«Մենք Ռուսիոյ Հետ Նոր Բախում Չենք Փնտռեր, Կ՛ուզենք Կայուն Եւ Կանխատեսելի Յարաբերութիւններ Այնտեղ Ու Այն Հարցերուն Մէջ Ուր Ռուս Գործընկերներու Հետ Կարելի Է Աշխատիլ» Կ՛ըսէ Պայտըն
07 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Միացեալ Նահանգներ չեն ձգտիր տագնապ ստեղծել Ռուսիոյ հետ, ընդհակառակն` հետաքրքրուած են կայուն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններ ունենալ այն ոլորտներուն մէջ, ուր երկիրները կրնան աշխատիլ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ:
«Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ես բաց եւ անկեղծ եղած եմ: Մենք Ռուսիոյ հետ նոր բախում չենք փնտռեր, կ՛ուզենք կայուն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններ այնտեղ ու այն հարցերուն մէջ, որոնց մէջ ռուս գործընկերներու հետ աշխատած ենք, այնպիսի հարցերու մէջ, ինչպիսիք են ռազմավարական կայունութիւնն ու սպառազինութիւններու նկատմամբ հսկողութիւնը: Այդ իսկ պատճառով ես արագ գործեցի` անմիջապէս հինգ տարիով երկարաձգելով «Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու կրճատման եւ սահմանափակման մասին» համաձայնագիրը», գրած է Պայտըն:
Սպիտակ տան ղեկավարին համաձայն, ասիկա փորձութիւն է արեւմտեան երիտասարդ ժողովրդավարութիւններու համար:
«Պիտի կարենա՞ն ժողովրդավարական միաւորումներն ու հաստատութիւնները ապացուցել իրենց կարողութիւնը ժամանակակից սպառնալիքներն ու թշնամիները դիմագրաւելու հարցին մէջ, կը հաւատամ, որ այո: Այս շաբաթ Եւրոպայի մէջ առիթ ունինք ատիկա ապացուցելու», գրած է Պայտըն:
Այս շաբաթ ան Պրիւքսել պիտի այցելէ մասնակցելու ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին:
www.aztagdaily.com/archives/511281