելի ընկերոջ կողքին, ան պիտի փսփսայ անոր ականջին վերջին տարիներուն իր կրած ֆիզիքական եւ հոգեկան տանջանքներուն մասին: Տանջուած, հիւծուած թոքախտի ճիրաններուն եւ լսել, որ երկար տարիներու ընթացքին իր փայփայած գաղափարները մօտ են իրականացման եւ անմասն մնալ հայութեան վերջին մարտահրաւէրին` ան չկարողացաւ եւ արագացուց իր կեանքի եղերական վախճանը: Բազմաթիւ ճակատամարտերու եւ փորձանքներու բովէն անցնելէ ետք, անոր հոգին չհաշտուեցաւ այն մտքի հետ, որ պիտի իյնայ ինչ-որ բացիլներու (մանրէներու) ձեռքէն:

«Եթէ Ս. Զաւարեանը իրաւամբ կը համարուէր մեր ազատագրութեան շարժման խիղճը, ապա նոյնքան իրաւամբ Ն. Դումանը պիտի համարուի ամենափայլուն ներկայացուցիչներէն մէկը, մեր ազատագրութեան մարտիկը: Եւ խղճի ու քաջութեան ներդաշնակութիւնը դարձաւ յենարան Զաւարեանի եւ Դումանի գաղափարական գործունէութեան: Անոնց գործունէութեան միջոցները տարբեր էին, բայց նպատակը` մէկ էր: Զաւարեանը վտարանդիի ցուպը ձեռքին` կը քարոզէր գաղափարը իր հոգիին ամբողջ թափով, մտաւոր ու գիտական պաշարով, իսկ Դումանը բռնութեան կապանքները կը ջախջախէր զէնքով ու կրակով եւ կը հարթէր ճանապարհը խղճի ու ազատագրութեան յաւիտենական յաղթանակի:

«Հանգիստ ձեզ, նուիրական անուններ, որ այսքան անձնուիրութեամբ եւ քաջութեամբ ձեր սիրած տարաբախտ ժողովուրդի արդար դատը պաշտպանեցիք: Դուք հանգիստ ու խաղաղ կը ննջէք, եթէ համոզուէիք րոպէ մը, որ նոր սերունդը կանգ առնելու չէ ոչ մէկ դժուարութեան առջեւ, մինչեւ չ՛իրականանայ Մեծ Գաղափարը, որուն համար զոհաբերուեցաք»:

www.aztagdaily.com/archives/510877

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail