Արդէն Զզուած Ենք՝ Սպասելով, Թէ Ամէն Ապրիլ 24-ի ԱՄՆ-ն Հայերուն Վերաբերեալ Ինչ Պիտի Ըսէ. Էրտողան

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Արդէն Զզուած Ենք՝ Սպասելով, Թէ Ամէն Ապրիլ 24-ի ԱՄՆ-ն Հայերուն Վերաբերեալ Ինչ Պիտի Ըսէ. Էրտողան

03 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հարցազրոյց տուած է պետական «TRT» հեռուստաընկերութեան: Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ ան անդրադարձած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ Յունիս 14-ին կայանալիք հանդիպման եւ արցախեան հիմնախնդրին: Նշած է, որ Պայտընի հետ հանդիպման ընթացքին պիտի հարցնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու լարուածութեան պատճառը:

Ըստ Էրտողանի՝ Պայտընէն առաջ իրենք աշխատած են թէ՛ դեմոկրատական եւ թէ՛ հանրապետական կուսակցութիւնները ներկայացնող նախագահներու հետ, որոնցմէ ոչ մէկուն օրով 2 երկիրներուն միջեւ նման լարուածութիւն չէ եղած: Պայտընի նախորդողներուն օրով դժուարութիւններ չեն եղած նաեւ հանդիպումներու եւ հեռախօսազրոյցներու կազմակերպման հարցով:

Նշելով, որ երկու երկիրներու լարուածութեան խորացման պատճառը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցն է՝ Էրտողան շեշտած է. «Արդէն զզուած ենք՝ սպասելով, թէ ամէն տարի Ապրիլ 24-ին ԱՄՆ-ն հայերուն վերաբերեալ ինչ պիտի ըսէ: Լաւ, բան ու գործդ վերջացուցած ես ու հայերու փաստաբանութի՞ւնը պիտի ընես: Ձգենք այդ գործը պատմաբանները ընեն: Ասիկա քաղաքական գործիչներու գործը չէ, թող պատմաբանները, իրաւագէտները, մարդաբանները աշխատին, որմէ ետք մեր առջեւ դրուած արդիւնքին վերաբերեալ մենք ալ, իբրեւ քաղաքական գործիչներ, ընենք մեզի վիճակուածը: Սակայն այս պահուն, երբ որեւէ բան դեռ չկայ, կը բռնէք ու հարցը օրակարգ կը բերէք»:

Թուրքիոյ նախագահը, այնուհետեւ անդրադառնալով արցախեան հիմնախնդրին, ըրած է հետեւեալ պնդումները. «Տարիներ շարունակ Մինսկի եռեակը՝ ԱՄՆ-ն, Ռուսիան եւ Ֆրանսան, Հայաստան-Ազրպէյճան խնդիրը չկրցան լուծել: Տարիներ անց, ի վերջոյ, Ազրպէյճանը ինքն իր խնդիրը լուծեց (բառացի՝ ինքն իր պորտը կտրեց): Հիմա այստեղ ընդհանրապէս որեւէ կապ չունեցող Թուրքիան ինչպէ՞ս այդ հարցին մէջ կը դնէք: Եթէ որեւէ բան ունիք ըսելու, որեւէ բան կայ, որ կ՝ուզէք ընել, եկէք, իբրեւ ՆԱԹՕ-ի մէջ ձեր դաշնակից ու գործընկեր, ըսէք՝ այսինչ բանը կ՝ուզենք ընել, այնինչ բանը կ՝ուզենք ընել եւ մենք ալ կը խօսինք: Բայց նման բան չկայ: Մէկ անգամէն կ՝ելես եւ մեր առջեւ կը դնես այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան հարցը եւ ուզածդ որոշումը կ՝ընդունիս: Քեզի նախորդած ԱՄՆ ղեկավարները, ի՞նչ է, քեզի չափ չէի՞ն հասկնար այս գործէն: Անոնցմէ ոչ մէկը այդ արտայայտութիւնը չէ ըրած, մէկ մասը «Մեծ եղեռն» ըսած է, մէկ մասն ալ՝ շատ այլ տարբեր բաներ, բայց ոչ երբեք այդ եզրոյթը»:

Լրագրողի ճշտող հարցին, թէ արդեօք «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրառումը կը բխի այլ պատճառներէ, Էրտողանը պատասխանած է.

«Մենք այդ ամենուն արդէն վարժուած ենք, միշտ նման բաներ կ՝ընեն: Թուրքիան գաճաճ պետութիւն չէ, մենք Թուրքիոյ Հանրապետութիւն ենք: Անոնք, որոնք Թուրքիան այս կերպ նեղը կը դնեն, կը կորսնցնեն կարեւոր բարեկամ»:

yerakouyn.com/2021/06/02/արդէն-զզուած-ենք՝-սպասելով-թէ-ամէն-ապր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail