ՕԹԱՆ-ը «Լուրջ Մարտահրաւէր» Կը Տեսնէ Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Միջեւ Համագործակցութեան Խորացման Հարցին Մէջ
07 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ կը նկատէ հետզհետէ աւելի աշխուժ համագործակցութիւն, ինչ որ «լուրջ մարտահրաւէր» կը ներկայացնէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք կը նշենք, որ Ռուսիան եւ Չինաստանը վերջերս աւելի ու աւելի կը համագործակցին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ալ զինուորական ոլորտներուն մէջ», գերմանական «Վելթ ամ Մոննթակ» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Սթոլթենպերկ:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին համաձայն երկու երկիրներու համագործակցութիւնը «նոր հարթութիւն եւ լուրջ մարտահրաւէր» կը ներկայացնէ:
«Երկու երկիրներն ալ միացեալ ռազմափորձեր կը կատարեն, մարտական օդանաւերու հեռահար թռիչքներ եւ ծովային գործողութիւններ, եւ աշխուժօրէն կը կիսեն իրենց փորձառութիւնը զէնքի եւ համացանցի կառավարման ոլորտին մէջ», ըսած է Սթոլթենպերկ:
www.aztagdaily.com/archives/511282